Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանեան Ոգին` Վեհափառին Շունչով

March 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց

Աշխարհի վրայ կայ միայն մէկ կրթական հիմնարկ, ուր կաթողիկոսը` իբրեւ ուսուցիչ, կը դասաւանդէ աշակերտներուն: Այդ կրթական հիմնարկը դպրեվանքն է: Այսպէս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր չորեքշաբթի կը բարձրանայ Պիքֆայա, աւարտական դասարանին` Դ. Ընծայարանին, տեսական եւ հովուական աստուածաբանութիւն դասաւանդելու: Այս պատկերը ինքնին խօսուն վկայութիւն է դպրեվանեան ոգիին կենսաւորումին եւ երկար տարիներու վրայ սերունդներուն մէջ անոր անաղարտ պահպանումին:

Երբ դպրեվանքի սաները հասնին աւարտական դասարան, արդէն իսկ կը սկսին «տագնապիլ», թէ վեհափառին հետ դասաւանդութիւնը ինչպէ՛ս պիտի ընթանայ, ինչպէ՛ս պիտի կարենան նստիլ, կարդալ, հարցում ուղղել կամ պատասխանել, ինչպէ՛ս պիտի պատրաստեն դասերը եւ այլն: Այս «տագնապին» լոյսին տակ ընթերցողը կրնայ պատկերացնել աւարտական դասարանի ուսանողներուն վիճակը` առաջին դասապահուն… բառերը կը ծամծմուին, թոքերը կը ճնշուին, ձեռքերը կը դողան… Քանի մը դասապահ ետք սարկաւագները արդէն իսկ կը հասկնան, թէ ինչպիսի՛ հաճելի եւ հետաքրքրական դասապահ մըն է վեհափառին հետ իրենց կատարած աշխատանքը: Ի՜նչ օրինակներ, պատմութիւններ եւ յիշատակներ ձիւնագնդակի պէս կը գլորին դասաւանդման ժամանակ: Վեհափառը` առանց անուններ տալու, եկեղեցականներու կեանքէն օրինակներ կը բերէ, որպէսզի եկեղեցականութեան պատրաստուող ուսանողը սորվի, թէ ի՛նչը ընդունելի է, եւ ի՛նչը` ոչ: Սակայն բոլոր պարագաներուն ալ չենք գիտնար, թէ տուեալ օրինակները որո՛նց մասին էին…

Կաթողիկոսի մը համար իսկապէս մեծ զոհողութիւն է բազմազբաղ առօրեայ մը մէկ կողմ դնել եւ Պիքֆայա բարձրանալով` ժամանակը դասաւանդումի տրամադրել: Արամ վեհափառը, սակայն, չի սիրեր մէկ դասապահ իսկ կորսնցնել եւ, ըստ կարիքի, նաեւ յաւելեալ օրերու դասաւորում կը կատարուի, որպէսզի դասաւանդման ծրագիրը կէս չմնայ: Աւելի՛ն. նորին սրբութիւնը կրնայ անակնկալ այցելութիւն տալ դպրեվանք եւ աշակերտները կանչել դասի… Այդ պատճառով սարկաւագը դասի պատրաստութեան մէջ միշտ հետեւողական աշխատանք կը տանի, որպէսզի անպատրաստ չներկայանայ վեհափառին առջեւ:

Աստուածաբանութեան դասընթացքի այս պահուն ուսանողը կը հասկնայ եւ խորապէս կ՛ըմբռնէ հայ եկեղեցականի ինքնութիւնն ու կոչումը: Կը հասկնայ անթիլիասական կերպարին իւրայատկութիւնը եւ անոր մտքի հորիզոնին վրայ կը գծուին իր ծառայութեան տեսիլքները: Կը հասկնայ, թէ վեհափառ մը ի՛նչ սպասումներ ունի դպրեվանքը աւարտողներէն կամ եկեղեցական դառնալիք նուիրեալներէն:

Վեհափառին այս անմիջական եւ ուղղակի ազդեցութիւնը բոլորովին տարբեր է աշակերտին վրայ: Հանգամանքը, փորձառութիւնը, հեղինակութիւնն ու շեշտաւորումը իւրայատուկ են: Այս դասապահը երեւոյթ մըն է,  որուն մասին շրջանաւարտ միաբաններ, քահանաներ կամ աշխարհական ծառայողներ երկար տարիներ կը խօսին, կը պատմեն  տպաւորիչ պատմութիւնները, խօսքերը, մատնանշումներն ու զրոյցները: Այլ խօսքով, երկար ժամանակի վրայ վեհափառին կողմէ աւանդուող դասերը իրենց հետքը կը ձգեն ուսանողներուն վրայ: Եւ եթէ մէկը հարցնէ` ի՞նչ է դպրեվանեան ոգին, բնականաբար անկարելի է  չանդրադառնալ այն կարեւոր բաժինին, որ ուղղակիօրէն վեհափառին շունչով կը կերտուի: Ի վերջոյ այդ ոգին է, որ ապագայ ղեկավարին նկարագիրը պիտի կերտէ, այն ոգին, որուն պակասն ու կարօտը ամէն տեղ զգալի է:

 

Նախորդը

Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Շնորհակալական Խօսք

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.