Ուքրանիան, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները Ապու Տապիի մէջ խաղաղութեան երկօրեայ «կառուցողական» բանակցութիւններէն ետք զանոնք այս շաբաթ պիտի շարունակեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին մէջ:
23-24 յունուարին «Միացեալ Նահանգները համակարգեցին Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ եռակողմ հանդիպումներ, զորս սիրալիր կերպով հիւրընկալեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները», «Էքս»-ի վրայ գրած է ամերիկացի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ` շարունակելով. «Բանակցութիւնները շատ կառուցողական էին, եւ ծրագրուեցաւ խօսակցութիւնը յաջորդ շաբաթ շարունակել Ապու Տապիի մէջ: Նախագահ Թրամփ եւ իր ամբողջ խումբը նուիրուած են այս պատերազմին խաղաղութիւն բերելուն»:
Ան բանակցութիւններու վերսկսան ճշգրիտ օրը չնշեց:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ իր խումբը ներկայացուցած է բանակցութիւններու արդիւնքները, եւ նոյնպէս «կառուցողական» որակած է քննարկումները:
«Բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուած անձերը նիւթերու ցուցակ կազմած են հաւանական նոր հանդիպման համար», ըսած է Զելենսքի:
«Աքսիոս». «Կողմերը Շատ Մօտ Են
Փութին–Զելենսքի Հանդիպումին»
Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու Ապու Տապիի մէջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ 1 փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը` վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Ըստ կայքին, ամերիկացի պաշտօնատարներ կը նկատեն, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին մէջ երկու օրուան վրայ կայացած եռակողմ հանդիպումը կարեւոր քայլ դարձաւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի ճամբուն վրայ:
«Աքսիոս»-ի զրուցակիցներէն մէկը յայտարարած է, որ կողմերը այլ հարցերու կողքին քննարկած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու հանդիպման կարելիութիւնը եւ «շատ մօտ են Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպումին»: Անոր համաձայն, նման հանդիպման նախադրեալ կրնայ դառնալ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի յաջողութիւնը:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ին եւ «Աքսիոս»-ին, Ապու Տապիի մէջ բացի եռակողմ բանակցութիւններէն, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները նաեւ երկկողմանի հանդիպում ունեցած են: Երկօրեայ բանակցութիւններու աւարտին երեք խումբերը միասնաբար ճաշած են: Ճաշի ընթացքին, ինչպէս «Աքսիոս»-ին ըսած է ամերիկացի զրուցակիցներէն մէկը, «պահ եղաւ, երբ բոլորը կարծես թէ ընկերներ ըլլային»: Մէկ այլ պաշտօնատար ալ ըսած է. «Ամէն ինչ այնքան լաւ անցաւ, որքան կարելի էր ակնկալել»:
Կայքի զրուցակիցին համաձայն, «քննարկուած ամէն ինչ, ոչ ոքի քննարկումները կողմերէն ոչ մէկուն շփոթեցուց»:
«Մենք ոչ մէկ հարց քննարկումէ դուրս ձգեցինք», վստահեցուցած է ամերիկացի պաշտօնատարը:


