Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան միջոցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղած է բողոքի նամակ մը` ընդդէմ անցնող ամիսներուն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնահարումներուն:
Ներկայացուցչութիւնը խնդրեց այս բողոքագիրը հրապարակել իբրեւ Ապահովութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական փաստաթուղթերէն մէկը, եւ զայն բաժնել ՄԱԿ-ի բոլոր անդամ պետութիւններուն:
Բողոքագիրը կը բովանդակէր Լիբանանի գերիշխանութեան իսրայէլեան խախտումներու առօրեայ ոտնահարումներու մանրամասն երեք ցուցակներ, որոնց համաձայն` 2025-ի հոկտեմբերին, նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին այդ խախտումները յաջորդաբար կազմած են 542, 691 եւ 803 խախտումներ` ընդհանուր թիւով 2036 խախտումներ:
«Այս խախտումները ոտնահարումներ են Լիբանանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ յստակ խախտում` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 11-08-2006-ին հրապարակուած թիւ 1701 որոշումին (2006) եւ 26-11-2024-ին հրապարակուած թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան հիմամբ Իսրայէլի պարտաւորութիւններուն», նշեց նախարարութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` Իսրայէլին ստիպել գործադրելու թիւ 1701 որոշումն ու թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութիւնը, ուժերը հեռացնելու հինգ կէտերէն, զորս տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ, եւ հեռանալու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն անդին, դադրեցնելու Լիբանանի գերիշխանութեան իր իրերայաջորդ ոտնահարումները, ազատ արձակելու լիբանանցի գերիները եւ դադրեցնելու իր սպառնալիքները Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ քաղաքական անկախութեան:
Բողոքագիրը նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ թիրախաւորումը ՖԻՆԻՒԼ-ին, «որ կը շարունակէ ամէնէն սուղ զոհողութիւնները կատարել` շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման համար»:


