Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Սարգսեան իր հրաժարականը ներկայացուց դիմատետրի իր էջին վրայ:
Սարգսեանի համաձայն, այդ որոշումը այդքան ալ դիւրին չէր, բայց միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի էր: Հիմնական պատճառը այդ էր, որ աշխատանքային նպաստաւոր միջավայր չկար երկրին մէջ դահուկարշաւի զարգացման համար: Անկարելի էր զարգացնել այս մարզաձեւը վստահելով ֆետերասիոնին եւ անոր ղեկավարի ջանքերուն:
Սարգսեան մեղադրած էր Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, որ միշտ ալ անտեսած էր դահուկարշաւի ֆետերասիոնին բազմաթիւ դիմումները առանցքային խնդիրներու մասին: Միաժամանակ ան յայտնած է, որ մտադիր է շարունակել իր մասնագիտական գործունէութիւնը այլ երկրի մէջ:
Հրաժարականը կապ ունի դահուկարշաւի մարզիկ Միքայէլ Միքայէլեանի առնչուած հարցին հետ: Անցեալ 31 դեկտեմբերին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, Միքայէլեան ծածկած էր իր տարազին գրուած «Ազրպէյճան» բառը, բան մը, որ զինք տուգանքի ենթարկած էր: Գագիկ Սարգսեան օրին յայտարարած էր, թէ ֆետերասիոնը այդ տուգանքը ամբողջովին պիտի վճարէ` զօրակցելով եւ աջակցելով մարզիկին առած քայլին: Այս ամսուն սկիզբը Սարգսեան հրապարակած էր նախարարութեան հետ իր ունեցած նամակագրութիւնը, ուր հրաժարած էր միջադէպի վերաբերեալ բացատրութիւն տալէ` նշելով, որ առած քայլը բացատրութեան կարիք իսկ չունի:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր կարգին ֆետերասիոնին ուղարկած էր պաշտօնական հարցում` խնդրելով ներկայացնել պարզաբանումներ: Ֆետերասիոնը կրկին յայտնած է իր աջակցութիւնը Միքայէլեանին:
Նախարար Ժաննա Անդրէասեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` յայտնելով, որ մարզանքը հեռու պէտք է մնայ քաղաքականութենէն: «Մարմնակրթութիւնը պէտք է մարմնակրթութիւն մնայ: Մեր ֆետերասիոնէն բացատրութիւն կը սպասենք` քննարկելու համար առնուելիք քայլերը»:
Նշենք, որ դահուկարշաւի մարզիկներ Միքայէլ Միքայէլեան եւ Գլեբ Մովսէսով, ինչպէս նաեւ երկու աղջիկ դահուկորդներ պէտք է մասնակցին 2026-ի Ողիմպիական ձմեռնային խաղերուն, Միլանի եւ Քորթինայի մէջ: Ողիմպիական ձմեռնային խաղերը պիտի սկսին 7 փետրուարին:


