ԹՐԻՓՓ-ը Ռուսիան վերջնականապէս կը զրկէ Հարաւային Կովկասի մէջ գլխաւոր դերակատարի դերէն: Այս մասին գրուած է Ուքրանիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան կայքին վրայ:
«ԹՐԻՓՓ-ի ծիրին մէջ կը նախատեսուի անցընել քարիւղի եւ կազի խողովակաշարեր, տեսամանրաթելային ցանցեր, ինչպէս նաեւ ստեղծել երկաթուղային եւ ճանապարհային ենթակառոյցներ` Իրանին սահմանակից երկաթուղային ճիւղի երկայնքին: Շահառուներուն համաձայն, միջանցքը պիտի կազմէ «կարեւոր օղակ» Անդրկասպեան երթուղիին վրայ, որ կ՛անցնի Չինաստանէն, Ղազախստանէն, Կասպից Ծովէն, Ազրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ կը շարունակուի մինչեւ Թուրքիա եւ եւրոպական երկիրներ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի համաձայն, նախագիծին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կողմէ նոյնիսկ չէ քննարկուած:
«Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը գրեթէ վերջնագիրի նման կոչ ուղղած է «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան, որ ներկայիս հայկական երկաթուղին ղեկավարողն է` առաջարկելով արագ վերականգնել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սահմաններուն հասնող աւերուած գիծերը: Հակառակ պարագային, ատիկա պիտի կատարուի Հայաստանի հաշուոյն եւ հարցեր պիտի յառաջացնէ շրջանին մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան նպատակայարմարութեան վերաբերեալ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


