Մեծ պահքի երկրորդ կիրակի օրը` Արտաքսման կիրակիին, 22 փետրուար 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Սուրբ պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանքի տեսչութեան ու աշակերտութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն միաբաններէն հոգելոյս Տաթեւ արք. Սարգիսեանի հոգւոյն ի հանգիստ:
Նշենք, որ երկուշաբթի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 05:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս սրբազան հօր եկեղեցւոյ կարգը, իսկ յաջորդ օրը` երեքշաբթի, 24 փետրուարի առաւօտեան ժամը 11:00-ին սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի, որուն ընթացքին պիտի կատարուի վերջին օծման արարողութիւնը:
Յայտնենք, որ յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան, հոգելոյս սրբազան հօր վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւններուն պիտի մասնակցին Օշական արք. Չոլոյեանը եւ Շահան արք. Սարգիսեանը:


