11 մարտին մահացաւ լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ իր նշանակալի դերակատարութիւնը ունեցած Թորոս Սիրանոսեանը, որ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի փառատօներու ու գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու ստեղծման ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկն էր: Ան աւելի քան հինգ տասնամեակ իր կեանքը նուիրեց լիբանանեան արուեստի տարածման եւ զբօսաշրջութեան ծառայութեան:
Սիրանոսեան ճանչցուած էր զանազան տիտղոսներով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներն են «Շրջուն զբօսաշրջութեան նախարար»-ն ու «Արուեստի դեսպան»-ը:
Ան առաջիններէն էր, որ 60-ական եւ 70-ական թուականներուն Լիբանանի մէջ հիմնեց գեղարուեստական փառատօներու կանոնները: Անոր կը պատկանի Պաալպեքի փառատօնէն դուրս, պատմական վայրերու մէջ համերգներ կազմակերպելու գաղափարը, ինչ որ նպաստեց Ճիպէյլի եւ այլ պատմական քաղաքներու ու գիւղերու մէջ արուեստի գործունէութեան թափ առնելուն եւ զանազան փառատօներու կայացման:
Սիրանոսեանի անունը սերտօրէն կապուած էր Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի մեծագոյն աստղերուն հետ, ինչպէս` Ուատիհ Սաֆիին եւ Սապահին, նաեւ բազմաթիւ այլ լիբանանցի եւ արաբ արուեստագէտներու, որոնց ուղեկցած է իրենց ասպարէզի ընթացքին:
Իր մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին Թորոս Սիրանոսեան հիմնեց «Լիբանանցի արուեստագէտի տուն» հաստատութիւնը, որուն նպատակն էր կազմակերպել գեղարուեստական կեանքը եւ սատարել արուեստագէտներուն: Ան այնքան մեծ սէր ու նուիրում ունէր իր գործին հանդէպ, որ ծախեց իր ծնողներէն ժառանգած 18 հողաշերտերը, որպէսզի կարենայ շարունակել փառատօներու եւ համերգներու կազմակերպումը:
Սիրանոսեան իր կազմակերպած համերգները հասցուց նաեւ եւրոպական մայրաքաղաքներ` ծանօթացնելով լիբանանեան եւ արաբական արուեստը տարածաշրջանէն դուրս: Իր կեանքի յուշերն ու արուեստի աստղերուն հետ ունեցած պատմութիւնները ամփոփած է «Յուշեր յիշատակներու մէջ» («Մուզաքարաթ ֆի զիքրայաթ») խորագիրով գիրքին մէջ:
Ան առաջիններէն էր, որ Լիբանանը զետեղեց միջազգային գեղարուեստական հարթակներու վրայ: Իր հիմնած «Էփի քլապ»-ը դարձաւ մշակութային իսկական հանգրուան, ուր ելոյթ ունեցան թէ՛ տեղացի եւ թէ՛ համաշխարհային աստղեր, ինչպէս` Շարլ Ազնաւուր, Ժիլպեր Պեքօ, Տալիպա եւ այլն:
Հակառակ անոր որ գործեց միջազգային եւ արաբական շրջանակներու մէջ, սակայն ան պահեց իր հայկական անունն ու մականունը` իբրեւ հայ ծաւալելով մշակութային աշխուժ գործունէութիւն:
Պարգեւատրուած է Հանրապետութեան օրուան նախագահ Էմիլ Լահուտի կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
«Վանայ ձայն»-էն ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Թորոս Սիրանոսեան հետեւեալ նախադասութեամբ ամփոփեց իր կեանքը. «Քարանթինայի թիթեղածածկ տան մը մէջ ապրող երեխայ մը, որ հասաւ աշխարհի կարեւորագոյն բեմերը»:


