Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց Իրաքը իրանամէտ կառավարութիւն մը կազմելէ: Ան այս մասին յայտարարեց Նուրի Մալիքիի Իրաքի վարչապետի պաշտօնին հաւանական վերադարձին նկատմամբ Ուաշինկթընի մտավախութեան լոյսին տակ:
2014 թուականին Միացեալ Նահանգներու ճնշումով վարչապետի պաշտօնէն հեռացած Մալիքին իրաքեան խորհրդարանի շիի մեծագոյն երեսփոխանական պլոքին կողմէ դարձեալ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը առաջադրած է:
Նշենք, որ այսօր Իրաքի խորհրդարանը երկրի նոր նախագահը պիտի ընտրէ:
Ռուպիօ Իրաքի գործող վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի Իրաքը «Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան, բարգաւաճումի եւ անվտանգութեան ուժ» դարձնելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պիկըթ յայտնեց. «Նախարարը ընդգծեց, թէ Իրանի վերահսկողութեան տակ գտնուող կառավարութիւն մը չի կրնար Իրաքի շահերը առաջնահերթ նկատելու, Իրաքը շրջանային հակամարտութիւններէ հեռու պահելու կամ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի միջեւ փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութիւնը ամրապնդելու մէջ յաջողիլ»:


