Մարտ ամսուան կիսուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտի գումարէ սփիւռքեան օրակարգով խորհրդաժողով մը: Անիկա ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի շարքերուն համար կազմակերպուած, ներքին, աշխատանքային խորհրդաժողով մըն է` սփիւռքի ներկայ իրավիճակը եւ անոր ապագայ ուղղութիւնը խորքային մօտեցումով քննելու համար: Համապատասխան մասնագէտներ եւ փորձառու համայնքային գործիչներ եւս պիտի հրաւիրուին` քննարկումներուն խորքը եւ բովանդակութիւնը հարստացնելու նպատակով:
Մասնակցողները պիտի անդրադառնան արեւմտեան սփիւռքի դիմագրաւած քաղաքական, կազմակերպական եւ համայնքային մարտահրաւէրներուն: Խորհրդաժողովին նպատակը ո՛չ հանդիսութիւն մը բեմադրելն է, կամ` կարգախօսներ արտադրելը, ոչ ալ հրապարակային յայտարարութիւններ տարածելը. անոր նպատակը խթանելն է լուրջ եւ բովանդակային քննարկում մը, որ թերեւս շարք մը բարդ հարցերու յստակացումներ կը ներկայացնէ: Այլ խօսքով` ասիկա դիտումնաւոր եւ կեդրոնացած զրոյց մըն է, փո՛րձ մը` կանգ առնելու եւ հաւաքաբար հիմնական հարցադրումներ կատարելու ներկայ սփիւռքի դերին, ուղղութեան եւ պատասխանատուութիւններուն մասին` ներկայ աշխարհի ընդհանուր պատկերին, պարունակին եւ պայմաններուն մէջ:
Ոմանք իրաւամբ կրնան հարցնել, թէ ինչո՛ւ սփիւռքին ուշադրութիւն դարձնել այն ժամանակ, երբ Հայաստան քաղաքական եւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Պատասխանը այն չէ, թէ Հայաստան նուազ կարեւոր է, ոչ ալ` թէ սփիւռքը աւելի կարեւոր է: Պատասխանը այն է, որ մենք մէկ ազգ ենք, որուն ուժը կախուած է թէ՛ իր պետութեան, թէ՛ աշխարհասփիւռ համայնքներուն ներդաշնակ եւ փոխլրացնող ներկայութենէն, եւ որուն նպատակը Հայաստան-սփիւռք փոխլրացումն ու համազգային ընդհանուր կարողութիւնը ամրապնդելն է:
Հայաստան եւ սփիւռք առանձին իրականութիւններ չեն: Անոնք մէկ ազգային կեանքի իրար միացած հատուածներն են: Եթէ մէկը տկարանայ, միւսը ինքնաբերաբար կը զգայ այդ տկարութիւնը:
Վերջին տասնամեակներուն, մինչ մեր առաջնահերթութիւնները ընդհանրապէս առաւելաբար պետականաշինութեան վրայ կեդրոնացան, առաւել քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ հեռացան նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութենէն` կազմաւորելով նոր անդրսահմանային համայնքներ: Համաշխարհայնացումը արագացաւ. պատերազմները աւելիով նօսրացուցին մեր պատմական Միջին Արեւելքի կեդրոնները. արհեստագիտութիւնը վերաձեւաւորեց մարդկային հանրութիւնները` աննախադէպ արագութեամբ: Սփիւռքը ժամանակին մէջ սառած չմնաց, անիկա յարմարեցաւ նոր սերունդներու քաղաքական, ընկերային-տնտեսական իրողութիւններուն:
Այսօր սփիւռքը նոյնը չէ, ինչ որ էր երեսուն կամ յիսուն տարիներ առաջ էր: Տեղաշարժի հոսքերը եւ օրինաչափութիւնները փոխուած են: Հայերէնը երիտասարդ սերունդներուն կողմէ այլ կերպով կ՛ընկալուի եւ կը զգացուի: Այսօրուան սերունդները հասակ կ՛առնեն բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայկական ինքնութիւնը աւելի բարդ է: Քաղաքական մասնակցութեան մակարդակը համայնքէ համայնք մեծապէս կը տարբերի:
Նոյն ատեն մեր շարք մը սովորութիւններն ու կառոյցները այլ ժամանակաշրջաններու մէջ ձեւաւորուած են: Շարունակականութիւնը իր արժէքը ունի, բայց եթէ անկեղծօրէն չվերարժեւորենք մենք մեզ` շարունակականութիւնը կրնայ կամաց-կամաց վերածուիլ լճացման:
Ինչո՞ւ Լոս Անճելըս
Որովհետեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը սփիւռքի մէջ` Ռուսիայէն բացի, ամէնէն մեծերէն մէկն է, եթէ ոչ` ամէնէն մեծը: Անիկա ունի թիւ, բազմազանութիւն, հաստատութիւններ եւ մարդկային ներուժ ու կշիռք: Այդ կշիռքը պատասխանատուութիւն կը պարտադրէ: Այսքան ներկայութիւն ունեցող համայնք մը չի կրնար կրաւորական մնալ կամ միայն արձագանգողի դերին մէջ ըլլալ: Անիկա պէտք է իր յստակ դերակատարութիւնը ճշդէ եւ որոշէ, թէ ինչպիսի օրինակ մը կը ձեւաւորէ:
Խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ այն հարցերը, որոնց մասին շատեր անձնական մակարդակի վրայ կը խօսին, բայց հազուադէպօրէն կազմակերպուած եւ համակարգուած ձեւով կը քննեն:
Ի՞նչ է հայ սփիւռքի դերը 21-րդ դարուն` մասնաւորաբար 2020-ի եւ 2023-ի ողբալի իրադարձութիւններէն ետք: Ինչպէ՞ս պէտք է գործնական իմաստով ըմբռնենք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Ի՞նչ կը նշանակէ ազգաշինութիւն` անդրսահմանային իրականութեան մէջ: Ինչպէ՞ս կրնանք սերունդներու միջեւ իմաստալից շարունակականութիւն ապահովել:
Երկու օր տեւող ոչ մէկ խորհրդաժողով կրնայ այս հարցերը լուծելու կարողութիւնը ունենալ: Մենք հակառակը չենք խոստանար: Բայց այս հարցերը շրջանցելը զանոնք չի վերացներ:
ՀՅԴ-ն կը հաւատայ, որ քաղաքական պատասխանատուութիւնը ինքնախորհրդածութիւն կը պահանջէ: Եթէ կ՛ուզենք, որ հայոց ազգային նախագիծը մնայ լուրջ եւ այժմէական, պէտք է պատրաստ ըլլանք մենք մեզ անկեղծօրէն քննելու: Եւ անիկա կը ներառէ նաեւ սփիւռքը:
Սփիւռքը չի փոխարիներ հայկական պետութիւնը, անիկա գոյութիւն չունի միայն անոր նիւթապէս կամ բարոյապէս աջակցելու համար: Սփիւռքը ինքնին քաղաքական եւ քաղաքացիական իրականութիւն է: Նոյն ատեն, անիկա մէկ ազգային ամբողջութեան մաս կը կազմէ (Հայկական աշխարհ):
Այս խորհրդաժողովը սկիզբ մըն է: Անոր յաջողութիւնը պիտի չգնահատուի յայտարարութիւններով կամ վերնագիրներով: Անիկա պիտի գնահատուի հետեւեալ հարցադրումին պատասխանելով` արդեօք անիկա մեր ներկայ դրութեան մասին աւելի յստակ մտածողութեան եւ աւելի իրատես ըմբռնումի մը պիտի առաջնորդէ՞:
Մենք կը յուսանք, որ մասնակցողները խորհրդաժողովէն ետք եւս պիտի շարունակեն այս քննարկումը: Ոմանք կրնան հրապարակային գրութիւններով խորհրդածել արծարծուած միտքերուն շուրջ: Ասիկա ինքնին իմաստալից յառաջդիմութիւն մը պիտի ըլլայ:
Հաւանական է նաեւ, որ որոշ ոլորտներու շուրջ կազմաւորուին աւելի փոքր աշխատանքային խմբակներ` համախմբելով կրթութեան, քաղաքական ջատագովութեան (advocacy), քարոզչութեան, երիտասարդութեան ներգրաւման կամ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու փորձառութիւն ունեցողներ: Եթէ այդպէս ըլլայ, անոնց պարտականութիւնը շքեղ յայտարարութիւններ խմբագրելը պիտի չըլլայ, այլ` ուրուագծումը իրականութեան վրայ հիմնուած գործնական ճամբու քարտէսներու:
Այս փուլին մենք կը զգուշանանք մեծ խոստումներ տալէ: Մեծ նպատակադրումներ դնելէ առաջ պէտք է նախ մեր վիճակին սթափ գնահատականը տալ: Հայ ազգային փորձառութիւնը վերջին 150 տարիներուն ընթացքին փոթորկալից եւ վերափոխիչ եղած է: Մենք միաժամանակ պատմութիւն, խոց, պետականութիւն, կորուստ, վերածնունդ եւ անորոշութիւն կը կրենք:
Նախքան յաջորդ փուլը ծրագրելը, պէտք է անկեղծօրէն հասկնանք, թէ ո՛ւր կը գտնուինք:
Այս ոգիով է, որ այս խորհրդաժողովը կը գումարուի:
ՀՅԴ «ՍՓԻՒՌՔ» ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ




