ՆԱԶՕ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ
1890 թուականին Թիֆլիսի մէջ հիմնադրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային քաղաքական պայքարի կազմակերպուած կամքը: Ան ծնունդ առաւ այն ժամանակին, երբ հայութիւնը կանգնած էր գոյութեան ու արժանապատուութեան մարտահրաւէրներու առջեւ, ուստի ՀՅԴ-ն իր գործունէութիւնը սահմանեց որպէս ազատութեան, արդարութեան եւ ազգային ինքնորոշման պաշտպանութիւն` համոզուելով, որ` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
Քրիստափորի միտքով, Ռոստոմի կամքով եւ Զաւարեանի խիղճով հիմնադրուած այս կուսակցութիւնը եղաւ միակ ուժը հայուն` իր «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով: 135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարի դէմքը` օսմանեան բռնատիրութեան դէմ ինքնապաշտպանական կռիւներէն սկսեալ, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանման ու միջազգային ճանաչման համար մղուած հետեւողական աշխատանքները:
Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ ան ունեցաւ վճռորոշ դեր, իսկ անկախութիւնը կորսնցնելէն ետք անցաւ սփիւռք, ուր վերակազմակերպեց ազգային կեանքը, դպրոցները եւ մշակութային միութիւնները: Ուստի ան դարձաւ կուսակցութիւն մը, որ երբեք չսահմանափակուեցաւ միայն քաղաքական դաշտով, այլ դարձաւ համազգային կազմակերպութիւն` սերունդներ դաստիարակելով եւ հայ ինքնութիւն պահպանելով: Նաեւ ՀՅԴ-ն եղաւ հայոց ձայնը աշխարհին հասցնողը` պաշտպանելով Հայ դատը, նոյնիսկ եթէ այս մէկուն գինը եղաւ հետապնդում, հալածանք եւ ծանր զոհողութիւններ, որովհետեւ Հայ դատը Դաշնակցութեան համար միայն քաղաքական պահանջ չէ, այլ` պատմական արդարութեան եւ ազգային արժանապատուութեան շարունակական պայքար:
Հետեւաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակը պարզ տարեդարձ մը չէ, այլ պատմական հաստատում մըն է` ազգային յանձնառութեան, գաղափարական հետեւողականութեան եւ շարունակական պայքարի: Մէկ դարէ աւելի Դաշնակցութիւնը յաղթահարած է պատմութեան ամենադժուար փորձութիւնները` առանց շեղելու իր սկզբունքներէն եւ նպատակներէն: Այս մէկը կը փաստէ, որ երբ գաղափարը խոր արմատներ ունի ժողովուրդին մէջ, ժամանակին հետ չի մաշիր: Դաշնակցութիւնը միայն անցեալի պատմութիւն չէ, այլ` ներկայի պատասխանատուութիւն եւ ապագայի յանձնառութիւն:


