«Երեւանն է խօսում…»:
Տասնամեակներ շարունակ, սփիւռքահայերս, մանաւանդ` Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ ապրող գաղութահայեր, մեծ թէ փոքր, բոլորս, ամբողջ օրուան մը խոնջէնքէն եւ պարտաւորութիւններէն ետք, ձմեռ երեկոներ, շատ յաճախ ընտանիքներով ու զաւակներով, կը խմբուէինք ու կը բոլորուէինք մեր ապրած թաղի մէջ մեզմէ մէկու մը տան մէջ, նոյնիսկ երբեմն վրայ վրայի ու մեծ անհամբերութեամբ, աւելի շատ ոգեւորութեամբ կը սպասէինք այդ նուիրական ժամը, որպէսզի լսէինք Երեւանի ռատիոն… Երեւանի ձայնը, հայ խօսնակի կամ խօսնակուհիի ջերմ ու զուլալ ձայնը, որ կ՛ըսէր. «Երեւանն է խօսում»…ու այդ պահուն կը հնչէր ծանօթ ամէնօրեայ զուարթութիւն բուրող եղանակը` զեփիւռի նման շոյելով նախ մեր դէմքերը, ապա սիրտերը եւ հուսկ ապա` հոգիները:
Մենք` թաղի հայ բնակիչներս, այդ պահերուն գրեթէ վերացած, մեր շունչերը կտրած` խոր լռութեան մէջ կ’ունկնդրէինք Հայաստանի ձայնը կ՛ուրախանայինք մանուկներու նման եւ շատ յաճախ կ՛ոգեւորուէինք` գինովնալու աստիճան, նոյնիսկ ոմանք երաժշտութեան կարօտաբոյր ազդեցութեան տակ կու լային ու կը թափէին երջանկութեան արցունք… «Երեւանն է խօսում…»:
Այսօր տարիներ անցած են այդ երանելի օրերէն ու այդ խնկելի յիշատակներէն: Երբեմնի զուարթ ու բարեբոյր Միջին Արեւելքը կորսնցուց իր երէկի համով-հոտով առօրեան ու նիստուկացը, եւ հայագաղութներ ենթարկուեցան արհեստական դիտումնաւոր ցնցումներու, որոնց ազդեցութեան տակ երբեմնի հայկականութիւն բուրող թաղերու մէջ չմնացին հայ զանգուածներ: Շատեր արտագաղթեցին ակամայ, շատեր` կամովին, եւ վերջ գտաւ նախկին խանդավառ հայ կեանքը, ու բնականաբար այլեւս չի լսուիր Երեւանի ձայնը… Ափսո՜ս… հազա՛ր ափսոս… ի՜նչ հաճելի օրեր էին, որոնց կարօտը եւ յիշատակը կ՛ապրինք` դժգոհելով մեզի պատճառուած բախտէն ու ճակատագրէն:
Հիմա շատ բան փոխուած է Միջին Արեւելքի մէջ: Ցիրուցան եղան հայագաղութներու երէկի բնակիչները: Կայ յստակ մէկ բան. ոխերիմ թշնամին հասաւ իր նպատակին… Այո՛, կար ժամանակ, երբ մեր ոխերիմ թշնամին կը յայտարարէր.
– Ես չեմ վախնար Հայաստանէն, ես կը վախնամ հայ սփիւռքէն…
Այսօր կը ցաւինք, որովհետեւ ունինք երկու սփիւռք: Հին սփիւռք եւ նոր սփիւռք: Հին սփիւռքը կամաց կամաց կը մաշի… Հալէպ, Պէյրութ, Գահիրէ, Պաղտատ, Դամասկոս, Երուսաղէմ, Կիպրոս, Ամման, բոլորն ալ կորսնցուցած են իրենց նախկին հմայքը… չկայ նախկին «Երազային Հալէպը»… կամ` սփիւռքահայութեան «միջնաբերդ» նախկին Պէյրութը… կամ` այլ գաղութներու որակն ու քանակը եւ դիմադրողականութիւնը: Չզարմանանք… պատահականութեան արդիւնք չէին այս բոլորը… կար ու կայ անտեսանելի դաժան ձեռք մը, որ կ՛ուզէ` հարուածել Միջին Արեւելքը, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ազգային դիմագիծը, նկարագիրը, ազգային եկեղեցին եւ բաժան բաժան ընել ժողովուրդները: Հայաստանի անկախացումէն ետք, երբ ազատագրուեցաւ Արցախը, նշեցինք հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700-ամեակը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն սրբադասումը… Այս բոլորը անհանգստացուցին նախ մեր հակառակորդները ու նաեւ` Արեւմուտքը, որոնք ի յառաջագունէ երկիրներու եւ պետութիւններու յարաբերութեանց մէջ առաջին անգամ կը հետապնդեն իրենց ՇԱՀԸ… եւ ուրեմն, կը քծնին քարիւղի ու խաւիարի առջեւ եւ կը դիմեն գեհենային ծրագիրներու` փճացնելու համար փոքր ժողովուրդները:
Այսօր, ճիշդ է, կամաց կամաց կը հիւծի հին սփիւռքը` կամայ-ակամայ… սակայն մխիթարութիւն եւ գոհունակութիւն է, որ հին սփիւռքի ազգասէր ու հայրենասէր զանգուածներ տակաւին կը յամառին յանձնուիլ արհեստական բախտի քամիին ու ճակատագրի ոդիսականին ու հակառակ բազմապիսի մարտահրաւէրներու` կը դիմանան, կը դիմադրեն, կը տոկան եւ կը պահեն` ազգային արժէքները, մեր դարաւոր կառոյցները, լոյսի ակունք վարժարանները, եկեղեցիները, միութիւնները, հայ տպագիր մամուլը` իրենց նայուածքները յառած միշտ Արարատին, դէպի արեւելեան կողմն աշխարհի, Հայաստանին ու անոր մայրաքաղաք Երեւանին ու անկէ հասնելիք բարի խապրիկներու, յուսալով, որ հոնկէ շուտ կը հեռանան Հայաստանի երկնակամարին վրայ կուտակուած գորշ-գորշ ամպերը… շուտ վերջ կը գտնեն ազգամիջեան «սեւ եւ ճերմակ» բաժանարար գիծերն ու անհասկացողութիւնները, շուտ կը փարատի իշխանութիւն-Մայր Աթոռ տարակարծութիւնը, եւ հոն իրապէ՛ս կը տիրեն խաղաղութիւն, եղբայրասիրութիւն, եւ դարձեալ ու նախկին խանդավառութեամբ կը հնչէ «Երեւանն է խօսում» եզրոյթը` մտնելով սրտերէ եւ հոգիներէ ներս, հրաւիրելով բոլորս` համախմբուելու Արարատի հովանիին տակ: Կը յուսանք ակնկալելով…



