Մինչեւ անցեալ տարեշրջան ՀՄԸՄ-ի համակիրները քիչ թէ շատ կ՛երթային քաջալերելու տղոց թէ աղջկանց պասքեթպոլի խումբերը եւ վերջերս ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը, որովհետեւ կարօտը կը զգային «հին օրեր»-ուն: Նոր սերունդի ներկայացուցիչներ ալ կը պատրաստուէին իրենց հօր, մեծ եղբօր կամ հարազատներուն հետ` այդ մթնոլորտին մէջ վարժուելով դառնալու ապագայ համակիրներ:
Այս տարեշրջանին սակայն զարմանալի եւ անհասկնալի բան տեղի կ՛ունենայ: Տղոց պասքեթպոլի խումբը լաւագոյն 4 խումբերէն մէկն է, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը թիւ 1 թեկնածուն է շահելու տիտղոսը, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը իր կարգին թեկնածու է բարձրանալու Բ. դասակարգ:
Բայց ո՞ւր էք… սիրելի՛ համակիրներ: Ընկերային ցանցերու վրայ գանգատներով (պարտութեան պարագային) աչքի զարնող համակիրները արդեօք իրենց տուներէ՞ն կը դիտեն խաղերը: Ասիկա «Չեմփիընզ լիկ» կամ «Էն. Պի. Էյ.» չէ… ասիկա ՀՄԸՄ-ն է, որուն մարզիկները դուք վարժեցուցած էք ձեր տաք քաջալերանքով «օրենճ հել» (նարնջագոյն դժոխք) կոչելով մեր դաշտը, որ այս տարեշրջանին բնաւ այդ մթնոլորտը չ՛արտացոլեր: Ո՞ւր էք, մեր մարզիկներուն յանցանքը ի՞նչ է զիրենք կը զրկէք այդ հաճելի «տաք մթնոլորտէն»: Պատճառը ի՞նչ է, արդեօք նիւթական վիճա՞կը, փոխադրակառքերու բացակայութիւնը, ապագայի հաշիւնե՞րը, անցեալի փառքի օրե՞րը… Եկէք ներկան ապրինք եւ ամէն ինչ մոռնալով մեր մարզիկները քաջալերենք, որպէսզի մեր զաւակներուն օրինակ դառնանք եւ ապագային պատմենք, թէ մենք ներկայ էինք այդ մրցումներուն եւ մեր քաջալերանքով է, որ օգնեցինք յաջողութիւններուն:
Միշտ ըսած ենք, որ մեր համակիրները թիւ 12 մարզիկը կրնան ըլլալ (ֆութպոլի պարագային) կամ թիւ 6 մարզիկը (պասքեթպոլի պարագային): Ասիկա պարզապէս խօսք չէ: Մարզիկները շատ կ՛արտայայտուին վերջերս, թէ թրիպիւնները բաւական «հանդարտ» կամ նոյնիսկ աթոռներով «հարուստ» կ՛երեւին, երբ նախապէս աթոռները անտեսանելի կ՛ըլլային:
Մարզիկներուն յանցանքը ի՞նչ է… Բոլո՛րս դաշտ` քաջալերելու:



