Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը կիրակի առտու իրենց տեղեկացուցած է, թէ Կապոյտ գիծին մօտ օդային գործողութիւն պիտի կատարէ` նետելու համար քիմիական նիւթ մը, «որ անոնց խօսքով թունաւոր չէ»:

«Իսրայէլեան բանակը ըսաւ, որ խաղաղապահ ուժերը պէտք է հեռու եւ ծածկի տակ մնան, ինչ որ անոնց ստիպեց աւելի քան տասը գործողութիւն ջնջելու», նշեցին խաղաղապահ միջազգային ուժերը:

«Այս աշխատանքը անընդունելի է եւ կը հակասէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, եւ իսրայէլեան բանակին որդեգրած ու ծրագրած քայլերը ոչ միայն խաղաղապահ ուժերուն իրենց վստահուած աշխատանքը կատարելու կարողութիւնը սահմանափակեց, այլ նաեւ հաւանական է, որ անոնց եւ քաղաքայիններուն առողջութիւնը վտանգէ: Ինչպէս նաեւ քիմիական այս անծանօթ նիւթին տեղական արտերուն վրայ ազդեցութեան, երկար ժամկէտի վրայ քաղաքայիններուն տունդարձին եւ իրենց ապրուստի միջոցներուն վերադարձին վրայ ազդեցութեան շուրջ մտավախութիւններ ստեղծեց», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:

«Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ իսրայէլեան բանակը իր օդանաւերէն Լիբանանի վերեւ քիմիական անծանօթ նիւթեր կը նետէ: Կը շարունակենք իսրայէլեան բանակին յիշեցնել, թէ Լիբանանի վերեւ անոր օդանաւերուն կատարած թռիչքները թիւ 1701 որոշումի խախտում են, եւ խաղաղապահ ուժերն ու քաղաքայինները վտանգի ենթարկող որեւէ գործողութիւն մեծ մտահոգութեան աղբիւր է: Անոր անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու այս բոլոր գործողութիւնները, եւ խաղաղապահ ուժերուն հետ աշխատելու` աջակցելու համար կայունութեան, որուն իրագործման համար բոլորս կ՛աշխատինք», աւելցուց ՖԻՆԻՒԼ-ը:

Նախորդը

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»
Լիբանանեան

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.