Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի գիշեր տուրքերու յաւելման իր որոշումներով դիմեց պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերու յաւելման ամէնէն դիւրին, չմտածուած, հակաարդիւնաւէտ եւ շարունակ կրկնուող հնարքին. անհրաժեշտ գումարներու ապահովման համար դիմեց տուրքերը բարձրացնելու քայլին, որ առ երեւոյթ կը բաւարարէ պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու արդար պահանջները, սակայն իրականութեան մէջ մէկ ձեռքով տուածը միւս ձեռքով ետ կը խլէ` թերեւս, տուածէն քիչ մըն ալ աւելին:
Արդարեւ, պենզինի ուղղակի տուրքի եւ յաւելեալ գումարի արժէքի` «Թէ.Վէ.Ա.»-ի յաւելումները ինքնաբերաբար կը ստեղծեն սղաճ եւ շատ արագ կ՛իմաստազրկեն շնորհուած աշխատավարձի յաւելումը: Անոնք ոչ միայն չեն բարելաւեր իրաւատէրերուն ապրուստը, այլ գիներու վերահսկողութեան բացակայութեան առաւել եւս կը վատթարացնեն իրավիճակը, ներառեալ` սեփական մարզի մէջ աշխատող քաղաքացիներուն համար, որոնք ամսականի յաւելման իրաւունքի այս շնորհումէն անմասն կը մնան:
Մէկ խօսքով, կառավարութիւնը իր այս որոշումով փոխանակ քաղաքացիներուն մէկ մասին «յօնքը շինելու», բոլոր քաղաքացիներուն ալ «աչքը կը հանէ»:
Այստեղ կ՛արժէ նաեւ յիշել հետեւեալը. ջուրի տարեկան տուրքը երեք-չորս տարուան ընթացքին բարձրանալով` այսօր հասած է 205 տոլարի, ելեկտրականութեան տուրքը եւս շարունակ կը բարձրանայ, սակայն` առանց կացութեան որեւէ բարելաւումի, եւ իրապէս հեգնական է, որ բարձրացուին տուրքերը ծառայութեան մը, որ պետութիւնը չի մատուցեր կամ առնուազն անոր մէջ մեծապէս կը թերանայ:
Սիրելինե՛ր, եթէ ձեզի համար գոյութիւն ունեցող խնդիրներու, ձեր ապիկարութեան վկայութիւնը եղող միակ լուծումը քաղաքացին կթան կով նկատելն է, ապա պարզ տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ եթէ չէք ուզեր «կով»-ը պարարտացնել, առնուազն զայն կենդանի պահէք, զայն սովամահ չընէք, որովհետեւ սատկած կովը կաթ չի տար…



