Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ազրպէյճանի Հայատեաց Քաղաքականութիւնը Եւ «Խաղաղութեան» Գործիքաւորումը

March 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը Արցախի հարցին շուրջ կարելի չէ ընկալել իբրեւ ներկայ պահու զարգացումներէն թելադրուած վարքագիծ: Հետեւողական եւ տասնամեակներու վրայ կառուցուած ռազմավարութիւն մըն է, որուն հիմքը կը կազմէ հայատեացութիւնը` որպէս պետական գաղափարախօսութիւն, եւ անոր զուգահեռ` միջազգային հանրութեան ուղղուած «խաղաղասիրական» կեղծ դիմագիծի մը ամրապնդումը:

Վերջին տարիներուն Պաքուի բռնապետին կողմէ համակարգուած քաղաքականութիւնը թեւակոխած է նոր փուլ մը, ուր ռազմական յաղթանակը կը փորձուի հաստատել քաղաքական վերջնագիրով ու պատմական իրականութեան այլափոխումով:

Հետեւողականօրէն հետապնդուող այս զեղծարարութեան մէջ պատահական չէ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման որոշումը: Մինսքի խմբակը իր բոլոր սահմանափակումներով կը խորհրդանշէր այն իրողութիւնը, որ Արցախի հարցը լուծուած չէ, եւ որ` ան կը վերաբերի ժողովուրդի մը իրաւունքներուն, որ տարածքի մը պատկանելիութենէն անդին` կը հետապնդէր արցախահայութեան հազարամեայ լինելութեան իրաւունքի վերահաստատումը: Միջազգային ատեանի չեղարկումը կը նշանակէ միջնորդութեան վերջ, նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ հակամարտութեան պատմական վերաշարադրում` ուժի ապահոված արդիւնքը իբրեւ իրաւական փաստ ընդունիլ տալու փորձ:

Ազրպէյճանի մէջ կայացած կեղծ դատավարութիւնները եւ անցեալ շաբաթ անոնց հրապարակուած դատավճիռները պէտք է դիտարկել այս խորապատկերին մէջ եւս: Անոնք չեն կրնար ընկալուիլ իբրեւ իրաւական գործընթացներ, այլ` որպէս քաղաքական գործիքներ, որոնց նպատակը մէկ է` վերաձեւել Արցախի հակամարտութեան բնոյթը: Ինքնորոշման իրաւունքի վրայ հիմնուած ժողովուրդի պայքարը կը վերածուի «անջատողականութեան», բանակցային գործընթացով ընդունուած քաղաքական ենթական կը դատուի որպէս «յանցագործ խմբակ», իսկ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած միջազգային միջնորդութիւնը կ՛անուանուի անիմաստ միջամտութիւն: Յստակ է, որ այս դատավարութիւններն ու անոնց որոշումները նոր «խաղաքարտ» պիտի դառնան` Ազրպէյճանի կողմէ առաւել շահ կորզելու միջազգային դիւանագիտական թատերաբեմին վրայ:

Պաքուի ռազմավարութեան միջազգային ընկալումը նոյնքան ուշագրաւ է: Խաղաղութեան մրցանակներու, տնտեսական համաժողովներու եւ դիւանագիտական հարթակներու մէջ «խաղաղարար» կերպարի կառուցումը կը ծառայէ Ազրպէյճանի կատարած ոճրագործութիւններու պատասխանատուութեան վերացման:

Պաքուն կը փորձէ ստեղծել այն պատկերը, թէ հակամարտութիւնը անցեալի հարց է, իսկ ներկայ փուլը տնտեսական գործակցութեան եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը հետապնդող «խաղաղասիրական» գործընթաց մըն է: Նման բեմագրութիւն կը դիւրացնէ ապահովել միջազգային դերակատարներու քաղաքական լռութիւնը` բռնի տեղահանութեան, ռազմագերիներու, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ վերադարձի իրաւունքը ընդմիշտ վերացնելու նկատմամբ:

Պարտադրաբար ստեղծուած իրավիճակին մէջ առանցքային խնդիր կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքական կեցուածքը: Երեւանի կողմէ վերջին տարիներուն որդեգրուած քաղաքականութիւնը հիմնականօրէն արձագանգող է, հեռու` նախաձեռնող ըլլալու ակնկալութենէն: Պաքուի կողմէ պարտադրուած օրակարգերը կ՛ընդունուին իբրեւ անխուսափելի իրողութիւններ` առանց լիարժէք վիճարկելու անոնց քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները:

Հայաստանի իշխանութիւններուն չկամութիւնը միայն արտաքին քաղաքականութեան թերացում չէ: Անխուսափելիօրէն իշխանաւորներու վարքագիծը ունի ներպետական հետեւանքներ` պետական ամրապնդման եւ արժէքային համակարգի խաթարում, ազգի պատմական յիշողութեան եւ համազգային իրաւունքներու աստիճանական վերացում: Պետութիւն մը, որ կը հրաժարի պաշտպանելէ իր ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքները, կը սահմանափակէ նաեւ իր սեփական ինքնիշխանութեան քաղաքական բովանդակութիւնը:

Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան եւ անոր «խաղաղասիրական» դիմագիծի ստեղծման դիմաց կարելի է հակազդել միայն քաղաքական համախոհութեան ռազմավարութեամբ:

Քաղաքական նոր ուղի մը` հայութեան ուժերու միաւորումով, որ պէտք չէ հիմնուած ըլլայ զիջողութեան, այլ իրաւունքի, պատմական անվիճելի փաստերու եւ միջազգային պարտաւորութիւններու հետեւողական յիշեցումին վրայ:

Ի վերջոյ, ներկայ իրավիճակը միայն Արցախի հիմնահարցին մասին չէ: Ան կը վերաբերի Հայաստանի ապագային ու անոր շուրջ ստեղծուած անորոշութեան` առանց անցեալէն դասեր քաղած ըլլալու պատմաքաղաքական իմաստութեան, որ պէտք էր յատկանշեր հայրենի քաղաքական միտքը:

Արդեօք կարելի՞ է ուժով ջնջել ժողովուրդի մը պատմական իրաւունքները եւ ապա «խաղաղութեան» անունով պարտադրել այդ վերացումը:

Այս հարցին պատասխանը այսօր կը փորձուի ձեւաւորել Պաքուի հայատեաց գործողութիւններով, բայց նաեւ` Երեւանի եւ միջազգային դերակատարներու լռութեամբ ու քաղաքական համաշունչ ընտրանքներով:

Պատմութիւնը, սակայն, միշտ կը յիշէ ոճրագործները, նաեւ` անոնց դիմաց լռած ժամանակակիցները:

 

 

Նախորդը

Թատերական Նոր Եւ Յաջող Իրագործում Մը Եւս. Յարութ Գնդունի. Ինքզինք Վերանորոգող Ու Գերազանցող Հայ Թատրոնի Անխոնջ Մշակը

Յաջորդը

Հրայրի Ծննդեան 80-Ամեակին Առիթով. Լոյսի Կենսատու Զգացողութիւնը…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.