. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Հակառակ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն կառավարութեան առջեւ գտնուող փշոտ թղթածրարներու բազմազանութեան, հետաքրքրութիւնը նախ եւ առաջ կը կեդրոնանայ երկու բաժիններէ բաղկացած թղթածրարի մը վրայ, որ Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման ծրագիրն է եւ առնչակից «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովները»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան պաշտօնական հեղինակութիւնները, հակառակ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին իրենց կատարած հաղորդակցութիւններուն, 14 յունուարին նախատեսուած ժողովի յետաձգումէն ետք, «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի թուականի ճշդման վերաբերեալ ոչինչ ստացան»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի բացառիկ տեղեկութեան համաձայն, «լիբանանեան բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութեան ժամանակահատուածը կառավարութեան մէջ բանակի ծրագիրի երկրորդ փուլի որդեգրումէն առաջ է, եւ այցելութեան արդիւնքները անպայման պիտի ազդեն ծրագիրի ընթացքին վրայ»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն թղթածրարը, փետրուարին` այս ամսուան աւարտէն առաջ ամավարկի որդեգրումէն երկու կամ երեք շաբաթ ետք, դէպի վճռում պիտի ուղղուի»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յառաջիկայ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ լիագումար նիստի` սահմանադրական ժամկէտի այս ամսուան աւարտէն առաջ քննարկելու համար 2026 թուականի ամավարկը»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պաապտայի եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ յարաբերութիւնը մինչեւ խզում հասաւ, եւ շէյխ Նայիմ Քասեմին հանրապետութեան նախագահին ու կառավարութեան դէմ «պայթեցուցած» վերջին տագնապի ստեղծումէն ետք անոնց միջեւ որեւէ ձեւի հաղորդակցութիւն գոյութիւն չունի»:
. ՊԱՍԻԼԻ Պաապտայի պալատ այցելութենէն տեղեակ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այս քայլը «քաղաքական շրջադարձ» կը ներկայացնէ եւ կրնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու Հըզպալլայի յարաբերութիւններուն վրայ հետեւանքներ ունենալ եւ ընտրական դաշինքներու խաղաքարտերը խառնել»:


