Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց` իր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ պատկերասփռուած բանավէճ մը կազմակերպելու` հասարակական կարծիքին բացայայտելու համար, թէ Ժահժահը «փտած է, ոճրագործ եւ յանցագործ քրիստոնեաներու, լիբանանցիներու եւ անոնց պետութեան ու հայրենիքին դէմ»:
«Գիտեմ, թէ պիտի չհամարձակի ընդառաջել, որովհետեւ վախկոտ է, որովհետեւ պիտի բացայայտեմ անոր բոլոր սուտերն ու յանցագործութիւնները, ոչ միայն անոնց դէմ, որ օր մը մորթեց, այլ գոյացութեան դէմ, որուն ամէն օր ծանր հարուած կը հասցնէ», նշեց Պասիլ:
Ժահժահ նախապէս «Էմ.Պի.Վի.»-ի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին մերժած էր առաջարկը` նշելով, որ ինք ստախօսութեան «աշխարհի ամէնէն հզօր համալսարանի նախագահին հետ չի կրնար գլուխ ելլել»:


