2020 թուականին հիմնուած Փարիզի Արեւելքի քրիստոնեաներու հիմնարկը (Institut chrétiens d’Orient) արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ անոնց միջավայրին վերաբերող գիտելիքներու հաղորդման կեդրոն է` ուսուցման, հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու, հրատարակութիւններու եւ տեղեկատուութեան միջոցով:
Միեւնոյն ժամանակ հիմնարկը կը ձգտի համալսարանական գիտելիքը մատչելի դարձնել քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, դիւանագիտական կամ եկեղեցական ոլորտներուն մէջ որոշում կայացնողներուն` նպաստելով երկխօսութեան, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ խաղաղութեան մշակոյթին:
Հիմնարկը բազմամասնագիտական մօտեցումով արեւելքի քրիստոնեաներու հարցը կը քննէ տարբեր դիտանկիւններէ` աստուածաբանութիւնէն մինչեւ պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, ժառանգութիւն, հոգեւորութիւն, սրբազան երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն եւ աշխարհաքաղաքականութիւն:
Իր առաքելութեան բնական շարունակութիւնը հանդիսացող այս նախաձեռնութեամբ, հիմնարկը կը ներկայացնէ հայերէնով «Բազմազան արեւելքներ» (Orients pluriels) փոտքասթը, որ կը դառնայ նոր հարթակ մը` գիտելիքի հաղորդման, մտորումի եւ երկխօսութեան համար: Զրոյցները կը վարէ Տիգրան Եկաւեան` հետազօտող եւ այս հիմնարկին աշխարհաքաղաքականութեան ամպիոնի պատասխանատու:
Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը միտի հասնիլ աւելի լայն լսարանի` թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ Հայաստանի հայ հասարակութեան մէջ, մանաւանդ անոնց, որոնք հետաքրքրուած են փոխանցման, մշակոյթի եւ հոգեւոր հարցերով` արագ փոխուող ու մարտահրաւէրներով լի աշխարհին մէջ:
«Բազմազան արեւելքներ» խորագիրով փոտքասթը ամիսը երկու անգամ պիտի ներկայացնէ խորքային զրոյցներ` հայ սփիւռքի ծանօթ եւ երբեմն ալ նուազ ծանօթ դէմքերու հետ: Անոնք իրենց վկայութեամբ, ապրած փորձառութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կը բանան մտորումի նոր հորիզոններ` հարստացնելով մեր հաւաքական մտածողութիւնը եւ ինքնաճանաչումը:
Առ այսօր ձայնագրուած են 5 փոտքասթներ.
1) Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան կը խօսի սփիւռքի ընթացքին, կրթութեան ու մշակութային փոխանցման խնդիրներուն մասին:
2) Պարոյր Ծ. վրդ. Շէրնեզեան կը քննարկէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը սփիւռքեան իրականութեան մէջ եւ անոր առաքելութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ:
3) Յովհաննէս Գէորգեան կ՛անդրադառնայ Արցախի հարցին այժմէական նշանակութեան եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուածութեան թեմային:
4) Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կը ներկայացնէ արժանթինահայ համայնքի իրավիճակն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
5) Զաւէն Եկաւեան կը խօսի հայագիտութեան անցեալին եւ արդի մարտահրաւէրներուն մասին` կիսելով իր երկարամեայ փորձառութիւնը այս ոլորտին մէջ:
Փոտքասթները ունկնդրելու համար, այցելեցէ՛ք հետեւեալ կայքէջը. https://shows.acast.com/orientsplurielsarmenian


