Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ. «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

February 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանի վարիչ

Պատուարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Շարունակաբար չորս բաժիններով  վերջերս «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ Այնճարի մասին պատկերազարդ յօդուածաշարք մը` «Մէկ ընտանիքի պէս ապրում ենք այստեղ» խորագիրով, որ բաւական յստակ պատկեր մը կու տայ գիւղին ներկայ դրութեան մասին` ներկայացնելով հանդերձ անոր պատմական անցեալն ու անցած դժուարին ուղին: Յօդուածին համահեղինակներն են հայրենի «Հետք» թերթի աշխատակիցներ` Վահէ  Սարուխանեանն ու Մարինէ Մարտիրոսեանը: Չենք գիտեր, թէ անոնք Այնճար ժամանելո՞վ  է, որ հարցազրոյցներ վարած են քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ, թէ՞ առցանց կատարած են իրենց պրպտումները, սակայն այս պարագան այդքան ալ կարեւոր չէ` ներկայի արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութիւնները նկատի ունենալով:

Պէտք է անմիջապէս ընդգծել, որ Այնճարի մասին դոյզն իսկ գաղափար չունեցողն անգամ կրնայ բաւական լայն ծանօթութիւններ եւ տեղեկութիւններ ամբարել գիւղին մասին, ինչ որ դրական եւ ողջունելի իրողութիւն է:

Զարմանալին այն է սակայն, որ Մուսա Լեռ-Այնճարի մասին խօսելով` կարելի չէ չյիշել մուսալեռցի-այնճարցի երեւելի դէմքեր, ինչպիսիք են` վաղամեռիկ բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեան, ազգային գործիչ Սարգիս Զէյթլեան եւ գրաքննադատ, արձակագիր Պօղոս Սնապեան: Շատեր պիտի առարկեն` ըսելով, որ շարքը շատ երկար է, կարելի չէ բոլորը թուել, սակայն Այնճարի մասին խօսիլ եւ չյիշատակել գէթ ա՛յս անունները, խոցելի եւ պակասաւոր կը դարձնէ այս յօդուածաշարքը: Առաւել եւս վերջին` «Ազդակ» օրաթերթի երեքշաբթի, 17 փետրուար 2026-ի «Շարունակութիւն թիւ 4»-ին մէջ անդրադարձ կատարուած է Այնճարի մէջ գործող երկու թանգարաններու` «Ազգագրական թանգարան Մուսա Լեռ-Այնճարի» եւ քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի տուն-թանգարանին եւ զանց առնուած է Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի յիշատակութիւնը: Յիշեցնենք, որ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած էր 2015 թուականին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հովանաւորութեամբ, աննախընթաց երեւոյթ ըլլալով` առաջինն է իր տեսակին մէջ ո՛չ միայն Այնճարի եւ Լիբանանի, այլ նաեւ` ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

Ուստի մեր փափաքն է, որ  Այնճարի քաղաքապետութիւնն ու պատասխանատուները Այնճարի մասին վաւերագրական յօդուած կամ ժապաւէն պատրաստողներուն, Այնճար այցելողներուն կամ ընդհանրապէս Այնճարով հետաքրքրուողներուն ուշադրութեան յանձնեն Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանը, որովհետեւ անիկա անառարկելիօրէն դարձած է Այնճարի այցետոմսերէն մէկը:

Բարի՛ երթ Այնճարին եւ Այնճարը կանգուն պահողներուն:

Յարգանքով`

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանի վարիչ

Պէյրութ, 18 փետրուար 2026

Նախորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

February 25, 2026
Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին
Անդրադարձ

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

February 24, 2026
«Հայաստանում Իշխանութիւնը Վերածուել Է Քաղաքական Ճնշման Գործիքի». Լիլիթ Գալստեան
Անդրադարձ

«Հայաստանում Իշխանութիւնը Վերածուել Է Քաղաքական Ճնշման Գործիքի». Լիլիթ Գալստեան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.