Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Հրայր Սաղըրեանի Յիշատակին

February 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ի՜նչ արագ սահեցան քառասուն օրերը:

Ահա քառասուն օրեր անցան այն սեւ օրէն, երբ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական  Հրայր Սաղըրեան առյաւէտ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, բարեկամներէն եւ միութենականներէն:

Ցաւալի է այս կորուստը` անհաւատալի ըլլալու չափ, որովհետեւ կեանք, կորով եւ աշխուժութիւն ներշնչող Հրայր Սաղըրեան իրաւունք չունէր այսքան շուտ հրաժեշտ տալու մեզի:

Աւելի ճիշդ` նախախնամութիւնը իրաւունք չունէր այսքան շուտ զինք պոկելու մեզմէ:

Բայց եւ այնպէս, ո՞վ կրնայ փոխել այդ դառն իրականութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ անդարձ մեկնումը եղաւ կանխահաս, իսկ մեկնողը` բոլորին սիրելի անձ մը:

Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտը տուինք եղբօր, հարազատի եւ բարեկամի մը, որ իր ողջ էութեամբ եղած էր խոնարհ ու համեստ անձ, օրինակելի ազգային եւ միութենական ու տիպար, հայ ընտանիքի մը տիպար հայրը:

Մենք` իբրեւ պարզ արարածներ, ընդհանրապէս մեր առօրեայ զբաղումներով եւ այլ մտահոգութիւններով տարուած` կ՛արհամարհենք մահը, չենք հաւատար անոր գոյութեան, սակայն անոր ահաւորութիւնը կը զգանք, երբ դէմ յանդիման կը կանգնինք դառն իրականութեան, երբ յանկարծ մեր մօտիկներէն, հարազատներէն մէկը կը բաժնուի մեզմէ:

Հրայր Սաղըրեան ծնած է 1950-ին, նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ եւ շրջանաւարտ ըլլալով հոնկէ` կը փոխադրուի Հայաստան, ուր կը ստանայ «էլէքթրօ-մէքանիքըլ ինճինըրինկ»-ի վկայական:

Վերադառնալով Լիբանանի` 1980-ին կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը` պսակուելով Սիլվա Պալեանին հետ. անոնք կը բախտաւորուին երկու դուստրերով:

Հրայր Սաղըրեան իր մանկութենէն սիրած է մարզական կեանքը: Մելգոնեան վարժարանին մէջ եղած է փայլուն մարզիկ եւ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցող միջվարժարանային մրցումներուն մեծ թիւով մետալներ եւ բաժակներ ապահոված է իր դպրոցին, յատկապէս` վազքի մարզին մէջ:

Իբրեւ նուիրեալ միութենական` ան ՀՄԸՄ-ին անդամակցած է Ժտէյտէ մասնաճիւղին միանալով եւ տարիներ շարունակ մաս կազմելէ ետք շրջանի Սկաուտական խորհուրդին եւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի վարչութեան, 2003 թուականին կ’ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ ու կը ստանձնէ գանձապահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան զանազան յանձնախումբերու ներկայացուցիչի պաշտօններ:

2014-ին` իբրեւ երկար տարիներու վաստակաւոր միութենական, Հրայր Սաղըրեան կը պարգեւատրուի ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»-ով:

Սիրելի՛ եղբայր Հրայր,

Այս անմխիթար մեկնումդ խոր վիշտ պատճառեց` ընտանեկան պարագաներուդ, հարազատներուդ, շրջապատիդ եւ քու սիրած միութեանդ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ամբողջ ընտանիքին ընդհանրապէս ու ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղին մասնաւորաբար:

Սիրելիի մը կորուստը կը ստիպէ մեզ, որ անցեալի քաղցր յիշատակները վերակենդանացնենք մեր մէջ, եւ անցած տարիները քանի մը վայրկեանի մէջ տողանցեն մեր յիշողութեան վարագոյրին վրան` իբրեւ ներկայ:

Սա պահուն մեր աչքին առջեւ արագ արագ կը տողանցեն պատկերներ, որոնք արագօրէն իրար կը յաջորդեն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ ու կը դառնան միայն յուշ ու անմոռանալի յիշատակներ:

Հրայր Սաղըրեանի նման հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներու արժանիքները թող վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն պահեն իրերայաջորդ սերունդներու մօտ:

Կը սգանք անժամանակ կորուստը այս հեզ ու համեստ եղբօր ու կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի եղբայր Հրայր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Խունկ ու մոմ` քու անմոռաց յիշատակիդ:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 84-րդ Առցանց Լսարան. «Հայ Դպրոցը Եթէ Տեղ Մը Կը Խամրի, Այլ Տեղ Կը Ծաղկի». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Արեւմտահայերէնը Կը Փրկուի Եթէ Հաւաքական Կամեցողութիւն Ցոյց Տանք (Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուին Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.