Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ Ազգային վարչութեան, ուրբաթ, 16 յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Լը Կրէյ» պանդոկի «Լը կրան սալոն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք` ի նպաստ լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն: Ներկայ էին` պետական երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, քաղաքապետներ, ազգային երեսփոխաններ, կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:
Բարի գալուստի խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, պարզեց հաւաքին նպատակը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, լիաբուռն մասնակցութեամբ քաջալերելու սոյն հանգանակութիւնը:
Օրուան խօսքը հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեց թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենադպիր դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան- Խիւտավերտեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ ազգային վարժարանի իւրայատկութիւնը` իբրեւ հաւաքական յիշողութեան վայր, ինքնութեան յենարան եւ բեմ, ուր սերունդներ սորվեցան ու կը սորվին մտածել, զգալ, գործել` մարդավայել եւ հայավայել կերպով, դիտել տալով, որ ազգային վարժարանը միշտ ալ ներկայացուցած է յառաջատար կարեւորութիւն: «Կազմաւորումի բնական եւ հարազատ միջավայրի մէջ հայ աշակերտը կը համալրէ իր մարդկային եւ ազգային ինքնութիւնը, կ՛իրագործէ հոգե-ընկերային հաւասարակշռութիւն, կը զգայ ուրախ եւ ապահով: Նոյն այս մթնոլորտին մէջ կը խթանուի անոր ազգային հպարտութեան զգացումն ու մշակութային եւ քաղաքացիական կեանքի առողջ մասնակցութիւնը` պահելով ինքնուրոյնը եւ միաժամանակ բացուելով աշխարհին: Այս է ազգային վարժարանի առաքելութիւնը, առաքելութիւն մը, որ պիտի շարունակուի, եւ որուն յաջողութեան երաշխաւորները նաեւ բոլորս ենք անխտիր», ըսաւ ան:
Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան նկատել տուաւ, որ ազգային վարժարաններու շրջանաւարտները ամէն տեղ են` Լիբանան թէ սփիւռքեան այլ գաղութներէ ներս, բեմերու վրայ, հայ կեանքի տարբեր մարզերու յառաջատար դիրքեր զբաղեցնող, օտար շրջանակներու մէջ փայլուն ներկայութիւն ունեցող, նոյնիսկ` սոյն սրահէն ներս, հպարտալի տարբեր հանգամանքներով: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ ազգային դպրոցը նաեւ յոյսի միջավայր է, եւ անոր հզօրացումին պէտք է նպաստել` յանուն անհատական եւ հաւաքական յոյսի շարունակութեան, դիտել տալով, որ կան դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, տնտեսական բարդ վիճակ, բայց կայ նաեւ հաւատք, յոյս, հաւաքական կամք եւ պատրաստակամութիւն` օժանդակելու մեր գոյութիւնը երաշխաւորող կրթական կառոյցներուն եւ արտաքին աշխարհին առջեւ մեր դիմագիծն ու յարատեւութիւնը, ուժն ու կենսունակութիւնը ամրագրող ազգային վարժարաններուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան ըսաւ. «Այսօր, այս երեկոյին մեր ներկայութիւնը ազգային վարժարանին ուղղուած պատասխանատու զօրակցութիւն եւ վստահութեան քուէ է: Մեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ներդրում մըն է ոչ միայն մեր դպրոցներուն, այլ` մեր ինքնութեան, մշակոյթին, հաւաքական դիմագիծին ամրապնդումին եւ վաղուան օրուան լուսաւորութեան ի խնդիր: Թող որ մեր դրական զգացումները վերածուին պատասխանատուութեան, մեր հպարտութիւնը` պարտաւորութեան, եւ մեր մասնակցութիւնը` գործնական քայլերու, որպէսզի ազգային վարժարանը շարունակէ լուսաւորել ուղիներ եւ մնայ այն հարազատ վայրը, ուր կը ծնին` գիտակից միտքեր, ազնիւ սիրտեր եւ մարդավայել կեանքին նուիրուած ազգային եւ համամարդկային արժէքներ», եզրափակեց ան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ազգային վարժարաններու գործունէութիւնը արտացոլացնող տեսերիզ մը, որուն մէջ նաեւ կային աշակերտներու, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու վկայութիւններ:
Ա
զգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հաւաքին հիմնական օրակարգը հայ դպրոցն է` մեր համայնքի ամէնէն կարեւոր յենարանը եւ հիմքը, ուր պատրաստուած է լիբանանահայութեան հաւաքական կեանքի մարդուժը, ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ` ամբողջ սփիւռքի: Ան ըսաւ, որ սրահին մէջ հաւաքուած մեր գաղութի ներկայացուցիչները, նաեւ երկրէն դուրս գտնուող ազգայինները միշտ սատար կը կանգնին հայ դպրոցին` քաջ գիտակցելով, որ անիկա անփոխարինելի արժէք է եւ անոր շնորհիւ է, որ իրերայաջորդ սերունդներ կը ստանան իրենց հայեցի դաստիարակութիւնը եւ կառչած կը մնան մեր ազգային արժէքներուն:
Արսլանեան հաստատեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող զանազան տագնապներուն` հայ դպրոցը շարունակեց բարձր պահել իր դրօշը, եւ որպէսզի անոր դռները շարունակեն բաց մնալ, անոր կառոյցներուն մէջ շարունակեն` լսուիլ հայ բանաստեղծութիւնը, կարդացուիլ գրականութիւնը, երգուիլ հայ երգը, լսուին մեր աղօթքները, պարտաւոր ենք բոլորս գուրգուրալու անոր վրայ եւ նպաստելու անոր գոյատեւումին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Արսլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, որ ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք միշտ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն վրայ եւ հասաւ անոր օգնութեան ամէն անգամ, որ անիկա կարիքը ունէր գոյատեւելու եւ դիմադրելու բոլոր տեսակի վտանգներուն, առաջնորդ սրբազան հօր, որ կը շարունակէ առաջնորդարանի գործունէութեան գլխաւոր նպատակը նկատել հայկական վարժարանը, որպէսզի հայ աշակերտը շարունակէ իր ուսումը ստանալ ընկերային առողջ եւ ազգային արժէքներ ջամբող միջավայրի մէջ, նաեւ` նուիրատուներուն, որոնց նուիրատուութեան եւ մնայուն աջակցութեան շնորհիւ` հայ դպրոցը մնաց, եւ լիբանանահայ գաղութը գոյատեւեց:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ երեկոյթը առիթ է գոհունակութեամբ ողջունելու մեր ժողովուրդին կորովը, որուն շնորհիւ մենք կը շարունակենք կառչած մնալ հայ դպրոցին, ուր կենդանի կը պահուին մեր հոգեւոր ու մտաւոր արժէքները, սերունդէ սերունդ անաղարտօրէն կը փոխանցուին` տեսակաւոր վտանգներուն դէմ պաշտպանելու համար հայադրոշմ մեր կեանքը: Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց. «Բացառիկ քաջութիւն եւ անձնուրացութիւն կ՛ենթադրէ հայ դպրոց պահելու գործը: Իրողապէս, ժամանակները երբեք ալ նպաստաւոր չեն եղած հայ դպրոցին համար, սակայն, շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւատքին ու նուիրումին, հայ դպրոցը յաջողած է շքեղ ապագայ պարզել մեր դիմաց: Արդարեւ, հայ դպրոցը կանգուն մնացած է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը զայն միշտ շրջապատած է իր նուիրումով»:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ տեսակաւոր տագնապներ ու հարցեր դիմագրաւող մեր ազգային վարժարանները կարիքը ունին նիւթական ու բարոյական լայն աջակցութեան, եւ հետեւաբար բոլորս ալ պէտք է յիշենք, որ ազգային մեր վարժարաններուն ճամբով պարտականութիւն մը ունինք կատարելիք գալիք սերունդներու հաշուոյն ու վաղուան մեր կեանքին համար:
«Մեր սպասումն ու կոչն է, որ հայ դպրոցին հանդէպ իւրաքանչիւրս արժանապատուութեամբ մեր դերը կատարենք, որպէսզի վաղուան մեր կեանքը ըլլայ դարերով ապրուած մեր ազգի հաւատքին համապատասխանող` յոյսերով լեցուն գիտակից վիճակ: Մեր սպասումն ու մաղթանքն է նաեւ, որ մեր մասնակցութեամբ, ազգային մեր վարժարանները դարձեալ կազդուրուին ու ծաղկին` առիթ ընծայելով, որ մեր հաւաքականութիւնը աւելի մեծ վստահութեամբ դիմաւորէ ապագան», հաստատեց սրբազան հայրը եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւններուն անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ մասնաւորապէս անցնող տագնապալի հինգ տարիներուն նիւթաբարոյական ամբողջական աջակցութեամբ ու հայրական հոգածութեամբ պաշտպանեց մեր ազգային վարժարաններու գործն ու լիբանանահայ մեր կեանքը:
Այս առիթով, ազգային վարժարաններու աշխատանքին նպաստելու ու լիբանանահայ կեանքին զօրակցելու համար, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերուն, «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, մասնաւորաբար` անոր Ֆրանսայի մասնաճիւղին, Պէզիքեան ընտանիքին, նաեւ` սոյն երեկոյթի յաջողութիւնը երաշխաւորող ներկայ ու բացակայ բոլոր նուիրատուներուն, Ազգ. առաջնորդարանի հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիրին մասնակցող լիբանանահայ ու հեռաւոր վայրերու մէջ ապրող բոլոր բարերարներուն:
Եզրափակերով իր խօսքը` սրբազանը ուրախութեամբ յայտնեց, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի բարեբաստիկ առիթով Տուպայէն Մակի Մղտեսեան-Սողոմոնեան, 100,000 ամերիկեան տոլար նուիրելով Լիբանանահայ Ազգային վարժարաններուն, իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ սոյն նուիրահաւաքի ճիգին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց Ազգային առաջնորդարանի գեղեցիկ, հայավայել, ազգանուէր, կրթանուէր նախաձեռնութիւնը: Վեհափառը հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներով կազմուած գաղութներուն մէջ երեք գլխաւոր առանցքները դարձան` Եկեղեցին, դպրոցը եւ ակումբը, իսկ այն գաղութը, որ պայմաններու պարտադրանքով չունեցաւ այս երեք կառոյցները, շատ բան կորսնցուց իր հայութենէն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի հայութիւնը այս երեք կառոյցները ունեցաւ եւ դարձաւ սփիւռքի հայութեան կեդրոնը, նաեւ այս երեք կառոյցներուն մարդ պատրաստող եւ միւս գաղութներուն մարդ ուղարկող կեդրոնը` յորդորելով այդպէս պահել այս գաղութը, միայն անցեալով չհպարտանալ, այլ` անցեալի մեր փորձառութիւնը եւ իրագործումները ծառայեցնել նորը, աւելի լաւը կերտելու եւ ստեղծագործելու:
Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս հայ դպրոցի վերաբերեալ երեք յիշեցումներ կատարեց:
Ա) Հայ դպրոցի սեփականատէրը մեր ժողովուրդն է եւ այդ գաղափարի գիտակցութիւնը պէտք է արմատանայ մեր մէջ: Հայ դպրոցը մեզի է, այս պարագային` լիբանանահայութեան կը պատկանին: Ինչպէս եկեղեցին, ակումբը կը պատկանին մեր բոլորին, հայ դպրոցը եւս հայութեան կը պատկանի, եւ այդ պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ մենք պէտք է նայինք հայ դպրոցին: Վեհափառը հաստատեց, որ պատկանելիութիւն` կ՛ենթադրէ համարատուութիւն, համարատուութիւն` կ՛ենթադրէ թափանցիկութիւն, թափանցիկութիւն` կը նշանակէ պատասխանատուութիւն, աւելցնելով, որ մենք այս նախանձախնդրութեամբ պէտք է նայինք հայ դպրոցին:
Բ) Հայ դպրոցը ազգային, հայկական միջավայր է: Վեհափառը ըսաւ, որ այս օրերուն մենք կը տեսնենք այնպիսի միջավայրեր, որոնք մեր զաւակները մեզմէ կը խլեն ու կը տանին ուրիշ տեղեր, աւելցնելով, որ մենք հպարտ պէտք է ըլլանք, որ հայ դպրոց ունինք` ազգային, հոգեւոր, բարոյական արժէքներով լեցուն միջավայր մը:
Գ) Հայ դպրոցի մակարդակը: Վեհափառը հաստատեց, որ մեր դպրոցները մակարդակ ունին, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ օտար վարժարան պիտի ուղարկենք մեր զաւակները: Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց հայ դպրոցին կարեւորութիւնը եւ հաստատեց, որ մեծ դիրքերու հասած ազգայիններ հպարտ կը զգան, որ ազգային վարժարան յաճախած են: Վեհափառը նկատել տուաւ, որ մեր բոլոր կառոյցները ինքնաբաւ չեն եւ բաց ունին, ու այդ բացը գոցողը մեր ժողովուրդն է:
Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց այդ նախաձեռնութիւնը եւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք մասնակից դարձան սոյն հանգանակութեան եւ փափաք յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը մնայուն դառնայ: Ազգային առաջնորդարանէն ներս հաստատուի առանձին գրասենեակ մը, ցանկ մը ունենանք բարերարներու, որոնք տարեկան իրենց համար պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն նկատեն որոշ ճշդուած գումար մը տալու եւ մասնակից դառնալու ազգային վարժարաններու վերելքին: Մնայուն կառոյց մը եւ գործընթաց մը պէտք է դառնայ Լիբանանի ազգային վարժարաններու օժանդակութիւնը, որպէսզի կարենանք զանոնք պահել կանգուն եւ զօրեղ:
«Ես կ՛ուզեմ, որ լիբանանահայութիւնը իր սփիւռքեան դերը վերաշեշտէ, եւ այդ բոլորին մէջ հայ դպրոցը կարեւոր դեր ունի կատարելիք: Ես այս մտածումներով եւ մանաւանդ այս սպասումով կ՛ողջունեմ ձեր բոլորը եւ անգամ մը եւս կը վստահեցնեմ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս` մեր բոլոր թեմերու պարագային, նաեւ` Լիբանանի պարագային, միշտ կը մնայ զօրակից եւ գործակից ձեզի», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:
Յայտնենք, որ ի նպաստ ազգային վարժարաններուն ցարդ հանգանակուած գումարն է 350.400 ամերիկեան տոլար: Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլորին` իրենց ներկայութեան, աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար:
Հաւաքի գեղարուեստական բաժինով նուագներով իր մասնակցութիւնը բերաւ ջութակահար Շահէ Աւագեան:


