Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթոր Ենգիբարեան եւ Ազրպէյճանի դեսպան Նասիմի Աղայեւ 27 յունուարին Պունտըսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Արմին Լաշեթի հրաւէրով մասնակցած են «Հարաւային Կովկասի մէջ շրջադարձային ժամանակներ. Պատմական խաղաղութիւն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, Գերմանիոյ դերը եւ Եւրոպայի նոր արեւելեան կապը» խորագիրով քննարկումին: Այս մասին կը հաղորդէ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ենգիբարեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան եւ անձամբ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեփուլին, որ նախապէս եղած է Պունտըսթակի Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս բարեկամական խումբի նախագահ, նախորդող ժամանակահատուածին ցուցաբերած կառուցողական աշխատանքին եւ աջակցութեան համար:
Քննարկումին ներկայ գտնուած են տասնեակ մը փորձագէտներ, պատգամաւորներ եւ լրատուամիջոցներ:
Քննարկումը կազմակերպուած է Միւնիխի «Մաքսիմիլիանս» համալսարանին եւ Աախենի համալսարանի Միջազգային համագործակցութեան, ճարտարագիտական դիւանագիտութեան եւ հաղորդակցութեան հիմնարկին կողմէ:


