Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Աշխարհի ղեկավարներէն 20-25-ը իրողապէս ընդունեցին Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կազմել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ան նշեց. «Այժմ իրանցիներուն հետ չենք բանակցիր, սակայն անոնց հետ կապի մէջ ենք»:

Ուիթքոֆ նաեւ յայտարարեց. «Վաղը` հինգշաբթի, Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենամ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»:

Ամերիկացի պատուիրակին համաձայն, ռուսական կողմը խնդրած է Մոսկուայի մէջ այս նոր հանդիպումը:

Ուիթքոֆ աւելցուց, որ անցեալ շաբաթ Մայամիի մէջ ուքրանացի բանագնացներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին «շօշափելի» յառաջընթաց արձանագրուած է:

«Կը կարծեմ, որ բոլորը ներքաշուեցան հոլովոյթին մէջ եւ խաղաղութեան համաձայնութեան կ՛ուզեն հասնիլ», ըսաւ ան:

Ուիթքոֆ նաեւ նշեց, որ մտադիր է Տաւոսի մէջ ուքրանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպիլ, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով աւելի ուշ հաստատեց լուրը` նշելով, որ Փութին հինգշաբթի օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկացի պատուիրակին հետ, մինչ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ անուղղակի բանակցութիւնները կը շարունակուին` Ուքրանիոյ պատերազմին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու համար:

Նախքան այդ, ռուս բանագնաց Քիրիլ Տմիթրիեւ յայտարարեց, թէ Տաւոսի մէջ Տնտեսական միջազգային ֆորումի ծիրին մէջ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ Ուքրանիոյ շուրջ «շինիչ» բանակցութիւններ ունեցած է:

Տմիթրիեւ ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ իր հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Ժողովները շինիչ են»:

«Յաւելեալ անձեր Ռուսիոյ դիրքորոշումի ճիշդ ըլլալուն կը գիտակցին», նշեց ան:

Նախորդը

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

Յաջորդը

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.