Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոյկու Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Հիւլէական Հնոցներու Զետեղումը Կը Նկատէ Սպառնալիք

February 24, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան ակամայ հաշուի պիտի առնէ հիւլէական անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր ռիսքերը, եթէ Հայաստանի տարածքին մէջ ամերիկեան ճարտարագիտութեան փոքր հնոցներու կառուցումը անցնի գործնական փուլ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու:

«Հայաստան, ինչպէս յայտնի է, երկրաշարժի վտանգ դիմագրաւող շրջան է: Հայկական հիւլէական կայանի կառուցման ժամանակ խորհրդային ճարտարագէտներու կողմէ կիրարկուած հիմքի իւրայատուկ ճարտարագիտական լուծումը անոր արտօնած է յաջողութեամբ վերապրիլ 1988 թուականի սարսափելի երկրաշարժը, ուժանիւթի մէկ արտադրամաս մինչեւ օրս կ՛աշխատի…

«Եթէ Հայաստանի տարածքին մէջ ամերիկեան ճարտարագիտութեան փոքր հնոցներու կառուցումը գործնական փուլ անցնի, մենք, ինչպէս նաեւ շրջանի միւս բոլոր պետութիւնները եւ ինքնին Հայաստանի բնակչութիւնը, ստիպուած պիտի ըլլանք ակամայ հաշուի առնել հիւլէական անվտանգութեան ոլորտին մէջ այդ նոր ռիսքերը», ըսած է Շոյկու:

Անոր համաձայն, Ռուսիան, ըստ էութեան, ստիպուած պիտի ըլլայ ենթադրել, որ «հիւլէական ճարտարագիտութիւններու ոլորտին մէջ ամերիկեան փորձարկումները պիտի կատարուին մօտակայքը` երկրաշարժային աշխուժ գօտիի մէջ»:

«Ուստի, այո՛, ատիկա պէտք է դիտարկել իբրեւ սպառնալիք: Չէի ուզեր զուգահեռներ կատարել, սակայն յիշեցնեմ, որ ճափոնական «Ֆուքուշիմա-1» հիւլէական կայանին մէջ երկրաշարժի հետեւանքով աւերուած են ինքնին ամերիկեան հնոցները, եւ ատիկա յանգեցուցած է շրջակայ միջավայրի լայնածաւալ շողարձակումային աղտոտման», նշած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էն.Էս.Էյ.

Յաջորդը

Միրզոյեան. «Հաշտեցումը Դժուարին Գործ Է` Հաշուի Առնելով Հայ Գերիներու Ճակատագիրն Ու Այլ Հանգամանքներ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.