Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աուն յայտնեց, որ պետական ամավարկի որդեգրումը կու գայ հաստատելու, թէ անիկա «ամավարկ մըն է, որ անիրաւութիւնը կ՛ամրագրէ` փոխան զայն դարմանելու, վնասները կ՛օրինականացնէ` փոխան անոնց պատճառները բացայայտելու, քայքայման գինը տուրքերը աւելցնելով ժողովուրդին ուսերուն կը բեռցնէ` առանց անոր պատասխանատուները որեւէ հաշուետուութեան ենթարկելու եւ առանց իրաւունքներու վերատիրացման յստակ ծրագիրի»:
«Ճշմարտութիւնը իմանալը եւ հաշուետուութիւնը քաղաքական շքեղութիւն չեն, այլ լիբանանցիներուն թալանուած իրաւունքներուն պարզագոյնը, եւ դարմանման ու քայքայումէն դուրս գալու ճամբու սկիզբը», շեշտեց նախկին նախագահը:


