Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկութեան Խաւար Եզրին Առջեւ

March 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Աշխարհը կրկին կը գտնուի մռայլ փուլի մը առջեւ, ուր պատերազմը այլեւս  չի  սահմանափակուիր միայն ռազմաճակատի սահմաններուն մէջ, այլեւ կը թափանցէ` քաղաքներու սիրտը, դպրոցներու պատերէն ներս, հիւանդանոցներու սրահներուն մէջ:

Իրանի եւ Լիբանանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումները   ռազմավարական քայլեր կը ներկայացուին, սակայն իրականութիւնը աւելի դաժան է. անոնք վերածուած են մարդկային ողբերգութիւններու, որոնց զոհը կը դառնան անմեղ քաղաքացիներ:

Անխնայ ռմբակոծումները, յաճախ  կոյր` առանց խտրութեան: Բնակարաններ, դպրոցներ, ենթակառոյցներ կը դառնան թիրախ, երբ մարդիկ հազիւ կը փորձեն միայն գոյատեւել: Իրանի մէջ աղջկանց դպրոց մը հրթիռակոծուեցաւ` խլելով հարիւրաւոր անմեղ կեանքեր: Այդ անչափահասներու նահատակութիւնը ոչ միայն մարդկային կորուստ է, այլեւ` խղճի ահազանգ, որ կարծես այլեւս չի լսուիր միջազգային բեմերէն:

Վայրագութեան միեւնոյն շղթային զոհը կը դառնան նաեւ լրագրողներ, բժիշկներ եւ մարդասիրական ծառայութիւններու կամաւորներ` մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն ուրիշներունը  փրկելու համար: Անոնց դէմ կատարուող յարձակումները կը խախտեն միջազգային օրէնքները, մարդկային բարոյականութեան տարրական սկզբունքները:

Այս բոլորը կը կատարուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անունով: Սակայն այս պատրուակին ետին կը թաքնուի աւելի խոր եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւն մը`  ժողովուրդներու իրաւունքները անտեսելու, երկիրներու բնական հարստութիւնները իւրացնելու եւ աշխարհաքաղաքական շահերու սիրոյն ժողովուրդներ ոտնակոխելու: Ուժը դարձած է որոշիչ գործօն, իսկ իրաւունքը եւ  արդարութիւնը` լռեցուած ձայն:

Որոշումի տէր միջազգային կառոյցներէն կը սպասուէր արդարութեան պաշտպանութիւն:  Դժբախտաբար անոնք կորսնցուցած  են իրենց հեղինակութիւնը: ՄԱԿ-ը եւ նման հաստատութիւններ այլեւս չեն կրնար պարտադրել իրենց խօսքը, երբ «հզօրներ»-ը կը շարունակեն իրենց քաղաքականութիւնը` անտեսելով միջազգային օրէնքը եւ համամարդկային արժէքները:

Աշխարհը հասած է վտանգաւոր փուլի մը եզրին: Բռնութիւնը սկսած է ընկալուիլ իբրեւ սովորական եւ բնական երեւոյթ: Մարդ արարածը, կարծես կը հեռանայ իր մարդեղութենէն` սահելով դէպի գազանութիւն: Այն աստիճան, որ եթէ օր մը համոզուի, թէ կարելի է նաեւ մարդու միս ուտել, կրնայ փորձել անվարան` առանց խղճի խայթի: Այս պատկերացումը, որքան ալ սարսափելի հնչէ, կը բացայայտէ մեր ժամանակներու բարոյական անկումը:

Ինչպէ՞ս ձերբազատիլ այս մթնոլորտէն:  Պարտաւոր ենք սթափիլ եւ վերագնահատել մեր ուղին: Եթէ շարունակենք միեւնոյն ճանապարհը, ուր ուժը կը տիրապետէ իրաւունքին, ուր շահը կը գերադասուի մարդկային կեանքէն, մեր ապագան պիտի դառնայ աւելի մռայլ, քան` ներկան:

Վերջապէս, ալիք մը կը բարձրանայ մեր խղճին մէջ`

ո՞ւր կ՛երթայ մեր աշխարհը:
Եւ աւելի ահաւոր հարցում մը`
տակաւին ժամանակ ունի՞նք զգաստանալու եւ մարդ մնալու:

 

 

 

Նախորդը

Երբ Արեւագալը Կը Հրաւիրէ Հոգեւոր Վերանորոգումի

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.