Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ Թրիփոլիի նուիրուած ժողով մը գումարեց:
Նախքան այդ, վարչապետը առաւօտեան այցելեց Թրիփոլի եւ յայտնեց. «Այսօր Թրիփոլի եկայ յայտնելու համար, թէ քաղաքը առանձին չէ: Ուստի ուզեցի կէսօրին վարչապետարանին մէջ նախատեսուած ժողովէն առաջ աչքովս տեսնել` ճեղքռտուած շէնքերու խնդիրին արմատական լուծում մշակելու համար, ինչպէս նաեւ այցելեցի հիւանդանոցներուն մէջ վերապրողներուն` անոնց առողջութեամբ հետաքրքրուելու համար»:
Սալամ նաեւ նշեց. «Սիրտս նաեւ հետն էր հարաւային Լիբանանի, որ իրերայաջորդ օդային յարձակումներու կ՛ենթարկուի: Մօտ օրէն այդտեղ բնակող մեր ժողովուրդին պիտի այցելեմ` յայտարարելու համար վերաշինութեան շարք մը ծրագիրներ, որոնց գործադրութիւնը Միջազգային դրամատան փոխատուութեան ծիրին մէջ պիտի սկսինք կարելի եղածին չափ շուտ»:


