Քուէարկողները ընտրութիւններուն հրաւիրելու, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը երէկ լոյս տեսաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Հրամանագիրին համաձայն, ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 3 մայիսին` արտերկրի լիբանանցիներուն համար, իսկ կիրակի, 10 մայիսին` Լիբանան բնակողներուն համար:
Հաժժար յայտարարեց. «Քուէարկողները ընտրութիւններու հրաւիրող հրամանագիրի պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակումէն ետք, ընտրութիւններու գնացքը ընթացք առաւ»:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ յարմար դատեցի փոխան 3 մայիսին ընտրութիւններու թուական ճշդել 10 մայիսը` որեւէ բողոքարկումէ խուսափելու համար», ըսաւ նախարարը:
«Ընտրութիւններու կայացման համար գումարները ապահովուած են, իսկ անոնց գործադրութեան հրամանագիրներու հրապարակումը ո՛չ իմ իրաւասութիւնս է, ո՛չ ալ արտաքին գործոց նախարարին, այլ` կառավարութեան», նշեց Հաժժար:


