Չորեքշաբթի, 4 մարտ 2026-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց բնակարանային վարկերու դրամատան տնօրէն Անթուան Հապիպ` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի:
Հապիպ կաթողիկոսին բացատրեց, թէ իր ղեկավարած ֆինանսական կառոյցին նպատակն է հողի կամ բնակարանի գնման համար մինչեւ 100.000 ամերիկեան տոլարի փոխատուութիւն կատարել` միաժամանակ պարզելով անոր պայմանները: Ան յայտնեց, որ բոլոր համայնքներու հոգեւոր պետերուն այցելած է, որպէսզի առանց խտրութեան` բոլոր լիբանանցիները օգտուին այս առիթէն:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Ա. Հապիպի եւ անոր գլխաւորած տնտեսական կառոյցին պատրաստակամութեան` օժանդակելու լիբանանահպատակ ընտանիքներուն բնակարան ունենալու միջոցներու դիւրացման, յատկապէս` տնտեսական տագնապի ներկայ ժամանակներուն:
Որոշուեցաւ, որ հայ մամուլի եւ տեղեկատուական ցանցերու ճամբով տեղեակ պահել մեր համայնքի զաւակները, որպէսզի անոնք, որոնք հետաքրքրուած են ներկայ առիթէն օգտուելու, կարելի ըլլայ առցանց դիմելու հետեւեալ հասցէին` դարձեալ առցանց ստանալու անհրաժեշտ տեղեկութիւնները` www.banque-habitat.com.lb:


