Այսօր ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Էն.Էս.Էյ.-ը` աղջկանց ախոյեանութեան դարձի իր երկրորդ մրցումին:
Երթին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 89-59 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր իր մրցակիցը, բայց երթին, ինչպէս տեսանք, կարեւորը յաղթելն է, եւ պայման չէ կէտերու տարբերութիւնը` նկատի ունենալով, որ հիմնական մրցակիցը Ռիատին է, իսկ Ազուրի եւ Պէյրութի նման խումբեր կրնան անակնկալ արդիւնք ձեռք ձգել:
Կ՛ակնկալուի, որ համակիրները դաշտ ներկայանան եւ խումբը քաջալերեն 40 վայրկեան` օգնելով, որ նոյնիսկ պահեստի մարզիկները լաւ ելոյթ ունենան: ՀՄԸՄ Անթիլիաս 8 յաղթանակ արձանագրած է Ռիատիի նման, մինչ Ազուր 7 յաղթանակ արձանագրած եւ 2 պարտութիւն կրած է:
Էն.Էս.Էյ. իր 9 մրցումներէն միայն 3-ը յաղթանակներով աւարտած է:


