Այսօր ժամը 16:45-ին, Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտի պասքեթպոլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը` Էն.Էս.Էյ.-ի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ, որ յաջորդող օրերուն 7 օրուան ընթացքին 3 մրցումներ պիտի կատարէ, շատ կարեւոր հանգրուանի մը մէջ կը գտնուի, ուր անպայման պէտք է յաղթէ իր մրցումներուն` վերագրաւելու 3-րդ դիրքը:
Այսօր Էն.Էս.Էյ.-ի, հինգշաբթի Մարիսթի (Շանվիլ) եւ յաջորդ երկուշաբթի` Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ (յետաձգուած 15-րդ հանգրուանէն) մրցումներուն տղաքը լաւապէս կեդրոնացած պէտք է ըլլան եւ առիթ չտան նախապէս քիչ մը «կորսուած» մրցումներու կրկնութեան:
Այժմ կեդրոնացումը այսօրուան մրցումին վրայ պէտք է ըլլայ, ուր մրցակից խումբը ամբողջովին վստահած է իր օտար երեք մարզիկներուն` ամերիկացի փլէյմէյքըր Մայքէ Ռիչըրտի (26 տարեկան) եւ սերպ զոյգին` Փեթար Ռաքիսեւիչի եւ սենթըր Շթեֆան Եանքովիչի: Այս եռեակը վերջին երկու մրցումներուն ապահոված է Էն.Էս.Էյ.-ի 55 կէտերը (միջին հաշուով), բան մը, որ կը դիւրացնէ մեր տղոց գործը: Զանոնք չէզոքացնելով կրնանք շատ հանգիստ խաղալ եւ յաղթել մրցումը: Էն.Էս.Էյ.-ի բանալին Մայքէ Ռիչըրտն է, բայց Ռաքիսեւիչ իր կարգին շատ լաւ մարզիկ է: Էն.Էս.Էյ.-ի լաւագոյն լիբանանցի մարզիկն է Քրիսթոֆ Խալիլ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը վերջին մրցումներուն շատ գեղեցիկ խմբային խաղ կը կիրարկեն, եւ պայքարի ոգիով երթի մրցումին նման (100-92) կրնանք կրկնել յաղթանակը: Շատ կարեւոր է մրցակից խումբին 3 կէտնոց հարուածներուն ուշադրութիւն ընել:


