Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծ. Խ.- Ստորեւ, պատշաճ յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք Մասիս Ալեքսանդրեանի յուղարկաւորութեան առիթով կարդացուած այս գրութիւնը:

Թուական` 31 յունուար 1986: Վայր` Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղ: Դաշնակցական նուիրեալ ընկերներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան զոհ գացին անարգ ոճիրի մը, իսկ Յակոբ Պարսումեան առեւանգուեցաւ ու կորսուեցաւ անհետ:

Մեր յուշերուն մէջ անմոռանալի կը մնայ այս դէպքը, որուն քառասնամեակը` զուգադիպութեամբ մը կը նշուի այս օրերուն:

Մեզի պարտականութիւն տրուած էր, ընկեր Մասիսի առաջնորդութեամբ, զոհերուն հարազատներուն հաղորդել այդ զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ գոյժը:

Ահաւոր կացութիւն, անձնասպանական գործողութենէ մը աւելի դժուար ու անիրագործելի պարտականութիւն:

Չշարունակեմ եւ մանրամասնութիւններու մէջ չմտնեմ: Հիմա վերէն պիտի զայրանայ մեր Մասիսը, որ վերէն դիտելով` կարմրած այտերով պիտի դժգոհի եւ հանդարտ ու իմաստուն ոճով հաւանաբար ընդմիջէ. «Ընկե՛ր, պարտականութիւն մըն էր, որ բաւական ծանր ու դժուար էր, բայց կատարեցինք»:

Երանի՜ ամէն մարդ, հայորդի եւ կուսակցական Մասիսին պէս ըլլար` ուղղամիտ, ողջմիտ, բարեհաճ եւ անշահախնդիր:

Հաւանաբար փաղաքշական այս ածականները զինք զայրացնէին: Աւելի՛ն. պիտի չհաւնէր իր վեհութիւնը բնորոշող «Մասեաց սէգ Մասիս» բանաձեւը:

Այո՛, այսպէս էր մեր աննման Մասիսը: Լռիկ-մնջիկ աշխատող եւ անաչառօրէն գործող:

Ֆրանսացի գրագէտ եւ դիւանագէտ Փոլ Մորան (1888-1976) խօսք մը ունի.

«Կեանքը ախտ մըն է, որուն պատճառով բոլորը կը մահանան» (La vie est une maladie dont tout le monde meurt – Life is a disease from which everyone dies)… Այսպիսի պարզ ու յստակ նախադասութեամբ մը  կարելի է բնութագրել գլխագիր ՄԱՐԴԸ` ընկեր Մասիսը:

Այդպէս կը սիրէր ապրիլ, զրուցել եւ գործել:

Մասիսին ծանօթացայ իր լուսահոգի կրտսեր եղբօր` Սեւանին ճամբով: Հակառակ տարիքի տարբերութեան` մնացինք մօտիկ դրացի եւ գաղափարակից ընկեր:

Գիր ու գրականութեան հանդէպ յատուկ տկարութիւն ունէր, սակայն իր մասնագիտութիւնն էր թիւն ու թուաբանութիւնը, այսինքն` տնտեսութիւնը իր ամբողջութեամբ, որ կ՛ընդգրկէ նախահաշիւի պատրաստութիւն, հաշուապահութիւն, գանձապահութիւն եւ այդ բնագաւառներէն ներս ծրագրում:

Զարմանալի, բայց իրաւ. բարձր ուսման տիրացած մեր ընկեր Մասիսին` վեհ Մասիսին գործն էր նիւթականով, հաշիւներով զբաղիլ, սակայն երբե՛ք նիւթապաշտ չէր: Հաշուետուութիւն, հաշուեկշիռ, հաշուեյարդար… ան բծախնդրութեամբ հաշիւներ կը ստուգէր եւ երբե՛ք մութ հաշիւներ չունէր:

Իրեն համար նոյնինքն ծրագիրի մը յաջողութիւնն էր առաջնահերթութիւնը, եւ ամենայն նուիրումով կը կատարէր իր աշխատանքը` ոչ մէկ թերացում արձանագրելով:

Ցայտուն օրինակն է Արցախի վերաբնակեցման համար «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» հիմնարկը, որուն ոչ միայն Վարչական խորհուրդի անդամն էր, այլեւ`  ալֆան եւ օմեկան: Ան մեծ գուրգուրանքով կատարեց իր աշխատանքը:

«Հազարաւոր ազատամարտիկներ իրենց արիւնը թափեցին ազատագրելու համար տարածքներ, որոնք ամայի կը մնան: Եթէ այդ տարածքները չվերաբնակեցուին, ուշ կամ կանուխ զանոնք պիտի կորսնցնենք», կը շեշտէր ան` եզրակացնելով. «Հողը նրան է, ով այնտեղ է ապրում»:

Է՜հ… Յիշեալ աշխատանքներուն իր ներգրաւումէն քանի մը տարի ետք, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, նաեւ անկէ ետք, յաճախ հեռաձայնով կը զրուցէինք: Պարզ ու մեկին. շշմած եւ ցնցուած էինք:

Քաշաթաղի, Շահումեանի եւ Բերձորի շրջաններուն մէջ կատարուած ներդրումն ու շինարարական աշխատանքները ունեցած էին ողբերգական վախճան մը:

Հակառակ այս ողբերգական ու խղճալի վիճակին` յուսահատ չէր Մասիսը. նկարագիր մը կամ գործելաձեւ մը, որ իր իւրայատկութիւնն էր:

Վերջերս քաղաքական պատճառներով յաճախ կը յիշուի Գէորգ Էմինի «Ա՜խ, այս Մասիսը» բանաստեղծութիւնը:

Քանի մը տող մէջբերեմ` ի մտի ունենալով մեր մեկնած ընկերը.

«Ա՜խ, այս Մասիսը…
Որից փափկո՜ւմ են սրտերը բոլոր,
Երբ ինք… այստե՜ղ չէ…»:

Աւելի չերկարեմ, որովհետեւ վստահաբար, հոն, վերէն դիտելով` կրկին այտերը կարմրած եւ պեխերը սրած` պիտի արտայայտուի.  «Ճանըմ, ի՞նչ է, դուն ալ կը չափազանցես: Երկար-բարակ անդրադառնալու կարիք չկայ»:

Խոր ցաւակցութիւն` իր կողակիցին, եղբայրներուն, զաւակներուն, թոռնիկներուն, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն:

Ցտեսութի՜ւն, ընկե՛ր ջան, Մասեաց Սէգ Մասիս:

Զ. Թ.

Նախորդը

Այսպէս Ամէն Հինգշաբթի… Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Հակամարտութեան Մէջ Վստահելի Միջնորդը. Խորքային Դիտարկումներ Եւ Պատասխաններ` Հակամարտութիւններու Լուծման Մասնագէտ Հրայր Պալեանի Կողմէ

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.