Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Մարդկային Իրաւանց Խախտումները

May 25, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի Հայ դատի մարմինը կը հաղորդէ, որ երէկ, մէկ տարուան ընթացքին երրորդ օրն ըլլալով, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ իր լիագումար նիստին ընթացքին  բուռն կերպով դատապարտեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբողջական պակասը` յստակ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայման այս հարցերը բարձրացնէ, երբ Պաքու կ՛այցելէ կամ երբ ուժանիւթի հարցերու շուրջ կը բանակցի:

Ազատական խմբակցութեան պատկանող հոլանտացի երեսփոխան Մարիչէ Մխաաքէ Պաքուի մէջ ընթացող Եւրոտեսիլի մրցանքին ակնարկելով յայտնեց, որ «այս պահուս, երբ երգիչները իրենց ձայները կը մարզեն եւ մենք կը խօսինք մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան մասին, Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բերանը կը փակուի: Միջազգային ընտանիքը չի խաբուիր շռայլութենէ եւ քարոզչութիւնէ, առաւել եւս փայլեցուած յայտարարութիւններէ»: Ան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց պարտաւորութիւնները ստանձնելու:

Նոյն խմբակցութեան պատկանող ֆինլանտացի Միթրօ Ռեփօ նշեց, որ ինչպէ՞ս Ազրպէյճանը կրնայ ոչ մնայուն անդամ դառնալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, երբ ինք իր երկրին մէջ ամէնէն կոպիտ ձեւերով կը կաշկանդէ մարդկային իրաւունքները:

Յառաջդիմականներու եւ ընկերվարականներու դաշնակցութեան խմբակցութենէն ֆինլանտացի Լիսա Եաքոնսարի յայտնեց, որ «պիտի շարունակենք հետեւիլ մանաւանդ Եւրոտեսիլի աւարտէն ետք»:

«Ազրպէյճան իր պետական բարձրագոյն մակարդակներով եւ ամէն կարելի առիթի կը դատապարտէ եւ կը զրպարտէ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը` մեզ կոչելով խառնակիչներ եւ ցեխարձակողներ, որոնք կը սեւցնեն Ազրպէյճանի պատկերը», այս առիթով ըսած է Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ «այս պարագային սակայն, որ Եւրոպական խորհրդարանը իր բացառիկ օրակարգին մէջ ներառեց այս հարցը եւ նման բանաձեւ մը որդեգրեց, ինքնին փաստ մըն է, որ Ազրպէյճան չի կրնար այլեւս պահուըտիլ իր մատին (ուժանիւթին) ետեւ ու դատապարտել համայն աշխարհը իր թերութիւններուն համար:

«Մենք Եւրոպական Միութենէն կը պահանջենք, որ շարունակէ հետեւիլ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն, հետեւողական ըլլայ իր արժէքներուն, որոնք աւելի կարեւոր են, քան կազն ու քարիւղը եւ շրջանին վերաբերող բանաձեւեր որդեգրելու պարագային` ուժանիւթի գերին չդառնայ, ջանալով պահել հաւասարակշռութիւններ, նոյն նժարին վրայ դնելով Հայաստանն ու Արցախը», եզրափակած է Կարապետեան:

 

Նախորդը

Հակառակ Տրուած Յուսադրիչ Խոստումներուն Հալէպի Մէջ Լիբանանցի Առեւանգեալներու Ճակատագիրը Հետզհետէ Կը Ստանայ Խորհրդաւոր Բնոյթ

Յաջորդը

Բարգաւաճ Հայաստանի Անսպասելի Քայլը. Գագիկ Ծառուկեանը Չի Կարողացել Պաշտօնազրկել Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.