. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի Ռիատի մէջ իրեն հետ կողմնակի զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուցած է, թէ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ սուրիական ուժերու տեղակայումը բացառապէս սուրիական սահմաններու պաշտպանութեան եւ ապահովական որեւէ խախտումի կամ մաքսանենգման դէմ դնելու համար է` շեշտելով, որ Սուրիան մտադիր չէ Լիբանան մուտք գործել կամ որեւէ ձեւով միջամտել անոր ներքին գործերուն:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պաշտօնական հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Ներքին կացութիւնը նուրբ է, սակայն հակակշիռի եւ վերահսկողութեան տակ է, հակառակ այն իրողութեան, որ ներկայ փուլին բանակէն պահանջուածը շատ է, մասնաւորաբար ներքին ճակատի վրայ` նկատի ունենալով ոմանց բոլոր պատասխանատուութիւնները անոր ուսերուն բեռցնելու ընթացքը»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Համաներման օրէնքի քննարկումը այսօր աւելի անհրաժեշտ է, քան երբեւէ, յատկապէս այն պատճառով, որ կան բազմաթիւ կալանաւորուածներ, որոնք չեն դատապարտուած, հակառակ երկար տարիներ բանտի մէջ մնալնուն»:
. ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Նեհմաթ Մահֆուտ «Անպա» օրաթերթին. «Հեռակայ ուսուցումը ոչինչէն լաւ է, իսկ պետական քննութիւններու ճակատագիրը կախեալ է զարգացումներէն»:
. ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարը «Տիար» օրաթերթին. «Ներածման ու արտածման մակարդակներու վրայ բազմաթիւ քայլեր կ՛որդեգրենք եւ աշխատանք կը տանինք դիւրացնելու ներածումը այն արտադրութիւններուն, որոնց պակասը կայ, եւ որոնց արտադրութիւնը տակաւին քիչ է, ինչպէս կանաչեղէնի պարագային»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզիններու գիները բարձրացան 73000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.289.000 լ.ո.-ի եւ 2.330.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 71000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.122.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 58000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.803.000-ով լ.ո.-ի:


