Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ստացած է միանալու Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, եւ այդ կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Իսկապէս, նախագահ Փութին նոյնպէս դիւանագիտական ուղիներով առաջարկ ստացած է միանալու այս Խաղաղութեան խորհուրդին: Մենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք այս առաջարկի բոլոր մանրամասնութիւնները: Յոյս ունինք կապ հաստատել ամերիկեան կողմին հետ` բոլոր մանրամասնութիւնները պարզաբանելու համար», նշած է Փեսքով:

ԹԱՍՍ նաեւ կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահի բանբեր Ռուսլան Ժելտիպայ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւը հրաւիրած է միանալու Կազան կառավարող Խաղաղութեան խորհուրդին եւ Ղազախստանը հրաւիրած դառնալու հիմնադիր պետութիւններէն մէկը:

Թոքայեւ պատասխան-նամակով համաձայնութիւն յայտնած է:

«Համաշխարհային շարք մը ղեկավարներու յայտարարութիւններէն ետք, սխալ պիտի ըլլայ թաքցնել նախագահի Տանըլտ Թրամփէն նման պաշտօնական խնդրանք ստանալու փաստը: Այո՛, նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ առաջին համաշխարհային ղեկավարներէն մէկն էր, որ պաշտօնական հրաւէր ստացաւ միանալու Խաղաղութեան խորհուրդին, իսկ Ղազախստանը պիտի դառնայ հիմնադիր պետութիւններէն մէկը», նշած է Ժելտիպայ:

Թրամփ նաեւ հրաւիրած է Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոյեւը, որ ընդունած է հրաւէրը:

 

Նախորդը

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Յաջորդը

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային  Արկածը Զոհեր Պատճառեց
Միջազգային

Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային Արկածը Զոհեր Պատճառեց

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.