Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի վերջին տարիներու լաւագոյն ակումբներէն Ինթեր Միլան կը մտածէ չերկարաձգել Հենրիխ Մխիթարեանի հետ իր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին:
Մխիթարեան միակ մարզիկը չէ, որ կրնայ լքել Ինթերը: Էնտի Տիուֆի, Տաւիտէ Ֆրաթեզիի եւ մինչեւ իսկ Նիքոլօ Պարելլայի ապագան մութ կը թուի ըլլալ Սան Սիրոյի ակումբին հետ:
Ըստ «Կացեթթա Տելլօ Սփորթ»-ի, Ֆրանչեսքօ Աչերպիի, Մաթէօ Տարմեանի եւ Սթեֆան Տէ Վրէյի հետ պայմանագրութիւնները պիտի չերկարաձգուին: Կրնայ հեռանալ նաեւ Տենզել Տումֆրիզ, որուն նկատմամբ լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Անգլիոյ Լիվըրփուլը:
Փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան բերդապահին գծով: Եան Զոմերի ասպարէզը Ինթերի հետ կը մօտենայ իր աւարտին, մինչ Ինթեր արդէն իսկ գտած է փոխանորդը` Ռոմայի Միլէ Սվիլարը:
Յարձակողական դիրքերու գծով, Մարքուս Թիւրամ նոյնպէս կրնայ տեղափոխուիլ, մանաւանդ որ մարզիչ Քրիսթիան Քիվոս Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթոյի վրայ շատ յոյսեր կապած է:


