Շաբաթ օր Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իր պատմական Եուրոյի մրցաշարքը աւարտեց քառորդ աւարտականին` 3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Խրուաթիայէն:
Եւրոպայի մէջ 5-րդ լաւագոյն դիրքը գրաւող Խրուաթիա բաւական դժուար մրցակից դարձաւ Հայաստանի համար, անիկա շատ արագ սկսաւ մրցումը` 2-րդ վայրկեանէն կոլ նշանակելով: Հայաստան ճնշեց եւ կոլի առիթներ ստեղծեց, բայց խրուաթ բերդապահ Անթէ Փիփլիցա մնաց անդրդուելի:
Աւելի ուշ Խրուաթիա 2 այլ կոլեր եւս նշանակեց եւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Ֆրանսա պէտք ունեցաւ երակարաձգման` դուրս ձգելու Ուքրանիան 4-2 արդիւնքով:
Այս պարտութիւնը եղաւ Հայաստանի առաջինը 9 մրցումներ անյաղթ մնալէ ետք, աւելի մանրամասնելով` 2023-ի նոյեմբերէն ի վեր երբ 7-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Փորթուգալէն:
Պէտք է ըսել, որ Հայաստան հիանալի ելոյթ ունեցած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եուրօ 2026-ին)` երկու յաղթանակներ արձանագրելէ ետք Ուքրանիոյ (2-1) եւ Չեխիոյ դէմ (5-4) եւ հաւասարութիւն մը` հիւրընկալ Լիթուանիոյ հետ (3-3):
Իր առաջին պաշտօնական մրցաշարքի այս փայլուն արդիւնքները պատմական էին ազգային խումբին համար, որ որեւէ փորձառութիւն չունէր միջազգային կարեւոր մրցաշարքերու, եւ հասաւ Եւրոպայի լաւագոյն 8 խումբերուն:
Կը շնորհաւորենք ազգային խումբը իր պատմական նուաճումին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք աշխարհի ախոյեանութեան (2028-ի) Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:


