Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը հաղորդեց իրանեան վարչակարգին մէջ յեղաշրջման փորձի մը մասին, որ թիրախաւորած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին` զինք տագնապը կառավարելէ արգիլելու համար: Փորձը կատարուած է յունուարին` երկրին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտէն առաջ:
Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, նախաձեռնութիւնը երեւան եկած է 7 եւ 8 յունուարի միջեւ եղող գիշեր, այսինքն` մէկ օր առաջ բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտէն, որուն ընթացքին հազարաւոր ցուցարարներ սպաննուեցան:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդած են, թէ ծրագիրին ղեկավարը նախկին նախագահ Հասան Ռուհանին էր, իր նախկին կառավարութենէն ականաւոր անձնաւորութիւններու կողքին, որոնց շարքին` նախկին արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ, ինչպէս նաեւ Քոմ քաղաքէն շարք մը կրօնաւորներ եւ Յեղափոխական պահակագունդին մօտիկ անձնաւորութիւններ: Գլխաւոր նպատակը Խամէնէին որոշումի կայացման շրջանակէն հեռացնելն էր:
Փորձը վերջաւորութեան ձախողութեան մատնուած է, որովհետեւ չէ ստացած աջակցութիւնը Ալի Լարիժանիի, որ անցեալ օգոստոսին Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար նշանակուեցաւ:
Կը նշուի, թէ ներկայ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը քննարկումներէն հեռու պահուած է` ծրագիրի բացայայտումը արգիլելու համար:
Ծրագիրի բացայայտուելէն ետք, Ռուհանին ու Զարիֆը քանի մը օր տնային կալանքի ենթարկուած են, եւ անոնց մօտիկ եղող բարեկարգչական անձնաւորութիւններ ժամանակաւորապէս կալանաւորուած են:


