Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 28 մայիս 1962 )

May 28, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մայիս 28

Արտասահմանի ամբողջ տարածքին վրայ ազատատենչ հայ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը  տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը, հեռու այն հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, վստահ ենք, այս պահուս լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ սփիւռքի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն:

Որքան հեռանանք պատմութեան այս շքեղ թուականէն, տարիները որքան թաւալին, այնքան աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հաստատման այս տարեդարձը:

Մայիս 28-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներու գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններու, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը` ղեկավարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկ միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին, եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:

Անցան տարիներ: Անկէ ի վեր ուրացումի բազմաթիւ փորձեր եղան: Մեր անկախութիւնը թշնամիին մէկ շնորհը նկատուեցաւ, այն թշնամիին, որուն բանակները իրենց թնդանօթները ուղղած էին Հայաստանի սրտին, Էջմիածնի բարձրասլաց գմբեթներուն: Բայց պատմական ճշմարտութիւնները  կամայականութիւններու չեն ենթարկուիր: Փաստերը լեզու կ՛առնեն պատմելու համար հերոսապատումը, որ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն դրուագուեցաւ` իբրեւ ամէնէն փառաւոր էջը Հայոց նորագոյն պատմութեան:

Կարելի է անվարան ըսել, թէ ի՛նչ որ ունինք այսօր իբրեւ հայրենիք (հոգ չէ թէ` կտրատուած), կը պարտինք մայիս 28-ին: Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը քարտէսին վրայ գոյութիւն պիտի ունենա՞ր, եթէ Թուրքիան կարողանար անարգել անցնիլ Արարատեան դաշտէն` իրականացնելով համաթուրանականութեան իր երազը, երբ լենինեան Ռուսիան հաշտ աչքով կը դիտէր քեմալական շարժումները:

Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը ինքնավստահութիւն ստացաւ: Չքացաւ այն տխուր առասպելը, թէ հայը չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ենթարկուի օտարի լուծին եւ բարեկարգութիւններ մուրայ:

Մայիս 28-ը շունչ կու տար հայութեան, ապրելու եւ գոյատեւելու վճռական կամք կը ներշնչէր անոր: Նոր արիւն ու խանդ կը ներարկէր անոր երակներուն: Առանց մայիս 28-ի` հայութիւնը շնչահեղձ պիտի ըլլար ու անհետ կորսուէր պատմութեան բեմէն` դառնալու համար տարահալած բազմութիւն:

Անիկա կը հանդիսանար պսակումը մեր երկարատեւ պայքարներուն, որոնք մղուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ: Հայութիւնը իր մէջ կը պարունակէր սերմերը այն ոգիին, որ դրսեւորուեցաւ մայիս 28-ով` դառնալու համար դրօշ ազատութեան եւ անկախութեան:

Մայիս 28-ը դրօշակ մը տուաւ հայութեան, իտէալ մը, անկախութեան տենչին իրականացումը, որմէ հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այլեւս:

Մանաւանդ այս օրերուն, երբ բոլոր ժողովուրդները անդիմադրելիօրէն բռնած են անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան ճամբան, որ նոր ժամանակներու ոգիին համապատասխան երեւոյթ մը կը հանդիսանայ:

Մայիս 28-ը նուաճում մըն է` ձեռք բերուած մեր հերոսներու արիւնով, հայ ժողովուրդի քրտինքով: Անոր սեփականութիւնը, անոր էութեան անբաժանելի մասը:

Իր դատին ու իրաւունքներուն պաշտպան հայութիւնը բարձր պիտի բռնէ այդ դրօշը եւ ամէն տեղ պիտի տօնէ մեր անկախութեան փառատօնը` իր հայրենիքի վերջնական անկախութեան տենչով:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Մայիս 28-Ի Առիթով. Փնտռենք Անկախութեան Ամրոցները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.