Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 85-րդ Լսարան. Բովանդակալից Դասախօսութիւն Խազագրութեան Մասին` Երաժշտագէտ Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեանի Կողմէ

March 20, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 85-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 մարտ 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսն էր Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան, նիւթ ունենալով`  «Նախնիք եւ խազերը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը նիւթը սկսաւ երաժշտութեան մասին հայ երաժշտագիտութեան մէջ ամէնէն հեղինակաւոր անուններէն Եղիա Տնտեսեանի բնութագրումները ներկայացնելով:

Ապա, խազերու օգտագործման պատճառականութեան ծալքերուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ, եկեղեցական երգերու տեսակներ` խազագրուած ձեւով մեզի հասած, ծիսական մատեաններու, սուրբ պատարագի սրբասացութիւններու, հնագոյն թուակիր շարակնոցներու, ճաշոցներու, մաշտոցներու, ներկայիս չգործածուող շարականներու, տաղերու, անվերծանելի բաժիններու հետ խազագրութիւններու առնչութիւնները հետաքրքրական եւ փաստացի տուեալներով ներկայացուեցան լսարանի մասնակիցներուն: Այս տեղեկութիւններու հիման վրայ վերլուծական հայեացքով կը յատկանշուէր դասախօսութիւնը, որ հետաքրքրութեան մեծ ալիք բարձրացուց լսարանականներուն մօտ:

Մասնագիտական բծախնդրութեամբ,  յայտնաբերումներով յագեցած եւ այս ոլորտին մէջ ահագին նորութիւն բերող աշխատասիրութիւններու եզրակացութիւններուն իրազեկ դարձնելով` փրոֆ. Իւթիւճեան, ինչպէս «Ազդակ»-ի իր դասախօսած նախորդ լսարաններուն, իւրայատուկ պահ ստեղծեց հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մէջ խազերու ներկայացուցած համապատկերին մասին տուած տուեալներով:

Ինքնուրոյն եւ բարձրորակ դասախօսութեան հետեւեցան հարցումները, որոնց բացառիկ հմտութեամբ պատասխանեց դասախօսը:

Խազագրութեան մասին այս եզակի դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=Aab1Sce29YE&t=4s

 

 

Նախորդը

Մաքրոն Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (20 Մարտ 2026)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.