ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Նախորդ երեք ամիսներուն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցան տարբեր բնոյթի երեք գործեր, որոնցմէ առաջին երկուքին առանձին անդրադառնալու առիթ չէի ունեցած: Կու տամ ժամանակագրական կարգով:
Ա.- «Թռչող հայրիկը».- «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ, Վազգէն Մուղալեանի բեմադրութեամբ:
Վաչէ Ատրունիի «Երջանիկ մարդու անցեալը» (բնագիրի վերնագիր) թատրերգութիւնը ունի առնուազն չորս բներգ: Վերնագիրէն սկսած, նախ` «առանց ոտքերու թռչուն»-ի այլաբանութիւնը, որ առկայ է բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ. Չինաստան` « Wujiao Niao», Պարսկաստան` «Հումա, եւ Եւրոպա` Մաթլեթ»: Պատումները ունին տարբեր մշակութային ենթահող, բայց կը համընկնին այն ցաւոտ յատկութեան մէջ, որ թռչունը անջատուած է հողէն, ոտքեր չունի, որպէսզի կարենայ կանգնիլ գետնի (իմա` իրականութեան) վրայ: Այս, առանց մտային մեծ ճիգի, կարելի է առնչել Ալցհայմըրով տառապող մարդուն, որուն շուրջ իրականութիւնը տակաւ կը քայքայուի, եւ միտքը կը թափառի կցկտուր յիշողութեան մէջ: Կ՛առնչուի մանաւանդ թատրերգութեան կեդրոնական կերպարին, որուն սրունքը կոտրուած էր պատուհանէն իյնալու պատճառով, եւ ինք տառացիօրէն դարձած անոտք: Շա՛տ բարի: Երկրորդ բներգը այն է, որ յիշողութեան հետ կը սկսի քայքայուիլ կերպարին ինքնութիւնը: Երրորդ բներգը սիրած հարազատի, կեանքի ընկերոջ կորուստն է, որուն պատճառած խոցը, ըստ մասնագէտներու, կրնայ արագացնել հիւանդութեան աւերը: Չորրորդ բներգը որդիական ապերախտութիւնն է, շահամոլութիւնը, որ տաղտկալիօրէն ներկայ է բազմաթիւ ընտանիքներէ ներս: Այդտեղ ոչ մէկ սթափեցող հարցադրում կամ Քոլումպոսի այլաբանական հաւկիթ կարելի է տեսնել:
Ալցհայմըրի պատճառած իրավիճակներու բներգով բեմադրուած են տասնեակ մը թատրերգութիւններ եւ ժապաւէններ, որոնցմէ յիշատակութեան յատկապէս արժանի են.-
1.- «Հայրը» (Le Père, 2012) – Հեղինակ` Ֆլորիան Զելլեր:
Արժանացած է հեղինակաւոր «Մոլիէր» մրցանակին: Վերածուած է ժապաւէնի` հեղինակին բեմագրութեամբ: Ունի կուռ ջղագիտական հիմք: Աշխարհը կը դիտուի աչքերով ծերունիին, որ ի վերջոյ կը վերածուի մանուկի, որովհետեւ միայն ամէնէն հին յիշողութիւնները (իրական թէ հնարովի) կը մնան իրեն: Դուստրը կողքին է մինչեւ դառն աւարտ:
2.- «Տակաւին Ալիս» (Still Alice (2014)- Հեղինակ` Քրիսթին Մարի Տանֆորտ:
Տառապողը ճանաչողական հոգեբանութեան (cognitive psychology) դասախօս մըն է: Այսինքն քաջ տեղեակ է, թէ ի՛նչ սկսած է պատահիլ իրեն: Հանգամանք մը, որ կը բազմապատկէ տառապանքը: Կերպարը երկփեղկուած է` հիւանդը եւ անոր տակաւին կենդանի գիտակցութիւնը: Գեղեցիկ լուծումով մը կերպարը կը ներկայացնեն երկու դերասանուհիներ:
3.- «Հեռու իրմէ».- (Away From Her 2006) – Հեղինակ-բեմադրիչ` Սառա Փոլլի:
Ալցհայմըրով տառապող կին մը խնամող հաստատութիւն մը կը մտնէ, որպէսզի խնայէ իր հարազատները: Ապա տակաւ… բոլորովին կը մոռնայ զանոնք:
4.- «Տետրակը» (The Notebook, 2004) հիմնուած` Նիքոլաս Սփարքսի համանուն վէպին վրայ: Տղամարդ մը կը փորձէ Ալցհայմըրով տառապող իր սիրած կնոջ ինքնութիւնը պահպանել` ամէն օր անոր կարդալով տետրի մը մէջ արձանագրուած իրենց պատմութիւնները: Ապարդիւն ճիգ, ի հարկէ…
5.- «Ցուցասրահը» (The Waverly Gallery, 2000) – հեղինակ` Քենեթ Լոնիրկըն:
Ալցհայմըրէ տառապող հերոսին մեծ մայրը, որ փոքր ցուցասրահ մը ունի, ներս կ՛առնէ անծանօթ եւ անտունի նկարիչ մը, որպէսզի ոչ միայն իր գործերը ցուցադրէ, այլեւ` բնակի կողմնակի սենեակի մը մէջ: Ինչպէ՞ս վարուիլ տակաւ մահացող սիրելի մեծ մայրիկի հետ, երբ անծանօթը կը դառնայ տնեցի, եւ տնեցիք կը վերածուին անծանօթներու …
Ներկայ ելոյթին մէջ նիւթական ժառանգին տիրանալու քաշքշուքն էր, որ ցաւօք մղուած էր առաջին գիծ: Տառապահար մարդու անտանելի իրականութենէն փախչելու փորձերը, մտքի ուղեկորոյս թափառումները (թռիչքը) կը ներկայացուէին որպէս զուարճալի միջանկեալ մանրուքներ: Աշխուժ երթեւեկին, չափազանցուած շարժուձեւերուն եւ պոռչտուքին իբրեւ առաւել զուարճութիւն` յաւելուած էր մեծաքանակ սուճուխ սանտուիչի մատուցում, կրկին ու կրկին սաւանի տակ թաքնուիլ, սրամտութիւններ, ինչպէս` հայրիկը փնտռել լուացքի մեքենային մէջ, սովորական հագուկապի հետ սիլինտր գլխարկ, որ իր պատկանած 19-րդ դարուն faux pas պիտի համարուէր: Պահուած էին հեղինակին ոճը յատկանշող «խնդացնելիք» խօսքեր, ինչպէս` մաշալլա, զըխըմ, էֆենտի, էքսելանս, խռֆած, մեղայ-մեղայ եւ այլն: Թատերախումբին անդամները կատարեցին այնպիսի խաղարկութիւն, որ կ՛ենթադրէին, թէ հանդիսատեսը կ՛ակնկալէ իրենցմէ: Նման մօտեցում կը տանի լճացումի: Ճիշդ չէր նաեւ իւրաքանչիւրի ձեռքին տալ զբաղումի առարկայ մը (համրիչ, հովահար, հեռախօս կամ ակնոց): Իսկական դերասանը այն է, որ կրնայ արտայայտել եւ պահել ներկայութիւն, բոլորովին անշարժ: Բեմայարդարումը չէր օգներ ասքին: Պատուհանը, որ պիտի բացուէր դէպի քաղաք` ցոյց տալու համար, թէ իրավիճակը եզակի չէ, փակ էր: Պատէն կախ պաստառը (որ, ի դէպ, կը յայտնուի այլազան ելոյթներու մէջ), ոչինչ կ՛ըսէր տանուտէրներու մասին: Պարզ չէր, թէ ինչո՛ւ կեդրոնական սեղանին վրայ կար վարժարանի վայել երկրագունդ, թէ` ինչո՛ւ բեմի ճակտին էր 60-ականներու վայել «փիք ափ» մը` առանց սակայն ձայնապնակներու, ինչպէս խմիչքի պար մը` առանց բաժակներու: Այս բոլորին վերեւ` չարագուժակ կերպով կանգնած ժամացոյց մը: Հարկ էր, որ բեմադրիչը անդրադառնար այս կէտերուն: Տիկնոջ ուրուականի երազը ի հարկէ տեղին էր: Աւելի յարիր էր, սակայն, «Ֆլայ մի թու տը մուն» (Bart Howard, 1954) նոր սիրահարներու երգը այդտեղ լսել: Ծերունիի պարագային, պիտի ըլլար բաղձանք մը` հանդիպելու երկրէն, ցաւոտ իրականութենէն դո՛ւրս: Բան մը, որ յաջորդ տեսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ որպէս տեսերիզ: Պատէն կախ լուսանկարը բոլորովին այլ ընտանիքի կը պատկանէր: Պատէն կախ էր ոչ թէ ընտանիքի, այլ պատահական որեւէ ընտանեկան լուսանկար (թերեւս յուսալով, որ հանդիսատեսը չի նկատեր այդ): Հետեւաբար կարելի չէր «կտակը մեր մէջ է» գեղեցիկ այլաբանութիւն առնչել այդ լուսանկարին:
Վերջին տեսարանին մէջ ծերունիի ցուցաբերած «աւարտական պայծառատեսութիւնը» (Terminal Lucidity) գիտական առումով վաւերական է: Շա՛տ բարի: Պարզ չէր սակայն, թէ ինչո՛ւ կտակին վրայ վկայի մը ստորագրութիւնը ստանալէ ետք փաստաթուղթը անտարբեր շարժումով դրաւ բաճկոնին դուրսի գրպանը եւ մեկնեցաւ դէպի անդենական: Տպաւորութիւնս այն է, որ թատերախումբին անդամները ատակ եւ տրամադիր են տալու շատ աւելին: Բարի՛ երթ:
Բ.- «3033».- Հեղինակ, բեմադրիչ եւ կատարող Նարեկ Դուրեանի 65-ամեակին նուիրուած գլխաւորաբար մենաթատրոն բնոյթի ելոյթ մը: «Բոհեմ» թատրոնին նախապէս անդրադարձած եմ «Շէնքում իրավիճակ ա փոխուել» եւ «Իմ կնոջ անունն է Մորիս» գործերու առիթով: Երկրորդը դիտած էի Երեւան (1, 2): Ի դէպ, ինչպէս Երեւան, այնպէս եւ այստեղ արտօնուած չէր ելոյթը նկարել: Մամուլի մէջ թէ այլուր կարելի չեղաւ գտնել որեւէ ուսանելի լուսանկար:
«Վանայ ձայն»-ի հետ տեսակցութեան ընթացքին Դուրեան յայտնեց հետեւեալ մտքերը. թէ ինք դէմ է «աջ ձեռքով ձախ ականջը քորելու»: Կարելի է հասկնալ, որ կ՛ակնարկէ մտաւորական խրթնաբանութեան: Թէ` կողմ է, որ թատերական համայնապատկերը նմանի շուկայի, ուր կարելի է գտնել ամէն «ժանր»-ի ապրանք: Իբրեւ օրինակ` կը բերէ օփերան, ուր կան ե՛ւ Ռոսսինի, ե՛ւ Վակներ (3): Թէ` թատրոնը ոչ թէ դաստիարակութիւն է (կարծիք մը, որ շրջագայութենէ դուրս եկած է աւելի քան դար մը առաջ), այլ` «թերափիա» (բուժում):
Ելոյթը բաղադրեալ էր երկու տարրերէ. Ա. տարր` դատավարութիւն մը, որ սկսաւ բացման տեսարանով եւ մինչեւ աւարտական տեսարան կրկին ընդմիջուեցաւ. Բ. տարր` երկար շարք մը թափառական մենախօսութիւններու ժամանակի առմամբ անհամեմատ աւելի գերակշիռ, քան` «դատավարութիւնը»: Զանց պիտի առնեմ զանոնք, որովհետեւ մնացին կենցաղային ծիծաղաշարժ մանրուքներու ծիրէն ներս: Դուրեանի սրախօսութիւնները հանդիսատեսը չե՛ն մղեր իրականութիւնը նոր ձեւով տեսնելու, կը մնան ոչ խնդրայարոյց ժամանցային կսմիթներ (տեղական բարբառով` «թալթիշ»): Բացի այդ, արդէն իսկ լոյս տեսած են ելոյթի լոկ ա՛յդ երեսը ձեռք առնող ակնարկներ:
Պիտի կեդրոնանամ Ա. տարրին վրայ, որովհետեւ, ինչպէս Դուրեան յայտնած էր, այդ իրապէս որ «թերափիա» մըն էր: Բայց թերափիա ոչ թէ հանդիսատեսին, այլ նոյնինքն` Դուրեանի համար, հրապարակային ինքնադիւահանում (self exorcism) մը: Բարձրախօսէն լսուող աներեւոյթ դատաւորը կարելի է ընկալել որպէս նոյնինքն Դուրեանի գերեսը (super-ego): Անտեսանելի, որովհետեւ կը գտնուի նոյնինքն ամբաստանեալին ուղեղին մէջ: Ինքնամեղադրանքը այն էր, թէ Դուրեան «կնոջ մէջ կին կը տեսնէ», այլ խօսքով` «macho» մըն է: Կ՛ըսեմ` ինքնամեղադրանք, որովհետեւ դատած իր արտաքինէն եւ բեմական շարժուձեւերէն` խիստ անհաւանական է, որ երբեւիցէ հանդիսատեսը ուղղէ նման «մեղադրանք»: Փիեր Շամմասեան, որ նոյնպէս «գունդ ու կլոր» է արտաքինով, եւ որ` երկար շրջան մը ծանօթ էր իբրեւ «Ըմ Ժորժըթ», երբե՛ք կարիք պիտի չզգայ նման դատավարութիւն բեմադրելու:
Որպէս չքմեղանք (միջնադարի բարբառով` apologia)` Դուրեան կ՛առաջադրէ, թէ ինք որպէս առողջ բնազդներու տէր այր` կը հետեւի «բնութեան», եւ ոչ թէ` մարդոց կողմէ հնարովի օրէնքներուն: Առ այդ, ներառած էր երկու դրուագ (նախնադարեան եւ մերօրեայ), ուր դերերը շրջուած են: Կինն է, որ հաց կը բերէ տուն, իսկ այրը զբաղած է տնային աշխատանքով: Այդ յաւելեալ առիթ էր, որ Դուրեան ցուցադրէ իր ծանօթ կնավարի ծեքծեքումները: Այս անգամ` իբրեւ ծանակ: Տարահանդերձ (travesti) կերպարներ դար մը առաջ պարտադրաբար կը փորձէին բեմէն դուրս առնական երեւալ վերջին շրջաններուն, սակայն իրենց սլաքները առհասարակ կ՛ուղղեն դէպի «մաչօ» մտայնութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն:
Բեմայարդարումը պարզ եւ դիպուկ էր: Շա՛տ բարի: Դուրեան ունի երաժշտական ժառանգուած ընդունակութիւն եւ բարձր զարգացում: Տիրապետած է սրահը գրաւելու հնարքներուն: Բարի՛: Լրացուցիչ ոստիկանի դերակատարուհիի Դուրեանէն գլուխ մը բարձր հասակը եւ «fetish» ոճի հագուկապը թերեւս աւելի առնչուած էր ֆեմինիստական իշխանատենչութեան, օտար եզրով` Femdom-ի (Female Domination իգական գերիշխանութիւն) տեսողական արտայայտութեան, քան` առաջին հայեացքով թելադրած պոռնկագրական կարծրատիպի: Աւարտական տեսարանին մէջ Դուրեան տեղադրած է կրկնակի շռնդալից յաղթանակ: Նախ` այն, որ «ֆեմինիզմի» կողմէ կը դատապարտուի որպէս «մաչօ», ապա` այն, որ գեղանի ոստիկանը կ՛ընդունի իր նուիրած խորհրդանշական կարմիր վարդը եւ կը ձայնակցի «արգիլուած» «Երեւանի սիրուն աղջիկ» զուգերգին (4): Նշեմ, որ բացման ընթացքին սրահը լսեց «Latino Mix» մը, ուր կրքոտ այր մը կիները կը գովերգէր:
Դուրեան եւ անանուն օգնականը իրենց խօսքերը կ՛ուղղէին ոչ թէ իրարու, այլ` հանդիսատեսին: Այդ կը շեշտէր հանդիսատեսի որպէս «դատական կազմի» (ժիւրի) սրահ կոչուած ըլլալու հանգամանքը: Ելոյթի աւարտին Դուրեան բացայայտօրէն դիմեց սրահին` պահանջելով անոր վճիռը: Պարզ է, որ սրահը յոտնկայս ծափահարեց: Պարզ չէր, սակայն թէ ներկաներէն քանի՞ն կ՛անդրադառնար, թէ իսկապէս ի՛նչ էր պահանջուածը:
Գ.- «Ամուսինը թակարդի մէջ» («Caught in the Net», Ray Cooney).- «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբ, բեմադրիչ` Յ. Գնդունի:
Հեղինակին` Ռէյ Քունիի գործերուն նախապէս քանի մը անգամ անդրադարձած եմ (5, 6, 7): Չեմ կարծեր, թէ օգտակար է կրկնել: Անցեալ տասնամեակին այս 4-րդ անգամն է, որ Քունիներ կը բարձրացուին բեմ: Բաղդատականի համար, Արթըր Միլըր` 2: Քունի գտած է շուկայական առումով յաջող տարազ մը եւ տասնամեակներ շարունակ արտադրած` նոյն ձեւաչափով եւ յաճախ նոյնիսկ միեւնոյն զուարճախօսութեան տարբերակներով: Տարեց երգչուհիի մը հարց տուած են, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ երգել: Պատասխանած է. «Այնքան ատեն որ կը վճարեն»:
Ներկայ գործը կը համընկնի «տաքցուր-կեր» առածին: Շարունակութիւնն է նոյն թատերախումբի եւ բեմադրիչի 2014-ին ներկայացուցած «Երկու կին մէկ ամուսին»-ին: Պահպանուած է նոյնիսկ հերոսի ընկերոջ կերպարը` յանձին «մնայուն» վարձակալին: Այժմէականացուած է միայն այն իմաստով, որ երիտասարդները իրար կը ծանօթանան համացանցի միջոցով: Մտայնութիւնը, հետեւաբար եւ բարբառը կը մնան քանի մը տասնամեակ ետ: Ի դէպ, բնագիրին վերնագիրը բառախաղ մըն է: «Net» կը նշանակէ ուռկան, բայց միաժամանակ կարճեցուած` InterNET. Այդ կորսուած է, ինչպէս պատշաճեցումը կորսնցուցած է անուանումներու իմաստները: Ճոն Սմիթ հանրածանօթ ծածկանուն մըն է: Սմիթ մականունը շատ տարածուն է քանի մը պատճառներով: Աւելի քան 20 արհեստներ կը վերջանան այդ բառով (Black-smith Gold-smith, Lock-smith, եւ այլն, եւ այլն):
«Տը մեթրիքս» ժապաւէնի անզանազանելի գործակալներու հոյլը կը կոչուէր «Սմիթ»: Լոնտոնի մէջ թերեւս իսկապէս կան 10 հազար ճոն սմիթներ: Ճիւնիի մէջ, հազիւ թէ գտնուի մէկ սիմիթեան (չոր կարկանդակ): Wimbledon եւ Streatham կից թաղամասեր են: Փորձառու վարորդ մը կրնայ անոնց միջեւ արագ «կկոցել»: Իսկ մեր պայմաններուն տակ Պէյրութ-Ճիւնի կկոցել …
Թատրերգութեան կորիզը ամուսնական երկկողմանի անհաւատարմութեան ծանօթ կատակն է, որ 1943-ին վերածուած է Քալիփսօ տիպի «Շէյմ էնտ սքանտալ ին տը ֆամիլի» երգին: Կարելի էր տալ որպէս 5 վայրկեան տեւողութեան «սքեչ»: Վտիտ կորիզը երկու ժամ ձգձգելու համար Քունի յաւելած է զառամած հայր մը, որ ոչ մէկ իմաստալից դեր ունի, սուզակի սարքեր, անհատնում շարք մը հեռաձայններու, դրան թակոցներու, պոռչտուք, վազվռտուք եւ պահուըտուք: Իր փորձուած պահեստանոցէն ներածած է նաեւ երկար շարք մը անհեթեթ զուարճախօսութիւններ: Բայց քանի որ անգլիական պաղ հիւմըրը կարելի չէր թարգմանել, ելոյթը վերածուած էր ֆիզիքական թամաշայի (8): Բեմադրիչը այդ երեսը ծաղկեցուցած էր` յաւելելով շեմփանզէի կրկնուող «հու-հու»-ներ, դաշոյնի հալածանքներ եւ գլորտուքներ: Պարզ չէր, թէ միասեռականութիւն թելադրող առնուազն երեք տեսարանները որո՞ւ յաւելումն էին (9):
Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ. Քունի պատրանք կը ծախէ: Իր զաւեշտներուն մէջ ընկերային կամ գոյութենական հարցադրումներ չկան: Բեմի վրայ այնքան շփոթ կը ստեղծէ, որ հանդիսատեսը ժամանակ չ՛ունենար մտածելու: Բազմակնութեան եւ ամուսնական անհաւատարմութեան թողութիւն շնորհող բարեզարդ աւարտը յարիր է ոչ թէ ձաղկող զաւեշտի, այլ` Commedia dell՛Arte եւ հետագայ Comedy of Manners դպրոցին, որուն կարկառուն դէմքն էր Մոլիեր: Այսքանը` գործի ընտրութեան մասին:
Բացումը կը կատարուի «հայելանման» (mirror image) զուգահեռով մը, ուր երկու երիտասարդները աւետիս կու տան իրենց մայրերուն: Այդ ընթացիկ է: Ակնյայտ էր, որ բեմադրիչը գերմարդկային սպառող ջանք ներդրած էր նման խճճուած շատ արագ կշռոյթի երթեւեկ մը ներկայանալի եւ հաճելի կերպով բեմ հանելու համար: Բոլորը գիտեն, թէ որքա՛ն դժուար է այդ: Բոլորը գիտեն նաեւ, թէ որքա՛ն դժուար է կրկէսի լարերուն վրայ հեծանիւ վարել: Մեծապէս գնահատել է նաեւ խոստմնալից ուժերու ներգրաւումը թատրոնէն ներս: Մեծապէս գնահատելի է նաեւ բեմադրիչի կարողութիւնը` դերակատարներուն սէր, եռանդ եւ փորձառութիւն փոխանցելու: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Շա՛տ բարի:
Լուսաւորութիւնն ու բեմայարդարումը յարիր էին կատակերգութեան: Այլ բեմադրութիւններ եւս բեմը բաժնած են երկուքի եւ, ըստ կարելւոյն, յաւելած երկրորդ յարկ, որ կը ծառայէ «բանտարկութեան»: Այստեղ նիւթական խնայելու համար ցոյց տրուած էր միայն սանդուղի առաջին երկու աստիճանները: Բարի՛: Ընտրուած էին կարմիր եւ կապոյտ գոյները` թերեւս թելադրելու համար բռնցքամարտի երկու անկիւնները եւ թերեւս նորածինները ծանուցող գոյները: Բարի՛: Երաժշտութիւնը չունէր նկատելի ներդրում: Բոլոր դերակատարները տուին այն, ինչ որ պահանջուած էր իրենցմէ, եւ` «մի բան աւել»: Բարի՛: Հիւմըրի ակնյայտ ընկալում ցուցաբերեցին Մելիք Պետրոսեանը եւ Լուսինէ Տագէսեանը: Շա՛տ բարի: Պիտի փափաքէի, որ այս հազուագիւտ ներուժը ապագային ուղղուէր դէպի աւելի բովանդակալից եւ յանձնառու գործեր:
Հուսկ բանք. Ներկայացուած գործերու միակ համատեղ բնոյթը հանդիսատեսը զուարճացնելու ցանկութիւնն էր: Այս մասին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (6): Հաճելի ժամանցը փախուստ մըն է ցաւոտ առօրեայէն: Առկայ են, սակայն, փախուստի եւ զուարճութեան բազմազան այլ միջոցներ: Մինչդեռ ներկայ պայմաններուն մէջ բեմ կարելի է բարձրացնել մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող գործեր: Ի զուր չէ՞ զանոնք ալ ծառայեցնելու թմրեցուցիչ փախուստի:
————–
(1).- «Առ Ցուցք թաքնագիր.- Մօրքուրի Թազա անունն ա «Մորիս» «Ազդակ», 10 սեպտեմբեր 2016:
(2).- «Այլամոլորակային մանրակերտ», «Ազդակ», 9 ապրիլ 2019:
(3).- Վակներ նացիներուն սիրելին էր: Իր «Երգող վարպետներ»-ը (Die Meistersinger von Nürnberg) շարժումի կողմէ որդեգրուեցաւ իբրեւ իր քարոզչական հաւաքներու օրհներգ:
(4).- Կարելի է մեկնաբանել, թէ կինը ծնած է ոչ թէ ինքնիրեն համար, այլ` իբրեւ տղամարդու մը սեփականութիւնը:
(5).- «Մէկ զաւեշտ, երկու ողբերգութիւն», «Ազդակ», 26 եւ 27 յունիս 2014:
(6).- «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյ. 2016:
(7).- «Բազում ջանք վասն…», Ազդակ», 7 յունիս 2024:
(8).- Չեմ ուզեր խօսիլ հայերէնի մաքրութեան մասին, որովհետեւ այդ ոչինչ պիտի փոխէր ընկալումէն: Թրքերէն լեզուամտածողութիւնը մաքուր հայերէնի կարգավիճակ ստացած է կիլիկեցի հայերու համար: Հետաքրքրուողներ կրնան դիմել եւ լուսաբանուիլ:
(9).- «Ֆանի մանի» ելոյթին մէջ կար միասեռականութիւն թելադրող երկարատեւ տեսարան մը:
