Չարլոթ Հորնեթցի նորեկ մարզիկ Քոն Քնիփըլ մրցանիշ մը հաստատեց 207-րդ 3 կէտնոց կողովը նշանակելով` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ մրցումին:
2023-ին Քիկըն Մարէյ նորեկ մարզիկներու (ռուքի) մրցանիշ հաստատած էր 80 մրցումներու ընթացքին հասնելով 207 յաջող 3 կէտնոց կողովներու:
Քնիփըլ իր 59-րդ մրցումին արդէն 209 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշը կը պատկանի Սթեֆ Քըրրիի, որ մէկ տարեշրջանի ընթացքին 402 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակած է 2015-2016 տարեշրջանին:
Քնիփըլի առաջին տարեշրջանն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ, եւ վստահ կրնայ հասնիլ որեւէ մրցանիշի, մանաւանդ որ ան 44 տոկոս յաջողութեամբ կը նշանակէ: Տակաւին 22 մրցումներ կան բնական ախոյեանութեան, մինչ Չարլոթ Հորնեթց 2015-2016 տարեշրջանէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կրնայ հասնիլ փլէյ օֆի մրցումներ` առիթ տալով Քնիփըլի, որ աւելցնէ 3 կէտերու իր հաշիւը:
Չարլոթ երէկ 133-109 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին: Պրենտըն Միլըր 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Չարլոթի, մինչ Էնտու Նեմպհարի 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ իր 45-րդ պարտութիւնը կրեց 60 մրցումներու ընթացքին:
Ֆինիքս Սանզ վերջին երկվայրկեանին կրցաւ յաղթել Լոս Անճելըս Լէյքըրզին, երբ Ռոյս Օ՛նիլ 3 կէտնոց կողով նշանակեց: Կրէյսըն Էլըն 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սանզի, որմէ կը բացակայէին Տեւըն Պուքըր, Տիլըն Պրուքս, Քոպի Պրէա, Հէյուուտ Հայսմիթ, Քոլ Անթոնի եւ Ճորտըն Կոտուին:
Լուքա Տոնչիչ 41 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որուն աստղերէն Լըպրոն Ճէյմս 15 կէտ նշանակեց:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մայեմի Հիթ 124-117
Աթլանթա Հոքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 126-96
Պրուքլին Նեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 110-126
Օրլանտօ Մեճիք – Հիւսթըն Ռոքեթց 108-113
Շիքակօ Պուլզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 112-121
Տալաս Մեւրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 121-130
Ֆինիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 113-110
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 118-129
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 88-94


