Հայաստանի Եւրոպական Միութեան հետ հարկադիր մերձեցումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ թէ՛ Ռուսիոյ հետ անոր դաշնակցային յարաբերութիւններուն վրայ, թէ՛ ալ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներու զարգացման համար: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական խնդիրներու վարչութեան տնօրէն Վլատիսլաւ Մասլեննիքով:
Մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան միանալու Երեւանի մտադրութիւնը` ան նշած է, որ հաշուի առնելով Եւրոպական Միութեան յարձակողական ռազմաքաղաքական դաշինքի արագ վերափոխումը եւ Ռուսիոյ հետ ճակատումի ուղղուած անոր ռազմավարական ուղղուածութիւնը, այս կազմակերպութեան անդամակցելու Հայաստանի հետաքրքրութիւնը չի կրնար չմտահոգել:
«Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանը` իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւն, կը գիտակցի Պրիւքսելի հետ հարկադիր մերձեցման հաւանական բացասական հետեւանքներուն` թէ՛ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու, թէ՛ ալ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներու զարգացման համար», ընդգծած է Մասլեննիքով:
«Պրիւքսելը որոշ պահու կը սկսի որեւէ թեկնածու երկրէ պահանջել լիակատար համերաշխութիւն իր արտաքին քաղաքականութեան հետ, որ ներկայիս բացայայտ հակառուսական է: Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ Երեւանը կը հասկնայ, որ նոյնիսկ Պրիւքսելի բոլոր պահանջներուն բաւարարումը չ՛երաշխաւորեր Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը», ըսած է դիւանագէտը` մեկնաբանելով Հայաստանի Եւրոպական Միութեան հետ համարկման ծրագիրները:
Իբրեւ օրինակ` Մասլեննիքով նշած է կացութիւնը Արեւմտեան Պալքաններուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կանգնած են Եւրոպական Միութեան միանալու հերթին մէջ (Ալպանիա` 2000 թուականէն, Հիւսիսային Մակեդոնիա` 2004 թուականէն, Մոնթենեկրօ` 2008 թուականէն, Սերպիա` 2009 թուականէն)` կատարելով եւրոպացի դիւանակալներու խիստ պահանջները, որոնք յաճախ բնաւ ժողովրդական չեն բնակչութեան մօտ, սակայն չեն մօտենար իրենց եւրոյի երազանքի իրականացման:
«Մենք պէտք է նաեւ յիշենք, որ իրականութեան մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով անոր ներկայ վիճակը, ոչ մէկ ձեւով կ՛երաշխաւորէ թեկնածու երկիրներու բարգաւաճումը: Պալթեան երկիրներուն մէջ, որոնք վերջերս նշած են Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան 20-ամեակը, տնտեսական ցուցանիշերը եւ ժողովրդագրական կացութիւնը, մեղմ խօսքով, աննշան են», ընդգծած է ան:


