Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 24 մարտին այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահին կ՛այցելեն այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք նուազագոյնը կարելի է որակել իբրեւ աննախընթաց ու արտակարգ:
«Արտակարգ` իրենց սարսափներով, արհաւիրքներով, դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով: Նման պայմաններու մէջ, տարրական պարտականութիւն է այցելել այս վայրը, որ կը խորհրդանշէ հայրենիքի միասնութիւնը` իր ժողովուրդով, հողով եւ պետական հաստատութիւններով», շեշտեց ան:
Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ բռնկած ու շարունակուող պատերազմներն ու անոնց հանգամանքները, յատկապէս կանգ առնելով Մայրիներու երկրին դէմ շղթայազերծուած սարսափելի յարձակումին վրայ` անդրադառնալով այն տառապանքին, զոր կը կրեն լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ այն սպառնալիքին, որուն տակ կը գտնուին հայրենի հողի թանկագին հատուածները:
«Նաեւ քննարկեցինք տեղահանութեան հարցը եւ տառապանքն ու դժուարութիւնները գաղթական դարձած մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք պարտադրաբար հեռացան իրենց օճախներէն: Լուսարձակի տակ առինք անոնց մղձաւանջը մեղմացնելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերն ու անոնց անհրաժեշտ կարիքներու ապահովումը», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի:
Ան յայտնեց, որ քննարկումներէն զանց չառնուեցան նաեւ լիբանանցիներուն կենցաղային եւ ընկերային այն տագնապները, որոնց ծանրութեան տակ կը գտնուին լիբանանեան հասարակութեան լայն խաւերը:
«Նախագահին վստահեցուցինք, որ ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել մնայուն կապ պահպանելու միջազգային մարմիններուն, ինչպէս նաեւ եղբայրական ու բարեկամ երկիրներուն հետ` նպատակ ունենալով գտնել այս դաժան յարձակումն ու գործադրուող ոճրագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց վերջ տալու երաշխաւորուած միջոցներ», յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:



