Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Բաժակ Մը Ջուրի Մէջ Փոթորի՞կ

February 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հայ մարդու համար, ըլլայ ան հայաստանահայ, արցախահայ կամ սփիւռքահայ, անցնող եօթը տարիները հանդիսացան լուրջ վերիվայրումներով լեցուն, խիստ մտահոգիչ, շատ յաճախ չարչրկող, երբեմն` նոյնիսկ մտալլկող, որովհետեւ մենք, բոլորիս կամքէն անկախ, ազգովին գտնուեցանք աներեւակայելի եւ անտանելի կացութիւններու առջեւ:

2018 թուականին, երբ Հայաստան աշխարհէն ներս տեղի ունեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն», ըլլանք համակիր կամ ոչ, պահ մը ուրախացանք բոլորս, հաւատացինք իրապէս յեղափոխութեան բերելիք ու կատարելիք յառաջընթացին, տեղի ունենալիք բարեկարգութեանց, կաշառակերութեանց աւարտը աւետող աւետիսին, ժողովրդավարութեան հաստատման, եւ օրին`  որպէս «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ», հրճուեցանք բոլորս անխտիր եւ սփիւռքահայ զանգուածներ սկսան հիւսել երազներ, եւ ուրեմն աղքատ կամ հարուստ` մտածեցինք անպայման հայրենիքի մէջ երդիք մը ունենալու համար մշակել ծրագիրներ եւ ուրախ երազներ: Բայց…

Այո՛, բայց… քանի որ պատահեցաւ անյուսալին, «շաբաթը եկաւ ուրբաթէն առաջ», երբ տակաւին գինով էինք 1991 թուականի արցախեան յաղթանակով, վրայ հասաւ արցախեան պատերազմը, եւ տեղի ունեցաւ խայտառակ պարտութիւնը, որուն պատճառով ունեցանք  հազարաւոր զոհեր եւ հաշմանդամներ, հազարաւոր սեւազգեստ մայրեր ու քոյրեր, եւ այս բոլորը` անկասկած մեր իշխանութիւններուն դիւանագիտական մարզէ ներս ունեցած անբաւարար կարողութեանց, տհասութեանց ու անփորձութեանց պատճառով:

Աւելի՛ն. դեռ չէինք մարսած ստացուած հարուածը, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի շրջափակումը, Արցախի հայաթափումը, 120 հազար արցախահայերուն դէպի Հայաստան գաղթը, արցախահայ պետական այրերուն ձերբակալութիւնն ու տարուիլը Պաքու… նաեւ` ազերիական ներթափանցում Հայաստանի տարածքներ, եւ միջազգային քաղաքական շրջանակներէ ներս արձանագրեցինք մեր անճարակութիւնը:

Աւելի ուշ, շարունակելով խաղաղութեան հասնելու ցանկալի նկրտումը, Միացեալ Նահանգներու նախագահի հովանաւորութեան տակ Ուաշընկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Սիւնիքի միջանցքի նախաստորագրութիւնը` Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ, որ շատ մելան հոսեցուց, եւ տակաւին շատ կանուխ է անոր ընծայելիք պտուղներուն մասին խօսիլ` նկատի ունենալով անոր երկարաժամկէտ տեւողութիւնը:

Տեսնելէ եւ ճաշակելէ ետք այս բոլորը, ազգային իմաստով անհասկնալի, անհաւատալի եւ այպանելի ամօթ եղաւ վերջերս իշխանութիւններու կողմէ Մայր Աթոռի դէմ ձեռնարկուած անիմաստ պայքարը կամ ստեղծուած  տագնապը, որուն համար տրամաբանական բացատրութիւն չգտնելով, պիտի ըսեմ նաեւ, որ այս մերժելի քայլը եկաւ աւելի ու աւելի խորացնելու ներազգային զգայնոտութիւնը` «Սեւի ու ճերմակի» ցաւը, եւ բորբոքեց սկիզբ առած «երկուութեան» վէրքը` Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ, մինչեւ Փարիզ կամ Լոս Անճելըս, սփիւռքահայ զանգուածներ եւս հակադրելով իրարու:

Արդեօք ժամանա՞կն էր` նման արհեստական վէճ յարուցելը,  զինուորական ուժով Մայր Աթոռի վրայ յարձակիլը, կամ անտեսելով կարգ ու կանոն, կամ սահմանադրութիւն, ձեւական պատարագներ բեմադրելը աստ ու անդ: Շա՛տ աւելին. արդեօք հաճելի՞ էր մեր աղտոտ լաթերը փռել, ցուցադրել եւ յանձնել օտար դիտորդներու զարմացած եւ երբեմն ուրախացող հայեացքներուն:

Որո՞ւ ջաղացքին ջուր հասցնելու համար էին այս բոլոր անախորժութիւնները: Ինչո՞ւ համար իշխանութիւններ բաժակ մը ջուրի մէջ ստեղծեցին փոթորիկ: Արդեօք այս կատարուած բեմադրութիւնը պատրուա՞կ էր ժողովուրդին ուշադրութիւնը հեռացնելու էական խնդիրներէն` պարզապէս ծածկելու համար արձանագրուած որոշ ձախորդութիւններ, կամ մոռցնել տալու ճիգ մը, անդին` քանդելու համար հայկական մեծագոյն ազգային կառոյցը` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին… երբ հոգեւորականներու եւ ժողովուրդին մէջ սերմանեցինք քէն ու ատելութիւն: Տակաւին չենք գիտեր, թէ այս պայքարը մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասցնել մեզ:

Այսքան մեծ ցաւ, տառապանք ու մղձաւանջ տեսնելէ ետք, երբ ազգովին կը սպասէինք Հայաստանի իշխանութիւններէն արցախահայերու վերադարձի շուրջ միջազգային ատեաններու մէջ, կամ հեղինակաւոր պետութիւններու մօտ դրական քայլերու նախաձեռնել, յանկարծ լսելի դարձաւ Ազրպէյճանի նախագահին հրահանգը, երբ ան հրամայեց ազերիական բոլոր պետական կառոյցներուն ու մարմիններուն, որպէսզի տանին` «Աւելի շատ հետազօտական աշխատանքներ, նոյնիսկ փոքր գրքոյկներ պէտք է պատրաստուին, որպէսզի թէ՛ ազրպէյճանական երիտասարդութիւնը եւ թէ՛ համաշխարհային հանրութիւնը լաւ իմանան իրենց պատմութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, որպէսզի մեր (ազերիներուն)  վերադարձը ժամանակակից Հայաստան հնչի լիովին տրամաբանական եւ արդարացի»:

Եղա՞ւ… ա՞յս էր սպասուած ու ակնկալուած խաղաղութեան կոչն ու պտուղը: Կարդացինք Ալիեւի ելոյթին կարեւոր հատուածը, որուն, կը ցաւիմ ըսել, չանդրադարձան հայրենի իշխանութիւններ, բան մը, որ վրիպեցա՜ւ… մոռցուեցաւ… ու ազերիներ այդ ուղղութեամբ կը տանին իրենց քարոզչութիւնը: Սակայն ի լրացումն Ալիեւի յայտարարութեան` Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն լսեցինք, որ ներկայ իշխանութիւններուն համար փակուած է արցախեան էջը…

Աւելի՛ն. վարչապետը յայտարարեց. «Ինքս համոզուած եմ, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւել եւ յանուն այս բարելաւման` Հայաստանը պէտք է գնայ որոշակի զիջումների»:

«Հայաստանը պէտք է գնայ որոշակի զիջումների՞..»: Հապա Թուրքիա՞ն: Ո՞ւր կը մնան մեր Դատը, մեր  պահանջատիրութիւնը, 1, միլիոն նահատակներու արիւնը, Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքը… Մոռնա՞նք… ու երթանք նոր զիջումներո՞ւ…

Միթէ լաւ չէ՞ր ըլլար, եթէ հայրենի պատասխանատուներ զբաղէին ու մտածէին ո՛չ միայն զիջումներու, այլեւ մեր իրաւունքներու մասին: Պատասխանէին ազերիներուն ամբողջ Հայաստանը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» որակելու կոչերուն, քան թէ սկիզբ առնէր անիմաստ ու անտեղի եկեղեցական պայքար, որ եկաւ հայու ձեռքով երկպառակտելու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ներսէն, եւ որուն բուն ստեղծիչը, ծրագրաւորողը եւ նախաձեռնողը մեր ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ:

Ինչո՞ւ էին այս բոլոր սիրտխառնուք պատճառող անցուդարձերը: 2018-ին ի՜նչ ինչ խոստումներով առաջնորդուեցանք. հակառակ 2020 թուականի ապրուած ու ճաշակուած ցաւալի պարտութեան, 2021-ին վերընտրեցինք նոյն իշխանութիւնը` հաւատալով, որ մեր առջեւ «Ապագայ կայ»: Բայց ո՞ւր մնաց խոստացուած ապագան: Մի՞թէ այս խորացող երկուութիւնն էր խոստացուած ապագան… Եկեղեցին քանդե՞լը… Փաշազատէները ուրախացնե՞լը: Դեռ չենք խօսիր այլ ցաւերու մասին:

Կասկածելի «խաղաղութիւն»-ը, որ կը բարձրաձայնուի, կը ցաւինք ըսելու, որ եկաւ փաստելու, թէ միակողմանի ցանկութիւն ու քայլ է միայն, քանզի կը զարմանանք, երբ  մեր հակառակորդը կամ թշնամին օր ցերեկով մինչեւ այս պահը իր հակակշռին տակ կը պահէ հայրենի երկրէն տարածքներ ու  միշտ կը սպառնայ թիրախաւորել Հայաստանը` յառաջ քշելով «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եզրոյթը, շարունակելով խօսիլ ուժի լեզուով, անդին` զինելով իր երկիրը նոր ու արդիական զինատեսակներով, օդանաւերով կամ հրասայլերով: Իսկ ասոր դիմաց ի՞նչ կ՛ընենք մենք` պարգեւավճարնե՞ր, արտաքին պարտքի կուտակո՞ւմ, կամ շինծու «չ»պատարագնե՞ր:

Նախորդ շաբաթ ուրախութեամբ տեսանք փոքր պաստառէն, երբ Հայաստանի վարչապետը եւ Ազրպէյճանի նախագահը պարգեւատրուեցան «Մարդկային եղբայրութեան» շքանշանով: Ուրախացաւ ազգը ամբողջ: Սակայն մէկ օր ետք Պաքուի մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան Արցախի ղեկավարները… Ա՞յս էր «Եղբայրութեան ու խաղաղութեան» շքանշանին հրամցուցած համտեսուելիք պտուղը: Ի՜նչ զուգադիպութիւն: Սա շատ լեղի համ ունեցող պտուղ էր անմարսելի, որուն համար տխրեցան իրաւ հայերը: Չեմ գիտեր` աշխարհի մեծամեծ իմաստունները ինչպէ՛ս ընկալեցին այս պատահածը: Մանաւանդ` ութ տարիէ հայերուն սիրելի ու բարեկամ երեւցող պետական որոշ հեղինակաւոր գործիչներ: Բայց չեմ զարմանար. այսօր աշխարհի մեծագոյն բարոյախօսները դարձած են աշխարհի մեծագոյն անբարոները…

Կը խորհիմ, որ Հայաստանի իշխանութիւններ այսօր լաւ չեն դիտեր աշխարհը` Ուքրանիան,  Պաղեստինը, Սուրիան, Իրանը, Վենեզուելան, Կրինլանտը, տնտեսապէս հեւասպառ դարձած ու ծերացած Եւրոպան, սպառնացող վտանգները, որոնց ոտնաձայները սկսած են վախցնել աշխարհի բոլոր պետութիւնները: Աշխարհի վրայ այլեւս գոյութիւն չունի միջազգային կարծիք ու յարգանք, չկա՜ն կամ անշքացած են Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն կամ Ապահովական խորհուրդ հասկացողութիւնները… այլ կայ  ԳԵՐՈՒԺ եւ պարտադրուող «ԱՆՏԱՌԻ ՕՐԷՆՔ»:

Այո՛, գիտենք, Հայաստանէ ներս կան 2026 թուականի յունիսին կայանալիք ընտրութիւնները, որոնց պատրաստութեան եւ յաջողութեան համար մեզի հրապարակաւ կը յուշեն թրքական պատասխանատու բարձրաստիճան այրեր` յայտնելով բառացիօրէն իրենց նեցուկը Հայաստանի իշխանութիւններուն, եւ այդ ուղղութեամբ միաժամանակ գիտենք նաեւ, որ Հայաստանէ ներս ձերբակալուած են քաղաքական ընդդիմադիր որոշ գործիչներ, համայնքապետներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, բարերարներ եւ լրագրողներ… զանազան պատրուակներու տակ, որպէսզի չտանին ընտրական ուղիղ քարոզչութիւն:

Պէտք է լաւ իմանան Հայաստանի յարգելի հայ պատասխանատուները, թէ Կովկասը լուսնի վրայ չէ… տարածաշրջանը հեռու չէ արդէն բոցավառելու պատրաստ Միացեալ Նահանգներ-Իրան-Իսրայէլ ճակատումէն, եւ Կովկասը եւս վտանգուած է, ուստի չփորձենք տուն-տուն խաղալ. հրաժարինք` կամայականութենէ, յամառութենէ, աւելորդ ցուցամոլութենէ, եւ բռնցքուինք ու միաւորենք ազգը: միաւորենք հայաստանահայերը, միաւորենք պառակտուած սփիւռքը… եւ պահ մը աւելի ուշադիր նայինք մեր շուրջը:

Չմոռնա՛նք` երէկը շատ թարմ է, տեսէք 40 միլիոն հաշուող քիւրտեր ինչպէս օգտագործուելէ ետք ծախուեցան կամ ծախեցին… առանց նկատի առնելու անոնց աչքերուն մէջ կուտակուած արցունքները:

Շարժինք զգուշութեամբ` ապագային չծեծելու համար մեր ծունկերը եւ չթափելու համար զղջումի անօգուտ  ու արիւնոտ արցունք: Մեր լոզունգը թող ըլլայ` Հայաստան ամէն ինչէ առաջ, եւ ոչ թէ` աթոռ, դիրք կամ պաշտօն: Այո՛, սթափինք, երբ դեռ տակաւին մեր նաւը չէ ենթարկուած աւելի մեծ փոթորիկներու..:

 

 

Նախորդը

Նկար Առանց Ն-ի

Յաջորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Ինքնութեան Գիտակցութենէ` Կոչում

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.