Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան նիւթը քննարկեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին երիտասարդութեան զարգացման ծրագիրի պատասխանատու Ապիր Ապու Զաքի, երիտասարդութեան մասնակցութեան պատասխանատու Եարա Ապու Աքարի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր ծրագիրներու պատասխանատու Փամել Տի Քամիլօ, ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան հարցերու պատասխանատու Ռանա Ապտալլա Պու Ժապըրի, ներկայութեամբ այս ծիրին մէջ մասնագէտ եւ ռազմավարութեան պատրաստութեան պարտականութիւնը ունեցող դոկտ. Սուհէյլ Մարինի:
Վերջինս ներկայացուց ռազմավարութեան վերաբերեալ իր առաջին զեկուցումը, եւ նախարար Պայրագտարեանի հետ համաձայնութիւն գոյացաւ յառաջիկայ քայլերուն շուրջ, զորս պէտք է կատարել կարելի եղածին չափ շուտ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ծրագիրը մշակելու ըստ «Տը պաթըմ ափ» գործելաոճին, որ հիմնուած է երիտասարդներու տեսակէտները հաւաքելու, վերջնական բնագիրի առաջարկները մշակելու եւ երիտասարդութեան ոլորտին մէջ նախարարութեան աշխատանքը ուղղելու վրայ:


