Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

February 18, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախէն Տեղահանուած Մօտաւորապէս 30 Հազար Անձ Ստացած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն

Արցախէն բռնի տեղահանուած մօտաւորապէս 30 հազար անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Այս մասին վերջերս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան:

«20 հազար 769 անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Ասոր կողքին, 9 հազար 715 անչափահաս եւս ձեռք բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն` անձնագրաւորման միջոցով: Այսինքն մօտաւորապէս 30 հազար անձ ձեռք բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն», ըսած է Սարգսեան:

Անոր խօսքով, առայժմ մերժման որեւէ դէպք չէ արձանագրուած: Ըստ նախարարին, տարուան սկիզբէն արդէն հազար դիմում ստացուած է բռնի տեղահանուած անձերէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներով, 2023 թուականի սեպտեմբերէն ետք Արցախէն բռնի տեղահանուած է 115 հազար 365 մարդ:

ՀՕՄ–ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Կազմակերպեց «Տոհմիկ Օրեր»` Նուիրուած Հերոսական Այնթապին

Ուրբաթ, 6 փետրուար 2026-ին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Այնթապի ասեղնագործութեան գեղեցկութիւնը եւ ազգային տարազները լուսարձակի տակ բերող ձեռնարկ, որ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ ոչ միայն «Տոհմիկ օրեր» ծրագրի 4-րդ հանդիպումն էր, այլ նաեւ այդ ծրագրի շարունակականութիւնը երաշխաւորող իրադարձութիւնն էր:

Բեմը գեղեցիկ ձեւաւորուած էր, սրահին մէջ օրուան խորհուրդին համապատասխան պատմական իրեր եւ տարազներ ցուցադրուած էին: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի փոխատենապետուհի Սիլվա Խարտալեան-Գաֆալեանը, որ շեշտեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ նշեց ձեռարուեստի յանձնախումբի առանձնայատուկ տեղը հայկական մշակոյթի պահպանման առաքելութեան ծիրին մէջ:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Սոնա Սարաճեան: Ան բարձր գնահատեց «Տոհմիկ օրեր» ծրագրի շարունակական բնոյթը եւ ներկայացուց Այնթապի ազգային տարազը, որ պատրաստուած էր  բարերարի մը կողմէ: Տեղին է նշել, թէ իւրաքանչիւր տոհմիկ օրուան առիթով կը պատրաստուի տուեալ վայրի ազգային գաւառական տարազը:

Այնթապի  տարազը կրող Օժիկ Քիլեճեան ներկայացուց օրուան բանախօսը` Մարի Մերտխանեանը:

Մերտխանեան հետաքրքրական կերպով ներկայացուց իր բանախօսական նիւթը`  ցուցադրելով նկարներ, փաստաթուղթեր, անդրադառնալով  պատմական Այնթապին,  անոր անուանումին, այնթապցիներուն տեղաշարժին, փառքերուն ու սովորութիւններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, արհեստներուն, լեզուին, կենցաղին, խոհանոցին, մշակութային եւ ընկերային  կեանքին` նշանտուք, պսակադրութիւն, ծնունդ  եւ այլն: Մերտխանեան իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց Այնթապի սքանչելի ասեղնագործութեան վերելք ապրիլը, եւ, վերջապէս, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անընդունելի  յայտարարութիւնը:

Յուզիչ եւ զգացական էր պահը, երբ հնչեց «Այայի երկիր Արցախ»-ը` մեներգչուհի Մատլէն Ասրեանի մեկնաբանութեամբ:

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ Այնթապի ճաշացանկէն ընտրուած համեղ ուտեստով` շիրիկ-ձաւարով` իբրեւ հիւրասիրութիւն, որուն համը գնահատուեցաւ բարձրորակ:

Այս ձեռնարկը անգամ մը եւս հաստատեց «Տոհմիկ օրեր» ծրագրի կարեւորութիւնն ու նպատակը` պահպանել եւ փոխանցել հայ ազգային մշակոյթի ժառանգութիւնը սերունդներուն:

Սրբոց Վարդանանց Տօնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ

Փետրուար 12-ին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին ոգեկոչեց Սրբոց Վարդանանց եւ 1036 վկաներու յիշատակը:

Այս առիթով Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագիչն էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Յուսիկ աբղ. Սմբատեան:

Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան` թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ եւ բազմաթիւ հաւատաւոր հայորդիներ:

Պատարագիչ հայր սուրբը քարոզին մէջ անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին` մասնաւորապէս նշելով. «Սրբոց Վարդանանց տօնը այն եզակի օրերէն է, երբ պատմութիւնն ու հաւատքը միաձուլուեցան մէկ վկայութեան մէջ: Պարսիկ թագաւորը կը փորձէր ջնջել հայ ժողովուրդին հոգեւոր ինքնութիւնը` ստիպելով հրաժարիլ սուրբ խաչէն եւ սուրբ Աւետարանէն: Բայց հայ ժողովուրդը կը հասկնար, որ եթէ կորսնցնէ հաւատքը, կը կորսնցնէ նաեւ իր ինքնութիւնը, իր կոչումը եւ իր ապագան: Այդ պատճառով Վարդանանց պայքարի կարեւոր իմաստը կ՛ամփոփուի յայտնի խօսքին մէջ` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Ապա հայր սուրբը դիմելով ներկաներուն` յորդորեց` Սրբոց Վարդանանց օրինակով ուժ ստանալ, ամուր կառչիլ մեր հաւատքին, սիրել հայրենիքն ու Եկեղեցին` հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ բոլոր փորձութիւններուն մէջ:

«Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Սրբոց Վարդանանց տօնը թող մեզի համար ըլլայ ո՛չ միայն պատմական յիշատակ, այլեւ կենդանի կանչ` ապրելու հաւատքով լեցուն կեանք եւ վերանորոգելու մեր ուխտը Աստուծոյ, հայրենիքի եւ իրարու հանդէպ», աւելցուց Յուսիկ աբեղան:

Հայր սուրբը նաեւ միաբանութեան եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան օրուան կապակցութեամբ:

Սուրբ պատարագի աւարտին իջման սուրբ սեղանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Հայկազուն արք. Նաճարեանի, կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք:

Եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի անսասանութեան, յաւերժ պայծառութեան եւ կաթողիկոսին կենաց արեւշատութեան ու արդիւնաշատ հովուապետութեան համար:

«Ինքնութիւն» Հիմնադրամը Կը Վաւերագրէ Հայկական Պատմական Յուշարձաններն Ու Մշակութային Կոթողները

2023 թուականէն ի վեր «Ինքնութիւն» հիմնադրամը ձեռնարկած է Հայաստանի բազմադարեան վանքերու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու վաւերագրման աշխատանքին:

Հիմնադրամի գաղափարին շուրջ համախմբուած երիտասարդները յաղթահարած են դժուարանցանելի ճանապարհներ, լեռներ ու անտառներ` պատմական յուշարձանները վաւերագրելու նպատակով:

Արդէն իսկ իրականացուած նկարահանումներուն շնորհիւ` վաւերագրուած են` Առաքելոց վանքը, Ենոքաւանի մատուռը, Սամսոնի կամուրջը, Կայան բերդը, Շատիվանքը, Զօրաց տաճարը եւ մշակութային մեծ արժէք ունեցող այլ կոթողներ:

«Ինքնութիւն» հիմնադրամը «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամի ամէնամեայ դրամաշնորհային ծրագրի յաղթողներէն է: Հիմնադրամին աջակցութեամբ ձեռք բերուած են անհրաժեշտ սարքաւորումներ` նկարահանումները եւ համադրական աշխատանքները իրականացնելու համար:

««Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամը կարեւոր կը նկատէ հայկական մշակոյթի պահպանումը, զարգացումն ու տարածումը: Ունինք հարուստ մշակոյթ` նիւթական եւ ոչ նիւթական արժէքներով, որ հայ ժողովուրդը կ՛առանձնացնէ այլ ազգերէ: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ` հետագային մեր սերունդները նաեւ կարելիութիւն կ՛ունենան փաստերով ապացուցելու, թէ ի՛նչ մշակութային արժէքներ ունի հայ ժողովուրդը», նշած է «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Աննա Գիշեանը:

«Մեր նպատակը մշակոյթի մասին վաւերագրական ժապաւէններ ստեղծելն ու տարածելն է: Այս պահուն կեդրոնացած ենք մշակութային, նիւթական արժէքներու վրայ: Կ՛ընտրենք 3 չափանիշով. մեծ արժէք ունեցող, քիչ յայտնի եւ դժուար հասանելի վանքեր, ամրոցներ, բերդեր, կամուրջներ: Մինչեւ «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամին հետ համագործակցութիւնը, դրամահաւաքին շնորհիւ` կ՛ապահովէինք որոշակի սարքաւորումներ, որոնցմով նկարահանումներ կ՛իրականացնէինք: Բայց արդէն ժամանակ մը կու գայ, երբ կը ցանկաս նկարահանումներուն որակը բարձրացնել ու արդէն լրացուցիչ սարքաւորումներու կարիքը կը զգաս: «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամին հետ համագործակցութիւնը շատ տեղին էր. մենք ձեռք բերինք ամենավերջին սերունդի տրոններէն, որով լրիւ այլ որակի նկարներ կրնանք ստանալ: Ինչպէս նաեւ ձեռք բերինք համադրական համակարգիչ, որուն միջոցով կ՛իրականացնենք նիւթերու համադրական աշխատանքները», նշեց «Ինքնութիւն» հիմնադրամի հիմնադիր-տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան:

https://www.youtube.com/watch?v=4ZbAdX13GtI

Համազգային Թատրոնը Երուանդ Քոչարի Եւ Անոր Հերոսներուն Հետ «Քարը» Ներկայացումով Սէր Խոստովանեցաւ Հայաստանին

Քարը, ինչպէս համազգայնականները կը մեկնաբանեն, ե՛ւ Հայաստանն է ե՛ւ ճակատագիրը ե՛ւ այն նիւթը, որով ականաւոր քանդակագործ, գեղանկարիչ Երուանդ Քոչարը արտայայտած է իր սէրը հայրենիքի նկատմամբ: Ոգեշնչուած Քոչարի ստեղծագործութիւններէն, քարի փիլիսոփայութենէն, «Սասնայ ծռեր» աւանդավէպէն, որուն մէջ կ՛արտացոլան հայու ուժն ու ոգին, երիտասարդ դերասան, բեմադրիչ Անդրանիկ Միքայէլեան Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին համար բեմադրած է «Քարը» խոհափիլիսոփայական ներկայացում-խճանկարը:

Թատրոնը հանդիսատեսին կարելիութիւն ընձեռած է` գեղագիտական մեծ բաւականութիւն ստանալ բեմադրական, նկարչական լուծումներէն, դերասանական ճկուն խաղէն, հզօր ու քնարական երաժշտութենէն եւ արուեստագէտներու հետ չարենցեան, սահեանական ոգիով ճամբորդել Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ եւ կրկին ու կրկին փաստել, որ հայրենիքը բարձրագոյն արժէք է:

Իւրօրինակ, անկեղծ ներկայացումը` նուիրուած Երուանդ Քոչարի 125-ամեակին, Համազգայինի բեմին վրայ էր փետրուար 10-11-ին:

Ներկայացման աւարտէն ետք Անդրանիկ Միքայէլեան իսկապէս յուզուած էր: Խոստովանեցաւ, որ քանի մը տարի է` զինք շատ կը մտահոգէ հայրենիքի, հայու հարցը: Կրկնեց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան տողերը` նշելով, որ հայրենիքէն աւելի կարեւոր հեքիաթ այժմ չկայ իրեն համար:

Չարենցի տողերը, որոնք կարծես աղօթք ըլլան, ներկայացման սկիզբէն մինչեւ վերջ պարբերաբար հնչեցին բեմին վրայ: Հանդիսատեսը, անկախ իր կամքէն, դերասաններուն հետ կրկնեց այն` հասկնալով, թէ որքա՛ն մեծ նշանակութիւն ունի հայու ինքնութեան հարցը:

«Բոլորս գիտենք այդ բանաստեղծութիւնը, հազար անգամ  լսած ու արտասանած ենք, բայց կ՛ուզէի հարիւր անգամ ալ լսուէր ու հնչէր այն, անդադար: Միայն այդ էր. ուրիշ հեքիաթ չկար: Ինծի համար այս ներկայացումը նաեւ սիրոյ խոստովանութիւն է: Իմ շրջապատը, իմ տունը, իմ ընտանիքը, մեր թաղի մեծերն ու փոքրերը կարծես կոտրուած, ընկճուած են, իսկ հոգիով` թուլցած: Կը փափաքէի ըսել, որ պէտք չէ թուլանալ, մենք կանք, մենք ուժեղ ենք: Այդ ամէնը իմ զգացածն է, բայց կը ներկայացուի Երուանդ Քոչարի հայաստանեան ստեղծագործական շրջանի միջոցով: Գալով Հայաստան` Քոչար իր քանդակներով, կտաւներով անդրադարձաւ Հայոց պատմութեան հերոսներուն` Սասունցի Դաւիթին, Վարդան Մամիկոնեանին եւ այլոց: Իսկ  ներկայացման աւարտին մենք եկանք դէպի «Մարդ-քաղաք» շարքը, հինէն դէպի նորը», պատմեց բեմադրիչը:

Միքայէլեան կը կարծէ` թէ՛ ինքը, թէ՛ ստեղծագործական կազմը «Քարը» ներկայացումով ինքնամաքրուեցան:  «Քարը կամք է, քարը հաւատք է, քարը պար է, քարը երգ է, քարը վանք է, քարը մենք ենք:  Ինծի կը թուի` ամէն ազգ ինչ-որ բան է` հող, ջուր եւ այլն, մենք քար ենք», ընդգծեց բեմադրիչը:

Անդրանիկ Միքայէլեան ո՛չ միայն բեմադրած է ներկայացումը, այլեւ հանդէս եկած է իբրեւ դերակատար, անոր ընկերակցած են` Մանուէլ Սարգսեանը, Յարութիւն Յովհաննիսեանը, Նարեկ Ալեքսանեանը, Արման Չօփիկեանը, Միլենա Ղազարեանը, Մարիա Սէյրանեանը:

Յարութիւն Յովհաննիսեան տարբեր ներկայացումներու մէջ աչքի ինկած է  դերասանական գեղեցիկ խաղով, ճկունութեամբ եւ ուժով: Կը յիշէ բեմադրիչ Զառա Անտոնեանի The Best Of Shakespeare ներկայացումը, որ իրենց դասարանին աւարտական աշխատանքն էր, եւ որուն մէջ իր խաղընկերներն էին` Անդրանիկ Միքայէլեանը, Մանուէլ Սարգսեանը, Նարեկ Ալեքսանեանը եւ ուրիշներ: Խոստովանեցաւ` շատ սիրած են Անտոնեանի ոճն ու ձեռագիրը, որ դարձած է իրենց ներկայացումներուն անբաժան մասը:

«Քարը» բեմադրութեան մէջ եւս առկայ են այն ազատութիւնը, անսպառ ուժն ու կիրքը, որոնց հանդիպած ենք տղաներու այլ բեմադրութիւններու մէջ: Ներկայացման մէջ Յարութիւնը բնորդ է, բռնցքամարտիկ է, Սասունցի Դաւիթն է, Չարենցն է…

«Այս գործը նուիրուած է Երուանդ Քոչարին, սակայն քանդակագործին կենսագրութեան անդրադարձը քիչ է: Անդրանիկ չափազանց շատ յոյզ ներդրած է այս բեմադրութեան մէջ, եւ ինծի այդ ոգեշնչած է: Ան մեզի կը փոխանցէ իր պատկերացուցած հայրենասիրութիւնը: Ան միայն անկեղծութիւն կը պահանջէ, այն կռիւը, որ կուտակուած է մեր ներսը, կ՛ուզէ դուրս յորդիլ: Տեսարանին, որուն մէջ բռունցքներով կը հարուածեմ քարին, կը ծախսեմ ամբողջ ուժս, բայց Անդրանիկը գիտէ, որ այդ ինծի հոգեկան բաւարարուածութիւն կը պատճառէ», նշեց դերասանը եւ աւելցուց` կը փափաքիմ բուժել հանդիսատեսի հոգին, իսկ նիւթը այնպիսին է, որ թոյլ կու տայ անընդհատ բացայայտել ինքզինքդ:

«Քարը» երաժշտական ազդեցիկ լուծումներով, իր հոգեթով ձայնով կը հարստացնէ երաժիշտ Սեւադա Համբարչեանը:

Ան ոգեշնչուած է Քոչարի քանդակներէն, Սասունցի Դաւիթէն, դերասաններու խաղէն եւ բեմադրութեան տրամադրութենէն` կատարելով մշակումներ, ստեղծելով իւրօրինակ երաժշտութիւն, որ համահունչ է այն բոլորին, ինչ կը կատարուի բեմին վրայ: «Թատրոնը երաժշտութիւն է, ամէն տեսարան ունի իր մեղեդին, որ պէտք է գտնել ու ցոյց տալ: Փորձած եմ ընել այդ եւ յոյս ունիմ, որ հանդիսատեսին այն հաճելի կը թուի», նշեց Համբարչեան, որ սիրով համագործակցած է թէ՛ բեմադրիչին, թէ՛ դերասաններուն հետ, որոնց լաւագոյնը կը համարէ իրենց գործին մէջ:

Թատերասէրները յոտնկայս ծափահարութիւններով ընդունեցին ներկայացումը, իսկ համազգայնականները խոստացան յառաջիկային եւս հանդէս գալ նոր եւ հետաքրքրական առաջնախաղերով` տօնելով թատրոնի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

 

Նախորդը

Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը

Յաջորդը

105-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.