Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուած Տակաւին Կու Լայ…

March 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Անցնող շաբաթ աշակերտներուս կը բացատրէի Ղազարոսի յարութեան հրաշալի հատուածը, որ արձանագրուած է Յովհաննու Աւետարանին մէջ: Երբ հասայ դէպքին այն հատուածին, ուր աւետարանիչը կը նկարագրէ, թէ  Յիսուս ինչպէ՛ս իր բարեկամին` Ղազարոսին գերեզմանին առջեւ կը կենայ եւ կու լայ, ինքզինքս գտայ նոյն դէպքին վայրին մէջ: Աստուա՞ծ ալ կու լայ: Եթէ ոեւէ անծանօթին դէմքին արցունք տեսնես, սիրտդ կը ճմլուի, ուրեմն որքա՞ն աւելի սաստկօրէն պիտի ճմլուի սիրտդ, երբ այդ արցունքը կը հոսի քեզ Ստեղծողին աչքերէն…

Պահը քարացաւ առջեւս: Պատկերացուցի, որ Յիսուս տակաւին արցունքոտ աչքերով եւ հոգին խռոված` կը նայի այս աշխարհին, ուր իր իսկ գլորած քարը մարդը բերած էր ու անով փակած էր իր եւ Աստուծոյ միջեւ գտնուող տարածքը: Ուժ, իշխանութիւն եւ նիւթ գտած մարդը ինքզինք անջատած է Քրիստոսի լոյսէն` այսպիսով զրկելով ամբողջ մարդկութիւնը այդ շնորհքէն: Նոյն այդ մահուան քարին տակ բի՜ւր հոգիներ ճզմած է… շատ յաճախ` նոյն ինքն Աստուծոյ անունով…

Կը խռովիմ, կը նեղանամ եւ կ՛ըսեմ. ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենան այս չարիքները… Մինչեւ ե՞րբ…

Ազատութեան շնորհքով ստեղծուած մարդուն անարդար գործերուն պատճառը Աստուած չէ: Այս զարգացած եւ հանդուրժողականութիւն քարոզող աշխարհին սարքած պատերազմներուն պատճառն ու հաշուետուն Աստուած չէ: Աստուած սիրոյ մեծագոյն շնորհքը փոխանցելու համար մարդուն, ինքն իր Որդին` Քրիստոսը, իբրեւ օրինակ զոհեց, որպէսզի մարդը թէ՛ այդ զոհողութեան մէջ նոր կեանք գտնէ եւ թէ՛ սորվի նոյն սիրով իր նմանը սիրել: Որքա՜ն սուղ արեան գին վճարուեցաւ, որպէսզի մարդը իր կեանքը իշխանատիրութենէն եւ նիւթապաշտութենէն անդին` աստուածային հարստութեան մէջ գտնէ ինքզինք… բայց ափսո՜ս…  մարդը գիտութեամբ կը յառաջանայ, բայց մարդկութենէ կը հրաժարի… Կը յամենայ փակուիլ մահուան ու չարիքին գերեզմանին մէջ:

Տարիներէ ի վեր մեր գեղեցիկ Լիբանան աշխարհը իր վէրքերը դարմանելու առիթ չէ ունեցած: Մայրիներով օրհնուած, վանքերով զարդարուած եւ սուրբերով մեծարուած այս երկիրը տառապանքի վէրքերով լեցուն` Գողգոթայի անվերջ ճանապարհի մը վերածուած է: Տարօրինակ կերպով, այս ճանապարհին վրայ գտնուող լիբանանցիները հեռուն երեւցող յարութեան լոյսին հանդէպ իրենց հաւատքը չեն կորսնցուցած. ա՛յն յարութեան լոյսը, որ պարզապէս ակնթարթային հրաշքով չէ, որ տրուեցաւ մարդուն: Քրիստոս թէ՛ կարեկցանքի արցունք եւ թէ՛ սիրոյ արիւն թափեց` ինք եւս մարդուն չարիքին հետեւանքը կրելով խաչին վրայ: Այդ սիրոյն մէջն է, որ տակաւին ուժ կը գտնենք, որովհետեւ նոյն տառապալից խաչին վրայ է, որ մահն ու չարիքը պարտուեցան: Այդ հաւատքն է, որ տակաւին կը շարունակէ գօտեպնդել մարդը, որպէսզի ան սպասէ այն յուսալից պահուն, երբ պիտի լսէ հրաշագործ կանչը` «Ղազարոս, դո՛ւրս եկուր»:

Տակաւին դասարանն եմ: Աշակերտները կ՛ունկնդրեն բացատրութիւնս, իսկ ես մտքով Ղազարոսի գերեզմանին առջեւն եմ: Ղազարոսին գերեզմանի քարը մեծ է, սակայն ուշադրութիւնս տակաւին կը գրաւէ Քրիստոսի փոքր, սակայն խորունկ արցունքի կաթիլը: Կանչին ձայնով, անոր խօսքով ու պատուէրով` ուժ, մխիթարութիւն եւ սէր կը գտնեմ… Եւ հարազատօրէն ականջներուս մէջ կը հնչեն Եղիշէ պատրիարք Դուրեանին բանաստեղծական բառերը`

«Ո՜հ, միթէ կրնա՞մ գալ Քու ետեւէդ
Երբ խաչը ուսիդ կ՛ելլես Գողգոթա.
Բայց ի՞նչ սերտ հրապոյր, ի՜նչ բուռն ուժ է դա`
Որ զիս մինչեւ հոն կը տանի Քեզ հետ»:

Միթէ կրնա՞մ… Հաւանաբար մարդկայնօրէն ուժերս սահմանափակ են, համբերութիւնս դիւրաբեկ, սակայն այդ սէրն ու հրապոյրն են, որ ուժ ու յոյս կը ստեղծեն այս տառապալից, անարդար եւ անխիղճ աշխարհին մէջ: Այդ սէրն է, որ հաւատք կ՛առթէ` վստահեցնելով, որ «հաւատացողը, թէպետեւ մեռնի, պիտի ապրի, իսկ ան, որ ողջ է… երբեք պիտի չմեռնի» (Յվհ. 11.25-26): Այդ սէրն է, որ մահուան գոյութիւնը կը մերժէ եւ կառչած կը մնայ յարութեան ճշմարտութեան: Այդ սէրն է, որ արդարութեան եւ կեանքին համար պայքարելու ուժ կու տայ: Այդ սէրն է, որուն համար ամէն տեսակի զոհողութիւն կ՛արժէ…

Կը սպասեմ Ս. Յարութեան լոյսին եւ խաղաղութեան…

 

 

Նախորդը

Ժիրայր Աշճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Կեանք-Պարգեւը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.