Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

March 7, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ վերջին օրերու դիւանագիտական ու քաղաքական միջամտութեան սերտ ճիգերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանի հարաւային թէ մայրաքաղաքի մերձակայ շրջանները` ահ ու սարսափի մատնելով խնդրոյ առարկայ թիրախաւորուող շրջաններու բնակիչները, որոնց շարքին արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ` ահաւոր աւերի եւ նիւթական հսկայական կորուստներու կողքին: Փաստօրէն Իսրայէլ լծուած է յաճախակի թիրախաւորումի ենթարկել իր վարկածով «կասկածելի» շրջաններ, մերթ նախօրօք զգուշացնելով բնակիչները, մերթ անակնկալօրէն հարուածելով բնակելի շէնքեր` տակաւին յամառօրէն իրենց բնակարաններուն կառչած քաղաքացիները մղելով փութալու մեկնիլ ապահով վայրեր:

Այս ծիրին մէջ երէկ դարձեալ շարունակուեցաւ իրենց իսկ հայրենիքին մէջ տեղահանուելու ճակատագիրին ենթարկուող քաղաքացիներու կամքէ անկախ տեղահանումն ու գաղթը դէպի Պէյրութի արեւելեան աւաններու, Թրիփոլիի  եւ հիւսիսի` մինչեւ Սուրիոյ ուղղութեամբ: Այս մասին իր նորագոյն յայտարարութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ նշեց, որ վերջին օրերուն Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն եւ հարաւային Լիբանանէն դէպի Պէյրութի արեւելեան կողմերը փութացող տեղահանուածներու թիւը հասած է հարիւր հազարի: Իսկ շարունակուող յարձակումներու եւ անոնց հետեւանքով արձանագրուող զոհերու թիւի լոյսին տակ կը թուի, թէ գաղթականական հսկայ հոսանք մը պիտի ծաւալի նոյն թափով ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան մտահոգիչ իրավիճակ (չըսելու համար կատարուած իրողութիւն)  ստեղծելով:

Կացութեան բարելաւման գծով այս անյոյս մտապատկերը կը պարզուի այն իրողութեանց լոյսին տակ, թէ Իսրայէլ անդրդուելի կը մնայ իրեն դիմող միջամտութեան բոլոր փորձերուն դիմաց` պահանջելով «նախ Հըզպալլայի զինաթափումը»: Սակայն հարցը այն է, որ Իսրայէլի նպատակը սոսկ Հըզպալլայի զինաթափումը չէ, այլ` անկէ անդին ամբողջ Լիբանանի գրաւումը, այս վերջինի անկարելիութեան պարագային` Լիբանանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը:

Իրերու այս դրութեան մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ շարունակեց իր դիւանագիտական թէ քաղաքական շփումները, որոնք երեկոյեան գլխաւորուեցան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, որուն ընթացքին արժեւորումը կատարուեցաւ ցարդ արձանագրուած զոհերու, աւերներու թէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու նորագոյն հետեւանքներուն: Այս առիթով երկու նախագահները դատապարտեցին Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու ռմբակոծումը` պահանջելով անյապաղ խաղաղ քայլերու դիմել կացութեան լուծման առաջադրանքով:

Իր կարգին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ կէսօրէ առաջ ընդհանուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ արաբ թէ եւրոպացի եւ այլ դեսպաններու հետ` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու: Վարչապետի այս հրաւէրին ընդառաջած էին աւելի քան յիսուն դեսպաններ, որոնք մեծամասնութեամբ զօրավիգ կանգնեցան Լիբանանի գերիշխանութեան ամրագրման ճիգերուն: Վարչապետ Սալամ ներկայ դեսպաններուն ուղղելով իր խօսքը կոչ ուղղեց անյապաղ խաղաղարար միջնորդութեան քայլերու դիմելու եւ ըստ կարելւոյն իրենց պետութիւններու դիւանագիտական խողովակներով ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի յարձակողապաշտութեան կասեցման համար: Այս առիթով նախարար Սէյիտ ներկայ դեսպաններուն պարզեց երկրի մարդագրական իրավիճակը յատկապէս տեղահանուածներու կարիքաւոր պայմաններու լոյսին տակ` թելադրելով, որ բարեկամ պետութիւններ չզլանան իրենց օժանդակութիւնը Լիբանանին այս պատերազմական կացութեան մէջ:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի շարունակեց վերջին օրերու իր դիւանագիտական շփումները յատկապէս արաբական ու Ծոցի երկիրներու դեսպաններուն հետ` թախանձագին խնդրելով, որ ճիգ չխնայեն դադրեցնելու համար Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմական գործողութիւնները:

 

Նախորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Վրաստան Կրնայ Օգուտ Քաղել Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղուըթենէն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.