Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

40 տարի առաջ, 31 յունուար 1986-ի գիշերը թրքական ծառայութեան մէջ եղող հայանուն վարձկան տարրեր Պէյրութի մէջ սպաննեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած ու տարբեր պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնող ընկերներ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խուտաւէրտեանը եւ առեւանգեցին դոկտ. Յակոբ Պարսումեանը:

ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ առաջին նահատակները չէին անոնք, ո՛չ ալ վերջինները եղան:

Իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր, Դաշնակցութիւնը տեւաբար ենթարկուած է տարբեր ուժերու հալածանքին, անոր լաւագոյն ներկայացուցիչները ենթարկուած են բանտարկութեան, գերեվարման, կացինահարումի, առեւանգման, սպանութեան: Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր օրինական ժառանգորդ Թուրքիան, ցարական Ռուսիան թէ համայնավար Խորհրդային Միութիւնը, օտար գործակալութիւններ եւ անոնց վարձկանները, ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ տեսած են այն ներուժը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը եւ հայութեան գոյութեան պահպանման պաշտպանը:

Հետեւաբար հարուածել ՀՅ Դաշնակցութիւնը, կը նշանակէ հարուածել հայութիւնը, ջլատել անոր կազմակերպուածութիւնը, քանդել անոր ուժականութիւնը, սադրիչ դաւերու դէմ կանգնելու անոր քաղաքական արթնութիւնը, արժէքներու պաշտպանն ու հայութեան դիմադրական ոգին արթուն պահող քաղաքական ուժը:

Օտարին, թշնամիին կողմէ որեւէ հարուած կրնայ բնական թուիլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պայքարներուն մէջ: Ահաւորը այն է սակայն, երբ հայանուն անձեր մտնելով թշնամիին ծառայութեան մէջ, կը հարուածեն իրենց հայրենակիցը, հայրենիքի՛ ծառայութեան մէջ եղող անհատը կամ կազմակերպութիւնը, եւ վնաս հասցնելով համահայկական շահերուն, ջուր կը լեցնեն թշնամիին ջաղացքին:

Ու երբ ի դերեւ եղած են Դաշնակցութեան ֆիզիքական գոյութիւնը ջլատելու ճիգերը` թէկուզ եւ հարուածելով դաշնակցական ընկերներ, այս անգամ թշնամին եւ անոր հայանուն գործակալները փորձած են կակուղ քաղաքականութեամբ հարուածել Դաշնակցութիւնը, մակաբոյծներու յատուկ ոճով, կաթիլ առ կաթիլ ծծելով անոր արիւնը, ամբոխահաճոյ խօսոյթով, անհիմն տարաձայնութիւններով, անտեղի յերիւրածոյ բամբասանքով, արժէքային համակարգի պարունակազրկումով եւ այլանդակութիւններու տարածումով:

Հոս եւս կայ օտար թշնամի ուժերու հայանուն վարձկաններու ձեռագիրը, որ ներկայ օրերու կասկածելի ու ազգայնազուրկ մտածումներու սփռումը նախամեծար կը նկատէ մեր ժողովուրդի գոյութիւնն ու լինելութիւնը դարեր ամբողջ ապահոված, ապրեցուցած արժէքներէն եւ խորհրդանիշներէն:

Ու կը մոլորին շատեր, այնպէս ինչպէս մեր պատմութեան ընթացքին մոլորած են շատեր:

Կը հաւատան թշնամիին եւ օտարին կողմէ հրապարակուած սուտին, բայց կը մերժեն հայկական, ազգային արժէքային իրականութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նահատակութեան ուղին ընտրած է իր ժողովուրդին լինելութիւնը պահպանելու համար:

31 յունուար 1986-ին ինկած մեր նահատակ ընկերները, նահատակներու ու դեռ նահատակութեամբ ծառայութեան դափնեպսակը տեսնող դաշնակցականներու ուղիին սպասաւորներն են, որոնց յիշատակը յարգելէն անդին, օրինակը պահպանելն ու գօտեպնդուիլն է հրամայականը այսօր:

Ոճիրով, ֆիզիքական չէզոքացումով չքանդուող Դաշնակցութիւնը, կրնայ ու վստահաբար պիտի տոկայ տեւաբար, այլատեսակ` բիրտ թէ կակուղ ու տողատակի հարուածներուն ալ անպայման:

Յարգա՛նք հայ ժողովուրդին ու հայութեան համար իրենք զիրենք մարտի դաշտ նետած մեր նահատակներուն:

Յարգա՛նք 31 յունուար 1986-ին դաւադրաբար սպաննուած մեր նահատակ ընկերներուն:

Հայու ձեռքով հայութիւնը կարելի չէ հարուածել: Ատիկա պարզապէս թշնամիին ծառայութիւն է:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 233-ի Լուծում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.